Մուսա Լերան Հերոսամարտի 102-ամեակին առիթով Ս. Պատարագ եւ Հերիսայի Օրհնութիւն

Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ միութիւնը անցեալ շաբաթավերջին երկօրեայ հանդիսութեամբ մը ոգեկոչեց 102 տարի առաջ մղուած յաղթական հերոսամարտին եւ ճակատումներուն ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը։

Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հերիսայի պատրաստութիւն եւ խրախճանք։

Կիրակի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց օրուան յատուկ իր պատգամը։ Պատարագիչն էր նորաօծ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Աղօթակից էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ.
buy strattera generic http://buywithoutprescriptionrxonline.com/strattera.html over the counter

Գալուստ Յակոբեան, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, ռումանահայերու «Րաֆֆի» միութեան եւ շրջանի հայկական միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով մուսա-լեռցիներ։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներէն հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի այրին՝ Տիկին Անահիտ եւ հարազատներ, բարերարին մահուան Ա. տարելիցի հոգեհանգստեան առիթով։

Իր հոգեւոր պատգամին սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է դարձեալ միասին ըլլալու Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ մէջ եւ միասնաբար նշելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 102-րդ տարեդարձը, եւ քաջ մուսա լեռցիներուն հաւատքի օրինակով խնդրելու Աստուծմէ, որպէսզի միշտ մնանք հաւատարիմ զաւակները մեր նախնեաց։ Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ յայտնեց, որ յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօնի պահուն, յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներէն՝ հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանի հոգւոյն համար. ան այս առիթով հակիրճ կերպով անդրադարձաւ անոր վաստակին ու բարեգործութիւններուն, նշելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանս, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին, «Րաֆֆի» միութիւնը եւ առհասարակ մեր ժողովուրդը տարի մը առաջ կորսնցուցին խոնարհ, ազնիւ եւ նուիրաբերող հայորդի մը, որ իր ծննդավայր Ռումանիայէն մինչեւ մեր ափերը գործեց լուսարձակներէ հեռու։ Ան այս առիթով ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալ բարերարին այրիին, հարազատներուն եւ «Րաֆֆի» միութեան։

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը կեդրոնացաւ Աւետարանի օրուան հատուածին վրայ, որ կը պատմէր խուլ եւ համր մարդուն Քրիստոսի ձեռամբ բժշկուիլը (Մարկ. 7։31-37)։ Խօսելով այդ հրաշքի խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ «ամէն բանէ առաջ, մեր Տէրը, իբրեւ գթառատ Աստուած, ֆիզիքական հրաշք մը կատարեց, որ պարգեւեց նաեւ հոգեկան հրաշք մը։ Առաւել եւս, մարգարէութեան մը իրականացումն էր, որովհետեւ 700 տարիներ առաջ, Եսայի մարգարէացած էր, թէ Մեսիան պիտի գայ, երբ խուլերը պիտի սկսին լսել եւ համրերը պիտի սկսին խօսիլ։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս հրաշքին ընդմէջէն, այսօր, մեզի ալ պատգամ մը կը հասնի, որպէսզի մեր ականջներն ու աչքերը բաց պահենք Աստուծոյ պատգամներուն առջեւ, ընդառաջենք անոնց, մեր լեզուները պատրաստ ըլլան Տէրը փառաբանելու, եւ մեր կեանքը կերտենք համաձայն մեզի ցոյց տրուած ուղիին։

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ
Առաջնորդ Սրբազանը այնուհետեւ կանգ առաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի խորհուրդին ու անժամանցելի պատգամին վրայ. «Ամէն տարի, երբ յիշատակումը կը կատարենք մեր հերոսամարտերուն, մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ կը վերականգնի այն ճշմարտութիւնը, որ Ցեղասպանութեան օրերուն, անկէ առաջ ու անկէ ետք, մեր ժողովուրդը՝ Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Արցախի մէջ եւ այլուր, գիտցած է գործնապէս ո՛չ ըսել Ցեղասպանին, բազուկի ուժով դէմ դրած է անոր եաթաղանին ու իր գոյատեւումը ապահոված է ի գին գերագոյն զոհաբերութեան։ Այս գիտակցութիւնը այսօր մաս կը կազմէ մեր ժողովուրդի նկարագիրին ու նոյն ոգիով ալ կը շարունակուի մեր գոյամարտը»։

Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց ըսելով. «Մուսա Լերան հայկական գիւղերու մեր ժողովուրդը արդա՛րօրէն դիմեց ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին, անհաւասար ուժերով մարտի դաշտ նետուեցաւ ջարդարար թուրքին դէմ, իր հոգիին մէջ ամրագրած ըլլալով այն սկզբունքը, թէ «Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի, բայց երանի որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։ Ան նշեց, որ ինքնապաշտպանական հերոսամարտը մղուեցաւ այն գիտակցութեամբ, որ Մուսա Լերան բնակիչները մէկ մասնիկն էին Հայ ազգին, անոնց գլխուն վերեւ կը ճօճէր Ցեղասպանին սուրը։ Եւ ինչպէս որ աւելի քան 15 դար առաջ, մեր Մամիկոնեան Սպարապետն ու իր զինակիցները Աւարայրի դաշտ նետուեցան վասն հայրենեաց, վասն հաւատոյ ու ազգի պահպանման, նոյնպէս ալ մուսա լեռցիք զէնքի դիմեցին՝ վասն հաւատքի ու հայութեան պահպանման։

«Անհաւասար մարտերը աւարտեցան յաղթանակով. բուռ մը նահատակներուն զոհաբերութեամբ ժողովուրդը շահեցաւ գոյատեւման իրաւունքը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծելով, որ այս հերոսամարտն ու ինկած նահատակները առանձնակի երեւոյթ չէին Ցեղասպանութեան օրերուն. անոնք մէկ փառաւոր էջը կը կազմեն ինքնապաշտպանական ու ոչնչացման դէմ մեր մաքառումներու պատմութեան, որ սկիզբ առած էր 1915-էն շատ առաջ եւ շուտով արձանագրեց նաեւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ զուգահեռ հերոսամարտերու էջերը, իսկ տասնամեակներ ետք շղթայազերծուած Արցախեան Ազատամարտը իր ներշնչումը առաւ նա՛եւ Մուսա Լեռէն։ «Մեր հերոսամարտերը վերականգնեցին հայութեան կքած ողնայարը, այսօ՛ր ալ հպարտութեամբ բարձր կը պահեն մեր ճակատը։ Ինչպէս Ցեղասպանութեան մեր նահատակները, նոյնպէս ալ Մուսա Լերան հերոսամարտի նահատակները մաս կը կազմեն 2015-ին, մեր եկեղեցւոյ կողմէ հաւաքաբար սրբադասեալ նահատակներուն։ Անոնց կը դիմենք աղօթքով, ո՛չ միայն որպէսզի բարեխօս ըլլան մեզի համար, այլ նաեւ՝ որպէսզի գօտեպնդեն մեզ մեր այսօրուան ու վաղուան բոլոր պայքարներուն՝ ֆիզիքական թէ բարոյական բոլոր ճակատամարտերուն մէջ», նկատեց Առաջնորդ Սրբազանը, յիշեցնելով, որ հայութեան պայքարը այսօր ալ կը մղուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին։ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան զուգահեռ, կը պայքարինք ի խնդիր մեր վերանկախացած հայրենիքի ամրակայման, կը մարտնչինք ի խնդիր մեր Դատին կենսագործման, կը պատրաստուինք ազգովին տօնելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձը։ Սփիւռքի մէջ, մեր դիմաց կ’երկարին դիմագիծի ու մշակոյթի տիրութեան պայքարի ուղիները։ Եւ այս բոլորին համար, մեր հերոսամարտերը կը մնան իբրեւ լուսատու փարոս եւ ուղեցոյց։

«Վստահ ենք, որ դուք՝ սիրելիներ, իբրեւ անոնց ժառանգորդները, այսօր ու յառաջիկային, յաղթական հերոսամարտին տարեդարձը պիտի վերածէք անոնց աւանդին ու ժառանգութեան ուխտի վերանորոգման օրուան, 1915ին, Մուսա Լերան բարձունքներուն ծածանած խաչանիշ դրօշը իբրեւ անժամանցելի աւանդ պիտի փոխանցէք նորահաս սերունդներուն», յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը, հրաւիրելով, որ յարգանքով խոնարհինք Մուսա Լերան հերոսամարտի կերտիչներուն յիշատակին եւ աննահանջ կերպով շարունակենք անոնց կտակին կենսագործման մեր երթը։

ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը, պատարագիչ քահանային, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ սարկաւագներուն ընկերակցութեամբ, թափօրով ուղղուեցաւ «Կարապետեան» սրահ, ուր կատարեց հերիսայի օրհնութիւնը։ Ներկաները երգեցին Մուսա Լերան հերոսամարտին ու Այնճարի նուիրուած երգեր։ Իբրեւ բանախօս հրաւիրուած էր Դոկտ. Վահրամ Շամմասեան։ Աւարտին, ներկաները օրհնուած հերիսայէն բաժին առնելով, վերանորոգեցին հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան երթի հաւատարմութեան ուխտը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022