Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015ը իբրեւ պատմական եւ անմոռանալի թուական արձանագրուեցաւ մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ. արդարեւ, Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեամբ մը, հաւաքաբար սրբադասեց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակները, նոյն արարողութեան ընթացքին կատարելով նահատակաց սրբանկարներու օծումն ու նշխարներու օրհնութիւնը:
Սրբադասումի արարողութիւնը գլխաւորեցին մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, շրջապատուած եպիսկոպոսաց դասու ներկայացուցիչներով: Ներկայ էին քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահն ու պետական աւագանին, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Արարողութիւնը սկսաւ թափօրով. ընթերցուեցաւ Նահատակաց Վկայաբանութիւնը, մատուցուեցան յատուկ շարականներ եւ աղօթքներ: Ապրիլ 24ը հռչակուեցաւ Ս. Նահատակներուն յիշատակի օր, այն նահատակներուն, որոնք հաւատքի եւ ազգութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին Ցեղասպանութեան օրերուն: Պատգամներ ուղղեցին երկու Վեհափառ Հայրապետները:
Արարողութեան աւարտին, ժամը 19:15ին (Հայաստանի ժամով), Ս. Էջմիածինի զանգերը հնչեցին 100 անգամ, իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն նահատակներուն: Ս.
buy Bactroban generic https://rxbuywithoutprescriptionrxonline.com over the counter
Էջմիածինի զանգերու ղօղանջին արձագանգեցին աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական եւ քրիստոնէական բազմաթիւ եկեղեցիներու զանգերը: Մեր Թեմի եկեղեցիներն ալ մասնակից եղան համաշխարհային յիշատակումին, ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ հաւատացեալներու եւ աշակերտներու: