Prelate Allocated more than Three Million Dollars to All Prelacy Schools

«Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող Ազգային վարժարանները յաղթական պայծառ հորիզոններու ընդառաջ կանգնած, մնայուն զարթօնքի, նորաւէտ փթթումի եւ անմնացորդ ծաղկումի նշանակալի խորհուրդին մէջ աճ կ՛արձանագրեն, կը զարգանան ու կը բարգաւաճին, հարստացնելով մեր ազգի կեանքը, մեր բոլորին սրտերը լեցնելով հպարտութեամբ եւ ցնծութեամբ», հաստատեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ուրբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2022-ին, իր հրաւէրով Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ խմբուած Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, Ազգ. վարժարաններու տնօրէններու եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներու, որոնք Սրբազան հօր ձեռամբ ստացան աւելի քան երեք միլիոն արժողութեամբ ($3,000,000) վճարագրեր, ներկայ տարեշրջանի ընթացքին, Ազգ. Առաջնորդարանի ճամբով, բարերարներու կողմէ տրամադրուած շուրջ տասը միլիոն ($10,000,000) տոլարի յատկացման ծիրէն ներս:

Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նիւթական այս գումարը պիտի գործածուի Ազգ. վարժարաններու վերակազմակերպական, արդիականացման եւ առաւել ծաղկումի ծրագիրներուն, որպէսզի յառաջդիմութիւնը ըլլայ տեսանելի՝ կրթական կեանքի բոլոր մակարդակներու վրայ: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Գործադիր իշխանութեան, Կրօնական ժողովին եւ Ազգ. վարչութեան բարձր գնահատեց Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ազգ. վարժարաններու տնօրէններն ու Ուսումնական մարմինները, բոլոր ուսուցիչներն ու նուիրեալները, որոնք իրենց առաւելագոյն ջանադրութեամբ պայծառ կը պահեն Հայ Եկեղեցւոյ կանթեղն ու մաշտոցեան ճրագը եւ ազգային դաստիարակութեան ընդմէջէն կը պատրաստեն հայեցի կրթութեամբ կոփուած սերունդներ:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ նուիրատուներու մասին, որոնք կը հաւատան հայ դպրոցի առաքելութեան. «Բի՜ւր օրհնութիւն բոլոր այն բարերարներուն, որոնք սատար կը հանդիսանան հայկական վարժարաններու յառաջդիմութեան եւ իրենց քսակէն բաժին կը հանեն ազգի զաւակներու հայօրէն զգալու, ապրելու եւ գործելու կրթական այնքան էական գործին»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ ըսաւ, որ այս հանդիպման նպատակը միայն նիւթական զօրակցութիւնը չէ, այլեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր մտայղացման մարմին տալով՝ ուզեցինք համախմբուիլ Ազգ. Առաջնորդարանի ծածկին տակ, որովհետեւ մենք բոլորս նուիրեալներ ենք, հետեւաբար, իրաւունք ունինք նաեւ միասին ուրախանալու Ազգ. մեր վարժարանները կանգուն պահելու միտող եւ մեր աշակերտութեան հայեցի կրթութեան նպաստող նախաձեռնութեանց համար:

Ազգ. վարչութեան ատենադպիր եւ Ազգ. վարժարաններու կապ Տիար Ճորճ Չորպաճեան իր կարգին ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ Ազգ. վարժարանները ծաղկման առաջնորդող համախմբումին առիթով եւ տնօրէններուն ու կրթական պատասխանատուներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, որ Ազգ. Առաջնորդարանը տունն է մեր վարժարաններու նուիրեալներուն, յիշեց, որ ինչպիսի բարձր տպաւորութեամբ արտայայտուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ կարճ ժամանակ առաջ այցելած էր մեր գաղութը եւ շրջագայած մեր վարժարանները՝ աւելցնելով, որ երկու տարիէ ի վեր Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով Ազգ. Առաջնորդարանը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լիբանանի Ազգ. վարժարաններու աշակերտութեան: Այնուհետեւ խօսք առաւ Խնամական մարմնի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան եւ շնորհակալակալութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին՝ յիշելով նաեւ, թէ ինչպէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ հայերէնաւանդ ուսուցիչները զանազան առիթներու զանազան ձեւերով կը մեծարուին:

Իրենց կարգին խօսք առին նաեւ Ազգ. վարժարաններու տնօրէնները՝ երախտագիտութիւն յայտնելով մասնաւորաբար Առաջնորդ Սրբազանին եւ ընդհանրապէս Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքին՝ դիտել տալով, որ անոնք զանազան ձեւերով եւ ընդարձակ ծաւալով զօրավիգ կը կանգնին Ազգ. վարժարաններու յաղթական գոյերթին:

Տնօրէնները նաեւ խնդրամատոյց եղան Առաջնորդ Սրբազանին, որ համաճարակի պատճառով ձգձգուած առաջնորդական իր անդրանիկ այցելութիւնները Ազգ. վարժարաններուն, ամենամօտիկ ապագային իրականութիւն դառնան, քաջ գիտնալով, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը հոգեւոր եւ տօնական բացառիկ մթնոլորտ պիտի ստեղծէ ընդհանրապէս վարժարաններու եւ մասնաւորաբար աշակերտութեան կեանքէն ներս:

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022