Սիրելիներ,
Հայրական սիրով կ’ողջունեմ Թեմիս ժողովականութեան եւ ուսումնական մարմիններու, շրջանիս կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները, տնօրէնութիւնը, դաստիարակները, շրջանաւարտ աշակերտները, ծնողներն ու հարազատները, փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս ընծայեց ուսումնական այս տարեշրջանը յաջողութեամբ եւ անփորձանք աւարտին հասցնելու առիթը։ Այս ու նման բարիքներու համար, այսօր եւ միշտ երախտապարտ ենք Երկնաւոր Հօր եւ կը խնդրենք, որ Անոր Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի մնայ մեր վրայ։
Սիրելի աշակերտներ,
Վստահ եմ, որ այս հանդիսաւոր պահը բոլորիդ համար ուրախութեան առիթ մըն է. ուրախ էք եւ հպարտ, որ յաջողութեամբ աւարտեցիք ուսումնական շրջան մը, կը կանգնիք երիտասարդութեան սեմին ու արժանի դարձած էք երկրորդականի վկայականին։ Ձեր հպարտութեան բաժնեկից են ձեր ծնողները, տնօրէնը, ուսուցիչներն ու հարազատները, որոնք, վստահ եմ, տարիներ շարունակ գուրգուրանքով եւ հոգածութեամբ հետեւեցան ձեր մտային ու հոգեւոր աճումին։ Այս դպրոցը տարիներ շարունակ եղաւ ձեր երկրորդ տունը, տնօրէնը, ուսուցիչներն ու անձնակազմի անդամները եղան երկրորդ ծնողք, օգնեցին ձեզի, որպէսզի ձեր միտքը լուսաւորէք արդի աշխարհի գիտութեան բարիքներով, իսկ ձեր հոգիները ծաղկին մեր եկեղեցւոյ ու ազգային մշակոյթի հարստութիւններով։ Այսօր, երբ կը կանգնիք կեանքի նոր փուլի մը սեմին, կը պատրաստուիք բարձրանալու ուսումի ու զարգացումի աստիճաններէն վեր, կ’արժէ, որ պահ մը մտածէք, թէ Հայ Դպրոցը ի՛նչ ազդեցութիւն ունեցաւ ձեր մտային ու հոգեկան աշխարհին վրայ, ձեր մէջ աճեցնելով հայ քրիստոնեայ մարդը, որ նաեւ հաւատարիմ քաղաքացին է ամերիկեան այս հայրենիքին եւ պատրաստ է հաւասարապէս ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին։
Ինչ որ ստացաք այս վարժարանէն, թող ձեր հոգիներուն մէջ ամրագրուի իբրեւ հաստատուն ժայռ, որուն վրայ պիտի կառուցուի ձեր ապագան։ Եղէք նման այն մարդուն, որ իր տան հիմերը կը հաստատէ ժայռի վրայ, որպէսզի փոթորիկներն ու հեղեղները չվնասեն անոր, չքանդեն տունը։ Քրիստոնէական մեր հաւատքի, հայոց պատմութեան ու մեր ազգային մշակոյթի գիտելիքները թող ըլլան ձեր կառուցելիք տան ժայռանման հիմերը, զանոնք ձեր միտքերուն ու հոգիներուն մէջ ամուր պահեցէք ձեր կեանքի տեւողութեան եւ տարուէ տարի հարստացէք նոր գիտելիքներով, ձեր հոգիները ամրացուցէք հայկական աւանդներով, մեր եկեղեցւոյ ու հայութեան հետ ձեր կապերը պահեցէք ամուր, որպէսզի դուք ալ դառնաք մեր հաւաքական կեանքին նպաստող օրինակելի առաջնորդներ։
Սիրելիներ,
Դուք բախտաւոր սերունդ մըն էք, որովհետեւ երկրորդականի վկայականին կ’արժանանաք մեր պատմութեան պատմական մէկ հանգրուանին։ Այս տարի, կը տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը, հետեւաբար, դուք անկախութեան սերունդի շրջանաւարտներ էք։ Մի՛ մոռնաք, թէ Հայաստանի անկախութիւնը ձեռք բերուած է հերոսական պատերազմներու ու հսկայական զոհողութիւններու ճամբով. 1918-ին հաստատուած հանրապետութեան օրերուն էր որ հիմը դրուեցաւ մեր բանակին, պետական կառոյցներու ու համալսարանին։ Այդ հիմերը այսօր ալ ամուր են ու անոնց վրայ կանգնած է վերանկախացած Հայաստանը։ Հպա՛րտ զգացէք Հայաստանով, հանրապետութիւնը կերտող սքանչելի սերունդին աւանդները իբրեւ գանձ պահեցէք ձեր հոգիներուն մէջ, ուխտեցէք ծառայել հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին, եղէք այդ սերունդին արժանաւոր ժառանգորդները։
Այս ուրախ առիթով, կը շնորհաւորեմ ձեզ, կ’ըսեմ՝ վարձքը կատար ձեր Տնօրէնին, ուսուցիչներուն, եւ աչքը լոյս՝ ծնողներուն։ Կեանքի յաջորդ փուլերուն, ձեր աչքերն ու ճակատը մի՛շտ բարձր պահեցէք, մի՛ վախնաք ձախողութիւններէ, ձեր երազները իրականացուցէք բոլոր դժուարութիւններուն յաղթելո՛ւ կամքով, որովհետեւ մեր Եկեղեցին ու Հայ Դպրոցը ձեզի ընծայած են յաջողելու բանալիները։
Թող Աստուած օրհնէ ձեզ, ձեր ընտանիքներն ու Հայ Դպրոցը, ձեզի պարգեւելով Իր կամքին համաձայն կեանք մը կերտելու շնորհքը։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ
Յունիս 2018