Prelate’s Message
2013 տարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին կողմէ Հայ Մօր Տարի հռչակուեցաւ։ Անշուշտ հայ մօր հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը կարելի չէ տարուան մը սահմաններուն մէջ տեսնել, որովհետեւ մեր ծնած օրէն սկսեալ, իւրաքանչիւր ժամ եւ իւրաքանչիւր վայրկեան հայ մօր նուիրուած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Աստուծոյ արարչագործութեան գործակիցն է մայրը, ինչպէս նշուեցաւ։ Եւ եթէ երբեք այս տարուան ընթացքին, իբրեւ հայ մօր տարի, երկու բան կրցանք ընել, պէտք է գոհունակութիւն զգանք. առաջինը՝ եթէ իբրեւ որդիներ մեր մայրերուն հանդէպ մեր սէրը, մեր յարգանքը, մեր երախտագիտութիւնը կրցանք ապրիլ եւ զայն բազմապատկելու ուխտը վերանորոգել, ուրեմն կ՚արժէր որ վեհափառ հայրապետը 2013 տարին հայ մօր տարի հռչակէր։
Եւ երկրորդը, եթէ երբեք յաջողեցանք, այս պարագային դուք եւս, սիրելիներ, 2013 տարուան ընթացքին Ձեր առաքելութիւնը՝ իբրեւ մայր, եւ Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւ տրուած շնորհքը՝ իբրեւ ծնողք, Ձեր ծառայութեան մէջ, Ձեր սիրոյն մէջ, Ձեր յանձնառութիւնը եւ Ձեր ուխտը վերանորոգել, ուրեմն դարձեալ կ՚արժէր, որ վեհափառ հայրապետը 2013 տարին հայ մօր տարի հռչակէր։
Այս տարին մեզի կը թելադրէ մեր մայրերուն հանդէպ որդիներուս սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը արտայայտել ու բազմապատկել, իսկ մայրերուն կը թելադրէ իրենց առաքելութեան մէջ, իրենց սիրոյն եւ յանձնառու պարտականութեան մէջ վերանորոգել իրենց ուխտը։
Ես վստահ եմ որ այս երկուքն ալ մենք կրցանք կատարել այսօր, այս հանդիսութեան ընդմէջէն։ Լսեցինք օրուան հանդիսավարուհիին սրտազեղ խօսքերը, լսեցինք մեր աշակերտներուն ասմունքը, երգը եւ երաժշտութիւնը, հաղորդակից եղանք մօր հանդէպ արտայայտուած երախտագիտութեան խօսքերուն, եւ մանաւանդ լսեցինք օրուան բանախօսուհին՝ Տոքթ. Դուրեանը։
Յատուկ օրհնանք օրուան բանախօսին, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. »Մայրը Աստուծոյ օրհնութիւնն է, զաւակը մօր օրհնանքն է«։ Դուք ալ, ազնիւ Տիկին Ալինա, Ձեր մօր օրհնանքն էք։
Այսօր, ձեր տրամադրութեան տակ ունիք վեհափառ հայրապետի հայ մօր տարուան պատգամը՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Պիտի ուզեմ որ ամէն մարդ ստանայ զայն։ Տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին ու Ազգ. Առաջնորդարանի կայքէջերուն վրայ ունեցանք այս պատգամը, որ նաեւ մամուլի մէջ հրատարակուեցաւ։ Հիմա, երբ 2013 տարին իր աւարտին կը մօտենայ, պիտի ուզեմ որ իւրաքանչիւրդ դարձեալ կարդաք վեհափառ հայրապետին պատգամը, վերյիշելու համար թէ Վեհափառ Հայրապետը ինչպէս վեր կ՚առնէ մօր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը՝ մեր կեանքին մէջ, մայրը՝ Աստուածաշունչին մէջ, մայրը՝ եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներու մէջ, մայրը՝ մեր հայ կեանքէն ներս եւ մայրը՝ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց։
Մեր բանաստեղծը՝ Աւետիք Իսահակեան գրած է. »Ամենալաւ կինը մայրն է. մօր սիրտը մարդկութեան սիրտն է՝ տիեզերքի սիրտը, հէնց միայն մայր ունենալու համար արժէ աշխարհ գալ…«. Վեհափառը Հայրապետը աւելցուցած է. »Աւելի ճիշդ ըսած՝ մի միայն հա՛յ մայր ունենալու համար կ՚արժէ աշխարհ գալ։ Հայ մայրը հոմանիշ է արժէքներու եւ երկնատուր արժանիքներու, գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու, վեհ առաքինութիւններու ու ամուր սկզբունքներու։ Հայ մայրը պատուանդանն է մեր գոյութեան, աղբիւրը մեր զօրութեան, միջնաբերդը մեր ինքնութեան, ներշնչարանը մեր պայքարին։ Արդ, առանց հայ մօր ճառագայթող ներկայութեան՝ երաշտ է մեր կեանքը։ Առանց հայ մօր մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան՝ անգոյն է մեր կեանքը։ Առանց հայ մօր յանձնառու մասնակցութեան՝ աղքատ է մեր կեանքը«։
Վեհափառին այս տարուան խօսքը այս երկու մտածումներուն մէջէն դիտեցէք. հայ մայրը հոմանիշն է յաւիտենական արժէքներուն։ Եթէ հայ մայրը յաջողած է իր զաւկին մէջ յաւիտենական արժէքները դրոշմել, անոնց լոյսը տալ, հայ մայրը իր առաքելութեան մէջ յաջողած է։ Եթէ հայ մայրը իր ունեցած գերագոյն իտէալներու ու նուիրական ձգտումներու վեհ առաքինութիւններու եւ ամուռ սկզբունքներու արժէքը կրցած է ջամբել, եւ ներմուծել իր զաւակներու հոգիին մէջ, հայ մայրը յաջողած է։ Եթէ երբեք հայ մայրը իր զաւակներուն յաջողած է տալ ինքնութիւն, պայքարունակ ոգի, քաջութիւն, գոյութեան եւ ինքնութեան գիտակցութիւն, հայ մայրը յաջողած է իր մայրութեան մէջ։
Եւ եթէ մենք՝ զաւակներս, կրցած ենք այդ բոլորը առնել, մարդակերտումի եւ հայակերտումի մէջէն եղած ենք իրաւ մարդ եւ հայ, ուրեմն ինչպէ՜ս չհամբուրել այդ մօր ձեռքերը։
Քիչ առաջ մեր սիրելի աշակերտները Պարոյր Սեւակէն արտասանեցին.»…եկէք այսօր մենք համբուրենք որդիաբար՝ մեզ աշխարհում ծնած, սնած, մեզ աշխարհում շահած, պահած,մեզնից երբեք չկշտացած, փոշի սրբող, լուացք անող, անվերջ դատող, անվերջ բանող այս ձեռքերը, թող որ ճաքած ու կոշտացած այս ձեռքերը, մեզ համար մետաքսի պէս խաս ձեռքերը«։
Եւ տակաւին, գրագէտ բանաստեղծը գրած է. »Թափառեցայ երկիրներ, ճամբաներով շատ անցայ, տեսայ զրկանք, տեսայ ցաւ, սէր ու խնդում ես տեսայ, բայց չտեսայ, չգտայ ոչ մէկ սիրտ այնքան արի, քու հոգիիդ չափ ազնիւ, մայր իմ անուշ ու բարի«։
Եկէ՛ք, ուրեմն, սիրելիներ, Հայ Մօր Տարուան նուիրուած Ազգ. Առաջնորդարանի եզրափակիչ այս հանդիսութեան առիթով, իբրեւ հարազատ որդիները մեր մայրերուն՝ ըլլանք հարազատ զաւակներ մեզ ազգին, եկեղեցւոյ եւ հաւատարիմ զաւակներ Աստուծոյ։
Եթէ երբեք անցեալի մայրերը, երբեմն անուս, մեզի տուած են նկարագիր, վա՛յ եկեր է այն մայրերուն, որ այսօր բարձրագոյն ուսում ունին, չընեն այն՝ ինչ որ ըրին անցեալի մայրերը։ Մեր գիտակից մայրերը պէտք է դրական ձեւով հասկնան այս խօսքերը, իրբեւ մարտահրաւէր։ Մեր ժողովուրդին ներկան ու ապագան ձեր ձեռքն է, մայրե՛ր։
Օրհնեալ ըլլաք, թանկագին մայրեր, պատիւ ձեզի՝ օրուան բանախօսուհի, աշակերտներ, մասնակիցներ։ Բոլորդ օրհնեալ ըլլաք եւ կարենաք մեր երաժշտութիւնը, մեր երգը, մեր ասմունքը եւ այլ խօսքով՝ մեր երկրաւոր կեանքի մէջ ունեցած ստեղծագործութիւնը արժեւորել։ Այս բոլորը հայ ընտանիքէն եւ տունէն կու գայ, եւ այս բոլորով մենք կը յաջողինք մեր զաւակները դպրոց առաջնորդել, կազմակերպութեանց առաջնորդել եւ ամէն տեղ մօր դերակատարութիւնը երախտագիտութեամբ արտայայտել։
Օրհնեալ ըլլաք։
29 Հոկտեմբեր