Շաբաթ, 25 Դեկտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի եւ հովանաւորութեամբ Առաջնորդարանէն ներս վերջերս հաստատուած «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Վասն խաղաղութեան հայոց աշխարհի» ընդհանուր խորագիրը կրող սրբազան համերգ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութէն ընտրուած մասնագէտ երգիչներ եւ նուագողներ, խմբավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հ. Հ. վաստակաւոր արուեստագէտ Պերճ Քիրազեանի:
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւող հայ եւ միջազգային յօրինողներու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերով յագեցած սրբազան համերգին ներկայ եղան Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասը, Ազգային վարչութեան անդամներ, բարերարներ, բարեկամներ, ինչպէս նաեւ դասական երաժշտութեան սիրահար հոգիներ ու պատկառելի թիւ մը երիտասարդներու, թիւով աւելի քան 500 հոգի:
Անբարենպաստ օդն ու համաճարակային առօրեան պահ մը մոռացութեան տուած՝ գեղեցկօրէն զարդարուած եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ խմբուած հայորդիք տօնական մթնոլորտով ցնծուն եւ բարձրորակ արուեստով յորդուն երեկոյ մը ապրեցան՝ շնորհիւ ամիսներ խլած այն բծախնդիր, խնամուած յայտագրին ու մասնագիտական փորձերուն, որոնք տեղի ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցմունքներով, Տիար Քիրազեանի ղեկավարութեամբ եւ այս ծրագրի յաջողութեան համար քով-քովի բերուած ընտրեալ մասնագէտ երգիչ-նուագող-խմբավար եռեակի բարձրորակ կատարողութեամբ:
Այսուհանդերձ, եթէ չըլլար ծրագրի հովանաւոր՝ նորահաստատ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամը, նման ծախսալից համերգ մը իրականացնելը պիտի շարունակէր երազ մնալ համայնքին կեանքէն ներս, ուր շատոնց ի վեր, հացի ու ջուրի պէս ընդգծուած կարեւորութեամբ մը կը զգացուի կարիք, ներշնչող ու հոգեպարար նմանօրինակ ձեռնարկներու: Վարձքը կատար բոլորին, ու մանաւանդ եկեղեցւոյ բոլոր պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ աշխատողներուն, որոնք ամենայն մանրամասնութեամբ նպաստեցին սրբազան համերգի յաջողութեան:
Երեկոն՝ սկիզբէն մինչեւ աւարտ, ձայնային արուեստի բարձրորակ կտաւ մըն էր, ուր տիրապետող գոյնը ադամանդի երանգներն էին. սոփրանոներ՝ Անահիտ Ներսիսեան, Հեղինէ Ասատրեան եւ Քրիսթինա Տաւլաթեան, թենոր՝ Պերճ Քիրազեան եւ պաս Վահագն Հովենց, երաժշտական աշխարհի մէջ իրենք իրենց հասատատած անուններ են, որոնք իրենց անթերի կատարողութեամբ եւ հմտութեամբ մեծապէս նպաստեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդի լաւագոյնս ճաճանչման, ներկաներու հոգիներուն մէջ: Այդ երեկոյ երկինք ու երկիր միասնաբար ցնծացին, մինչ երկնային եւ երկրային էութիւններու միացման ոգեղէն վայրը՝ Աստուծոյ Ս. Տաճարը, վերածուեցաւ հայ եւ օտար եկեղեցական երգերու մոգական քաղցրահունչ համանուագի:
Արդարեւ, գեղարուեստական բացառիկ ու փնտռուած վայելք մը ապրեցան ներկաները սրբազան համերգին ընդմէջէն, որուն բացման խօսքը կատարեց Ազգային Առաջնորդարանի հաղորդումներու բաժնի պատասխանատու Ալեքս Սրկ. Գալայճեան: Համերգի առաջին բաժինով գեղահիւսօրէն իրարու ետեւէ հնչեցին Ֆրանց Կռուպերի «Լուռ Գիշեր»ը, Հայ Եկեղեցւոյ գոհարներէն՝ Մովսէս Խորենացիի «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի», Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Այսօր Տօն է Ս. Ծննդեան», Խորէն Մէյխանաճեանի «Քրիստոս ի Մէջ Մեր Յայտնեցաւ», Շահան Պէրպէրեանի «Քրիստոս Պատարագեալ», Արա Պարթեւեանի «Մայր եւ Կոյս» եւ Կոմիտաս Վարդապետի «Զանճառելի Լուսոյ Մայր», «Ով Զարմանալի», «Այսօր Ձայնն Հայրական» անուն շարականները, իսկ երկրորդ բաժինով՝ օտար հռչակաւոր յօրինողներու գործերէն փունջ մը, ինչպէս՝ Վիւալտիի «Կլորիա»ն եւ «Լոտամուս Թէ»ն, Սթրատելլայի «Փիեթա Սինիորէ»ն, Շուպերթի «Աւէ Մարիա»ն, Ռոսսինիի «Տոմինէ Տէուս»ը, Հայտընի «Քանզոնեթթա»ն, Մասքանիի «Աւէ Մարիա»ն, Սեզար Ֆրանքի «Փանիս Անճելիքըս»ը, Լիրոյ Անտըրսընի «Սլէյ Ռայտ»ը, Նիկրօ Սփիրիչուըլի «Երբ Իսրայէլ Եգիպտոս Էր»ը, Ռենտըրի «Փոքրիկ Քաղաք Բեթլեհեմի»ն, Ուէյտզի «Ո՜հ Եկէք, Բոլոր Հաւատացեալներ» եւ Մանտըլսընի «Լսեցէք, Կ՛երգեն Հրեշտակք» ծննդեան երգերը, իրենց բնագրին համապատասխան լեզուներով:
Ձեռնարկի աւարտին, սրբազան համերգին առթած հիասքանչ տպաւորութեան ազդեցութեան տակ, յոտնկայս ու երկար ծափահարեց դահլիճը ե՛ւ երգիչներուն, ե՛ւ բոլոր նուագողներուն, գեղարուեստական ղեկավարին ու խմբավարին: Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ խօսքով հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ ներկաներուն երախտագիտական ապրումներուն՝ ըսելով, որ իրաւամբ մենք բոլորս կարօտցած էինք, բառին ամբողջական ու վաւերական իմաստով, այսպիսի որակաւոր ձեռնարկներու եւ երաժշտական նման գոհարներ լսելու ու վայելելու առիթին, որպէսզի լեցուէինք աստուածային շնորհներով եւ մշակութային բարձրորակ արժէքներով: Ան միաժամանակ դիտել տուաւ, որ «բազմերանգ այս երեկոյին Աստուած եւ մարդը հանդիպեցան իրարու, երկինք ու երկիր կապուեցան միասին եւ գեղեցկահիւս շարականներէն սկսեալ հնչած բոլոր երգերը հանդիսացան առիթ, որ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Սաղմոսերգուին բառերով, դառնայ ականջը Աստուծոյ, եւ մենք, մեր աղօթքներն ու ներքին յոյզերը այսօր միախառնեցինք ներկայացուած շարականներուն ու երգերուն եւ առաքեցինք դէպի կապոյտ գմբեթ, որպէսզի Աստուած ականջալուր դառնայ մեր բոլոր աղօթքներուն ու խնդրանքներուն եւ իր շնորհները առատօրէն հոսեցնէ մեր բոլորին կեանքին մէջ»:
Բարձր գնահատելով եւ շնորհաւորելով գեղարուեստական ղեկավար Պերճ Քիրազեանի ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ արուեստագէտի արժանիքները, ինչպէս նաեւ բոլոր երգիչները, նուագողներն ու խմբավարը, այլեւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը՝ իր ատենապետով, անդամներով ու նուիրեալներու փաղանքով, Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ «այսօր այս բեմէն ոչ թէ ձայներ կը լսուէին, այլ որակ էր, որ կը հոսէր: Որակաւոր երգեցողութիւն եւ մատուցում, որակաւոր ընկերակցութիւն լարաւոր գործիքներու եւ դաշնամուրի ու երգեհոնի վրայ, որոնք պահ մը մեզ կտրեցին աշխարհէն ու աշխարհայինէն եւ կապեցին երկինքին եւ երկնայինին հետ, անմիջապէս մեզ հրաւիրելով՝ համախմբուիլ աստուածային օրհնեալ շնորհներուն ներքեւ: Այսօրուան այս համերգը կու գայ մեր բոլորին յիշեցնելու, որ մեր կեանքին մէջ արժէքներ կան, որոնց ականջալուր դառնալու եւ զանոնք տեսնելու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս: Այսօրուան համերգը կու գայ ըսելու մեզի, որ երբեմն մենք պիտի փակենք մեր ականջները աշխարհին դէմ եւ զանոնք բանանք Աստուծոյ ու երկինքին առջեւ»: Սրբազան Հայրը նաեւ բարձր գնահատեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը՝ ընդգծելով, որ բոլոր անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց հօր՝ Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Մհերին, հաւատարիմ սիրով կապուած են ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմին եւ մասնաւորապէս Ազգային Առաջնորդարանին, ապա շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, որ «այս պահուն Սաթիկի հոգին կը բերկրի երկինքի մէջ»:
Վեր առնելով արժէքը՝ մեր ներկայ աշխարհի եւ մարդոց կեանքին մէջ ամէնէն աւելի փնտռուած եւ գրեթէ անգտանելի դարձած խաղաղութեան, Թորգոմ Եպս. հաստատեց, որ այս համերգը կոչուեցաւ «Վասն խաղաղութեան հայոց աշխարհի» այն խորին հաւատքով, որ հայրենիքի եւ հայրենական ժողովուրդի կեանքին մէջ ներկայիս ամէնէն կարեւոր եւ էական բանը խաղաղութիւնն է, խաղաղութիւն՝ սահմանները պաշտպանող հայոց բանակի զինուորներու հոգւոյն մէջ թէ իւրաքանչիւր հայ անհատի կեանքէն ներս, եւ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ մաղթանքով. «Թող որ այսօրուան համերգը հովին հետ երթայ դէպի մայր հայրենիք եւ նպաստէ խաղաղութեան հաստատման, մեր երկրին, հայրենեաց քոյր-եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր անկիւնները գտնուող եւ հայկական արժէքներով բաբախող իւրաքանչիւր հայ անհատի սրտին մէջ»:
Հուսկ, առաջնորդութեամբ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եւ մասնակցութեամբ բոլոր ներկաներուն, հինգ մենակատարները «Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ»ը հնչեցուցին՝ փառաւորելով Քրիստոսի ծնունդը, ապա Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»ով փակեց համերգը, որուն հոգեթով երաժշտութեամբ իրենց հոգիները լեցուցած բազմահարիւր ներկաներ ցնծագին մեկնեցան իրենց տուները:
Յայտնենք, որ սրբազան համերգի լարային նուագարաններու գործիքաւորումը կատարեց յօրինող Լուսինէ Սիմոնեան, իսկ նուագախումբին մաս կազմեցին Արմէն Մանկասարեան (ջութակ, նուագախումբի ղեկավար), Ռուզաննա Սարգսեան (ջութակ), Հռիփսիմէ Եփրեմեան (ջութակ), Յովհաննէս Մեղրիկեան (ջութակ), Քաթերինա Քոլեսնիք (ջութակ), Սահակ Կարապետեան (ալտ), Արսէն Յովսէփեան (ալտ), Յովիկ Յովհաննիսեան (թաւջութակ), ընկերակցութեամբ Արմենուհի Տէրտէրեանի (դաշնամուր եւ երգեհոն):