Job Opening

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող Հայերէնի Վերականգնումի Մարմինը, իբրեւ արդիւնք իր երկարաշունչ աշխատանքին, վերջին ամիսներուն մշակած է Հայերէն լեզուի վերակենսաւորման ու տարածման միտող ռազմավարական ծրագիր մը, որ կը կարօտի գործնական նախագիծի մը, որպէսզի դրուի գործադրութեան։

Այս մեկնակէտով, Մարմինս պէտք ունի անձի մը, որ մշակէ գործնական ծրագիր մը, ճշդուած ժամանակացոյցով եւ համապատասխան պիւտճէ/նախահաշիւով։

Այս աշխատանքը ունի ժամանակաւոր բնոյթ եւ պէտք է ամբողջանայ 3 ամսուան մէջ։ Թեկնածուն իր աշխատանքը պիտի տանի Մարմինին հետ սերտ գործակցութեամբ, ու անոր տեղեկագրելով երկու շաբաթը անգամ մը։

ԹԵԿՆԱԾՈՒԷՆ Կ ‘ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ

– Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներու կատարեալ իմացութիւն, բերանացի եւ գրաւոր արտայայտուելու կարողութիւն:

– Ծրագիրներու մշակման եւ վերահսկողութեան փորձառութիւն (նախընտրաբար MBA կամ համազօր վկայականով):

– Փորձառութիւն ծրագիրներու մատուցման (marketing) եւ հանրային յարաբերութեան (public relation) մէջ։

– Յանձնառութիւն՝ խնդրոյ առարկայ ծրագիրին ու անոր նպատակներուն հանդէպ, որն է զարկ տալ հայերէնով խօսակցութեան-հաղորդակցութեան։

– Առաջնորդելու եւ վարչագիտութեան կարողութիւններ։

– Ծանօթ ըլլալ Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքի իրականութեանց եւ ենթակառոյցներուն՝ յարանուանական առաջնորդարաններ ու կեդրոններ, դպրոցական ցանցեր, միութիւններ-կազմակերպութիւններ եւայլն։

– Անցեալին կամ ներկայիս անդամակցած ըլլալ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հայկական կազմակերպութեանց. օրինակ՝ մշակութային, մարզական, բարեսիրական, սկաուտական կամ այլ։

– Հետաքրքրուողներ կրնան դիմումնագիր եւ իրենց մասին հակիրճ տեղեկագրութիւն (CV) եւ յարակից ծանօթութիւններ ներկայացնել Ազգային Առաջնորդարան (նամակատան կամ ել-նամակի միջոցով), մինչեւ 15 Փետրուար 2016։

Հասցէ.-

Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America ATTN: Mr. Sarkis Mahserejian 6252 Honolulu Ave.
buy Viagra Black generic https://newonlineandblo.com over the counter

La Crescenta, CA 91214

E-mail: sarkism@westernprelacy.org

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել Տիար Ժորա Մանուչարեանին, 818-469-1186 թիւով։

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022