Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ին, նշուեցաւ Հրանդ Տինքի նահատակութեան 12րդ տարելիցը։
Կէսօրէ ետք, ժամը 2-ին, Մոնթեպելլոյի նահատակաց յուշարձանին առջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Երեկոյեան, միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը. յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։
Բացման խօսքը արտասանեց միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ-Աւետիքեան։ Ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին բացման աղօթքն ու հոգեհանգիստ՝ Հրանդ Տինքի հոգւոյն համար։ Հանդիսավարն էր միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտվին Մինասեան։ Յայտագիրը ունէր ոգեկոչական բանախօսութեան, գեղարուեստական եւ հարցազրոյցի բաժիններ։ Խօսք առին պոլսահայ ճարտարապետ եւ հեղինակ Զաքարիա Միլտանօղլու, պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ եւ մեր գաղութի ազգային գործիչներէն իրաւաբան Կարօ Ղազարեան։
Միութիւնը այս տարի Հրանդ Տինքի անուան «Հոգիի ազատութեան եւ արդարութեան» շքանշանը շնորհեց Տիար Միլտանօղլուին։