His Holiness Catholicos Aram I’s Christmas Message

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴՒՈՅՆ ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ՀՐԱՒԷՐ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ

Եբրայեցւոց ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ ըսելով՝ “չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք” (2, 1)։ Անհրաժեշտ է արթնութեան ու զգաստութեան հրաւիրող Առաքեալին այս կոչը լուսարձակի տակ բերել ա՛յս օրերուն մանաւանդ, երբ կը պատրաստուինք հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու աշխարհի Փրկչին ծնունդը։ Եկէք նախ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք վերոնշեալ երեք բառերուն վրայ.-

1. Փրկութիւն.- Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր էջին ու նոյնիսկ նախադասութեան մէջ փրկութիւնը, որպէս Աստուծոյ պարգեւը մարդուն, տիրական ներկայութիւն է։ Փրկութիւնը նպատակն իսկ է Աստուծոյ յայտնութեան։ Իր անձին ու գործին ճամբով Աստուած ինքզինք յայտնեց՝ մարդուն եւ ողջ ստեղծագործութեան փրկութեան համար։ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը Աստուծոյ փրկագործական յայտնութեան պսակումն է։ Քրիստոսով՝ աստուածային փրկագործական յայտնութիւնը դարձաւ փրկագործական առաքելութիւն։ Փրկութիւնը մարդուն եւ մարդուն կողմէ ապականուած ստեղծագործութեան վերստեղծումն է եւ ազատագրումը՝ մեղքի կալանքէն ու չարի տիրապետութենէն։

2. Ճամբայ.- Առաքեալը փրկութիւնը կը բնութագրէ որպէս ճամբայ։ Արդարեւ, Քրիստոս մեզ Աստուծոյ հետ հաշտեցուց (Բ. Կորնթ. 5. 18), եւ իր խաչով ու յարութեամբ մեր առջեւ բացաւ դէպի փրկութիւն առաջնորդող ճամբան։ Արդ, փրկութիւնը աստուածային միջամտութեամբ իրագործուած եւ մարդուն տրուած երկնային շնորհք մըն է։ Ան Քրիստոսով իրագործուած դէպք մըն է ու միաժամանակ ընթացք մը՝ եկեղեցւոյ վկայութեամբ շարունակուող։ Փրկութեան երկնային շնորհքին անդրադառնալ կ’ենթադրէ Քրիստոսի հաւատալ ու Քրիստոսի հաւատալ, կը նշանակէ քրիստոսակեդրոն կեանք ապրիլ։ Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ թող ետեւէս գայ՝ խաչին խորհուրդն ու պատգամը ապրելով իր կեանքին մէջ (Մատթ. 16. 24)։

3. Հեռանալ.- Քրիստոսի հետեւիլը, այլ խօսքով՝ երկրաւոր կեանքին մէջ երկնայինը ապրիլը դիւրին չէ։ Աստուծոյ Որդին զանազան առակներու ճամբով յիշեցուց իր հետեւորդներուն, թէ փրկութեան շնորհքին արժանանալու համար էական է մեր կեանքին մէջ գործնապէս արտայայտել հաւատք ու հաւատարմութիւն, սէր ու ծառայութիւն։ Ահա թէ ինչու Առաքեալը զգուշութեան կոչ կ’ուղղէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, զանոնք հրաւիրելով ամուր պահելու իրենց հաւատարմութիւնը Քրիստոսի աշխարհ բերած ուսուցումներուն ու ճշմարտութիւններուն։

Ա՛յս է նաեւ սրբազան պարտաւորութիւնը եկեղեցւոյ՝ առաքեալներուն կողմէ փոխանցուած։ Եկեղեցին կոչուած է.-

– ցոյց տալ փրկութեան ճամբան իր կեանքով ու ծառայութեամբ, խօսքով ու գործով.

– օգնել քրիստոնեայ մարդուն ապաշխարութեան ճամբով բացուելու փրկութեան երկնային շնորհքին.

– դէպի փրկութիւն առաջնորդել Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը.
buy cialis professional generic https://buynoprescriptionrxonline.net/cialis_professional.html over the counter

– յիշեցնել, որ Քրիստոս ի՛նքն է մարդու փրկութեան միակ ապաւէնը։

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Աստուծոյ հրեշտակները Քրիստոսի ծնունդը աւետեցին որպէս ծնունդը համայն մարդկութեան Փրկչին։ Քրիստոս ճշմարիտ ու միակ փրկիչն է աշխարհին։ Ան մարդացաւ ու մարդուն հետ նոյնացաւ, որպէսզի իր աստուածաստեղծ պատկերը եղծած մարդուն մէջ վերականգնէ Աստուծոյ ներկայութիւնը, որպէսզի իր աստուածատուր կոչումէն շեղած մարդը վերադարձնէ իր հարազատ կոչումին, որպէսզի իր Երկնաւոր Հօրմէն հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ. այլ խօսքով, որպէսզի մարդը առաջնորդէ դէպի փրկութիւն։

Աստուածաշնչական այս ճշմարտութիւնը ամուր հիմքն է քրիստոնէական հաւատքին։ Քրիստոսի աշակերտները աշխարհին այսպէ՛ս ներկայացուցին Քրիստոսը՝ իր ծնունդով ու առաքելութեամբ։ Ուստի, այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Նոր Կտակարանին։ Այսպէս հարկ է ըմբռնել նաեւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։

Ներկայ աշխարհը լեցուն է այնպիսի երեւոյթներով. որոնք մարդը կը հեռացնեն Բեթղեհէմով բացուած փրկութեան ճամբէն։

Ներկայ աշխարհը տիրապետուած է այնպիսի ժխորով, որ թոյլ չի տար լսել Փրկիչին ծնունդը աւետող հրեշտակներուն ձայնը։

Ներկայ աշխարհը մարդուն առջեւ բացած է դէպի փառք ու դիրք, դրամ ու հաճոյք առաջնորդող այնպիսի ճամբաներ, որոնք խաւարով պատած են փրկութեան տանող ճամբան։

Չմոռնանք, որ փրկութեան ճամբան՝ Բեթղեհէմով աշխարհին առջեւ բացուած ճամբան է։ Հարկ է քալել այս ճամբէն։

Չմոռնանք, որ փրկութեան ճամբան ապաշխարութիւնն է, ո՛չ թէ սոսկ խօսքով, այլ ինչպէս կը յորդորէ Ղուկաս Աւետարանիչ, “գործով ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք” (3. 8)։

Չմոռնանք, որ փրկութիւնը սիրով շաղախուած ու ծառայութեամբ լեցուած ճամբան է։ Հարկ է ուղղուիլ դէպի ա՛յս ճամբան։

Չմոռնանք, որ փրկութիւնը հաւատքով զսպանակուած ու հաւատքը գործի վերածելու յանձնառութեամբ ապրուած կեանքն է։ Հարկ է ապրի՛լ այս կեանքը, սպասելով Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։

Ահա այն ատեն միայն արժանի կը դառնանք Աստուծոյ փրկութեան շնորհքին, որովհետեւ փրկութիւնը ո՛չ մեր արժանիքին եւ ոչ ալ մեր ճիգին ու գործին արդիւնքն է, այլ Աստուծոյ պարգեւն է (Եփես. 1. 8-9)։ Արդ, այնպէս պէտք է ապրինք մեր կեանքը, որ արժանի դառնանք Աստուծոյ երկնային պարգեւին ու փրկութեան շնորհքին։ Մեր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ միշտ լսենք Առաքեալին յորդորը.- Չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք։

Աստուածայայտնութեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանը, Վսեմաշուք Վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց նորանոր իրագործումներով հարուստ հայրենանուէր ծառայութիւն։

Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրենց շնորհէ աստուածահաճոյ գործերով լեցուն երկար գահակալութիւն։

Հայրական սիրով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները, եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմէն ճառագայթող լոյսով պայծառակերպէ իրենց կեանքը։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

6 Յունուար, 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022