Prelate’s Call to Support the Armenian American Museum Groundbreaking Campaign

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Հայրական սիրով կ’ողջունեմ բոլորդ եւ գոհունակ սրտով կը յայտնեմ Ձեզի, թէ մեր շրջանին մէջ տարիներու երազ մը հասած է իրականացման սեմին։ Կլենտէյլի մէջ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի մը կառուցման ծրագիրը այսօր կը կանգնի գործնական աշխատանքներու մեկնարկին սկզբնաւորութեան, ինչ որ ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէ մեզ՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի բոլոր զաւակներս։

Ինչպէս գիտէք, մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Թանգարանի հիմնադիր խորհուրդը Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հետ եզրակացուց ճշդուած կալուածին գործածութեան համաձայնագիրը, ըստ որուն, քաղաքամէջի բանուկ մէկ շրջանին մէջ, Պրէնտէն արեւմուտք, Քոլորատօ պողոտային վրայ, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին կից, այժմու հանրային պարտէզին վայրը, ընդարձակ հողաշերտ մը կը տրամադրուի այս ծրագիրին իրականացման համար։

Երկարաշունչ աշխատանքի արդիւնք եղող այս համաձայնագիրը ազդանշանը կը հանդիսանայ ծրագիրին իրականացման։ Ծանօթ է, որ Թանգարանի ծրագիրը կը վայելէ Քալիֆորնիոյ նահանգի ու Կլենտէյլի քաղաքապետութեան նիւթական ու բարոյական զօրակցութիւնը, եւ պիտի հանդիսանայ մեր պատմութեան ու մշակոյթին վրայ լայն պատուհան մը բացող կոթողական հաստատութիւն մը, միաժամանակ՝ ամերիկեան այս հայրենիքին մէջ հայութեան ներդրումին մէկ արտացոլացումը։

Այս ծրագիրը ծնունդ առաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ կարեւոր տեղ պիտի ունենայ մեր Դատին ծանօթացման աշխատանքներուն մէջ։ Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, գործնական աշխատանքներու մեկնարկը տեղի կ’ունենայ այն օրերուն, երբ կը տօնախմբենք Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումի 27-րդ տարեդարձը։ Հետեւաբար, անդրանիկ հանրապետութեան ամուր հիմնաքարը եղող սարդարապատեան ոգին այսօր ալ պիտի համակէ մեզ, բոլորուելու համար այս ծրագիրին շուրջ եւ համահայկական ճիգերով գործի սկսելու։

Պատկառելի ծրագիրը պիտի իրականանայ հանգրուանային կերպով եւ պիտի կարօտի նիւթական լայն միջոցներու, որուն գոյացման մասնակից պիտի ըլլան հայ բարերարներ, նման ազգօգուտ ծրագիրներու հաւատացողներ, սակայն նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը՝ իր բոլոր յարանուանութիւններով ու խմբաւորումներով։ Այս ծրագիրը միասնական ճիգերով իրականացնելու համար, թանգարանի հիմնադիր խորհուրդը մարմնաւորուած է հայկական երեք յարանուանութեանց, բարեսիրական, մշակութային եւ քաղաքական 10 գլխաւոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներով՝ յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներուն համա-ատենապետութեամբ։

Արդ, իբրեւ մէկ համա-ատենապետը այս խորհուրդին, այսօր իմ ձայնս կը միացնեմ հայկական յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներու կոչին եւ յանուն Թանգարանի խորհուրդին, բոլորդ կը հրաւիրեմ նուիրաբերումի ոգիով մասնակցութիւն բերելու այս նպատակով սկսող հանգանակային աշխատանքներուն։ Հիմնադիր խորհուրդը այսօր եւ յառաջիկային, շարք մը միջոցառումներով պիտի դիմէ մեր ժողովուրդի աջակցութեան։ Մեր մշակոյթին ու մանաւանդ մեր Դատին ծանօթացման նպաստող թանգարանը պիտի կառուցենք միա՛սնաբար, եւ այն գիտակցութեամբ, որ անիկա կոչուած է բարերար դեր կատարելու ի նպաստ հայութեան՝ մեր եկեղեցիներուն, վարժարաններուն եւ պատմութիւն կերտած բազմաթիւ միաւորներուն կողքին։

Պիտի կառուցենք ու կերտենք միացեա՛լ ճիգերով, մեր շրջապատին ու աշխարհին յիշեցնելու, որ ահաւոր դժուարութիւններէ վերականգնած հայութիւնը մի՛շտ ալ իր մէջ պահպանած է շինարար ու կառուցողական ոգի։ Այս թանգարանը պիտի ըլլայ նորագոյն արտայայտութիւնը մեր կամքին։

Հետեւաբար, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ Իր կամքով՝ այսօ՛ր իսկ սկսինք նիւթապէս ու բարոյապէս քաջալեր կանգնիլ ու մասնակից դառնալ այս ծրագիրին իրականացման քայլերուն։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ

23 Սեպտեմբեր 2018

Latest News

Weekly TV Show

October 23, 2022 October 16, 2022