Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողով Ժբ-րդ Նիստ


“ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏԱՆԻԼ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՎԵՐԱԾԵԼ”
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի ԺԲ-րդ նիստը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Դիւանի անդամ ընտրուեցան ատենապետներ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան. ատենադպիրներ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Աբղ. Սարգիսեան: Ողջոյնի իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ նման հանդիպումներուն առանցքը կը կազմեն ինքնաքննութիւնը, ինքնարժեւորումը եւ ինքնասրբագրութիւնը: Միաբանութիւնը, եզրակացուց Վեհափառ Հայրապետը, անհրաժեշտ է որ հարստացնէ իր հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքը սիրոյ եւ եղբայրական ոգիով եւ ծառայութեան գիտակցութեամբ:

Վեհափառ Հայրապետի պատգամէն ետք, ժողովս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին եւ սուրիահայութեան տագնապին եւ որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր:

Ապա, կարդացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Միաբանութեան Տնօրէն Ժողովի տեղեկագիրը եւ կատարուեցաւ նոր անդամներու ընտրութիւնը (Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնթէզեան):

Յաջորդ օրակարգով, միաբանութեան ժողովը որդեգրեց եկեղեցական զգեստներու գործածութեան գծով մշակուած յատուկ ուղեցոյց մը:

Երկրորդ նիստին, ժողովը քննարկեց Միաբանական Կանոնագրութեան վերջնական բնագիրը եւ յարմար նկատեց, որ միաբանները մինչեւ ընթացիկ ամսոյս աւարտը իրենց առաջարկները ներկայացնեն Տնօրէն Ժողովին, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակով պիտի հաստատուի եւ ի լուր ժողովրդեան՝ հրապարակուի :

Ժողովը, յաջորդական վեց նիստերով, շահեկան դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու ընդմէջէն, մտասեւեռումի նիւթ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի Մայրավանքէն տեղահանուելէ ետք ապրած վտարանդի վիճակը եւ Անթիլիաս հաստատուիլը, շեշտը դնելով անցնող 100 տարիներու ընթացքին բազում զոհողութիւններու ճամբով կատարուած իրագործումներուն վրայ:

Հետեւեալ կարգով, զեկոյց-դասախօսութիւններ տրուեցան միաբան հայրերու կողմէ.-

ա- “Ի՞նչ պայմաններու մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հեռացաւ Սիսէն եւ հաստատուեցաւ Անթիլիաս” (Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան):

բ- “Ցեղասպանութեան հետեւանքով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդկային, հոգեւոր, մշակութային ու կալուածական կորուստը” (Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան):

գ- “Անթիլիասի մէջ Կաթողիկոսութեան հաստատման առաջին տասնամեակը – կալուածի գնում, Դպրեվանքի եւ մատենադարանի հաստատում, Նահատակաց մատուռի եւ Մայր Տաճարի շինութիւն” (Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան):

դ- “Զարեհ Կաթողիկոսի ընտրութիւն եւ տագնապալից շրջան մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս” (Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան):

ե- “Երկու Կաթողիկոսութիւններուն միջեւ գործակցութեան նոր հորիզոններ” (Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան):

զ- “Հայ եկեղեցին բարեկարգութեան սեմին. Եպիսկոպոսաց ժողով. մարտահրաւէրներ ու առաջնահերթութիւններ” (Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան):

Յառաջիկայ տարիներու իր առաքելութեան ծիրէն ներս եւ դէմ յանդիման նոր մարտահրաւէրներու, ժողովս առաւ կարգ մը որոշումներ եւ առաջադրեց ծրագիրներ:

Վեհափառ Հայրապետը եզրափակելով ժողովը, ընդգծեց.

“Ժողովի ընթացքին, մենք անդրադարձանք մեր Կաթողիկոսութեան վերջին 100 տարիներու պատմութեան, որուն մէջ արձանագրուած են դէպքեր եւ իրադարձութիւններ, որոնցմէ եկող պատգամին մարտահրաւէրէն պարտինք ամրապնդել մեր հաւատքը ու վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել մեր ժողովրդանուէր ծառայութիւնն ու հաւատքի առաքելութիւնը: Անցեալի փորձառութեամբ հարստացած եւ ապագայի տեսլականով, շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին: Մեր Սուրբ Աթոռին նշանաբանն է եւ պէտք է ըլլայ. եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ եւ ժողովուրդը եկեղեցիի վերածել”:

Երկօրեայ Ժողովը փակուեցաւ “Աշակերտք Քրիստոս”ի շարականի երգեցողութեամբ, “Կիլիկիա” օրհներգով, “Ի վեհ Բարձանց” Հայրապետական մաղթերգով եւ հուսկ՝ Վեհափառ Հայրապետի Պահպանիչով:

                                                                                                ԴԻՒԱՆ
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

***

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս ազգընտիր Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ծաւալող քաղաքական ու ապահովական խնդիրներուն նկատմամբ, եւ յատկապէս սուրիահայութեան ներկայ կացութեան առնչութեամբ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր միաբանութեամբ ու բոլոր կառոյցներով, վերջին երեք տարիներուն նոր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, Հալէպի, Դամասկոսի, Տէր Զօրի եւ Գամիշլիի ու այլ հայկական շրջաններու մէջ, որոնց նորագոյն զարգացումն է քեսապահայութեան տեղահանութիւնը, բացայայտ մեղսակցութեամբ ցեղասպան թուրքին:

Ներկայ տագնապալի իրավիճակին մէջ, Սուրիոյ մեր համայնքը, իր հայաշատ բոլոր շրջաններով, անմիջական եւ շարունակական օժանդակութեան կարիքն ունի, որպէսզի պահպանէ հարիւրամեակներու ընթացքին եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք կառուցուած, հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային աւանդը:

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, սուրիահայութեան ուսումնական-կրթական համակարգին պահպանումը, ինչպէս նաեւ ընկերային, մշակութային ու համայնքային այլ մարզերու առաւել ծաղկումը, մեզ կը դնէ նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, ապահովելու եւ կենսաւորելու նոր սերունդին հայակերտումը եւ համայնքի վերականգնումը:

Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ յանձն կ’առնէ ամէն գնով սատար հանդիսանալ ա՛յս նուիրական գործի ամբողջական յաջողութեան եւ կը շարունակէ աղօթել, որ Աստուած Ի՛ր խաղաղութիւնը շուտով հաստատէ Միջին Արեւելքին եւ սուրիական ասպնջական հայրենիքին վրայ:

             ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

***

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

Նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած Հինգշաբթի 3 եւ Ուրբաթ 4 Ապրիլ 2014-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, ամբողջական յանձնառութեամբ զօրավիգ կը կանգնի Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան միջազգային թէ՚ համազգային բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին արդարութիւն հատուցել մեր ժողովուրդին եւ կանխարգիլել մարդկային ընկերութեան մէջ այլ ցեղասպանութիւններ:

Իր ժողովուրդին հետ տեղահանուած ու աքսորական մեր Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մէկ ծիլն է այն հազարաւոր հոգեւորականներուն, որոնք, Ա. Համաշխարհային պատերազմի քօղին տակ, Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան ընթացքին, թրքական բարբարոսութեան ամէնէն դաժան միջոցներով կոտորուեցան Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ շրջաններուն մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, մեր միաբանութիւնը Նախախնամողին հրաշագործութեամբ, ամէնէն դժուարին պայմաններուն տակ, տէր կանգնեցաւ իր վտարանդի ժողովուրդին եւ մեր հայրերու սրբազան ժառանգին:

Արդարեւ, մեր միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետներուն առաջնորդութեամբ, անցնող 99 տարիներու ընթացքին սփիւռքեան դաժան պայմաններուն մէջ, եղաւ իր տարագիր եւ իրաւազրկուած ժողովուրդի զաւակներուն հետ, վերակազմակերպելով սփիւռքահայութեան հոգեւոր, կրօնական, կրթական ու մշակութային բազմերես կեանքը, ըլլալով անոնց համար կենդանի յոյսի փարոս եւ զանոնք առաջնորդելով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման ու հայրենիքի վերանկախութեան սրբազան նպատակին:

Արդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, կը վերանորոգէ իր ծառայական ուխտը եւ կ’առաջադրէ.-

ա- Կազմաւորել հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեամբ գիտակից նոր սերունդ, որ քաջածանօթ է իր պատմութեան եւ հետամուտ իր արդար դատին:

բ- Որոնել եւ օգտագործել այն բոլոր միջոցները, որպէսզի ամբողջանայ հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարը, եւ իրաւական փաստարկումներով հետապնդուի մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքը:

գ- Ցոյց տալ աշխարհին, որ Թուրքիոյ ձեռքով, մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած է նաեւ մշակութային եղեռն, փճացման եւ ոչնչացման ենթարկուած է հայկական հարուստ ու դարաւոր քաղաքակրթութիւնը, որուն հետեւանքով նաեւ տուժած եւ աղքատացած է ողջ մարդկային քաղաքակրթութիւնը:

դ- Ի մի հաւաքել հայկական Կիլիկիայէն փրկուած գանձերը եւ զանոնք ապահով կերպով պահպանել ու ցուցադրել Կաթողիկոսարանիս “Կիլիկիա” թանգարանին մէջ:

ե- Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին՝ Ապրիլի 24-ին, հռչակել մեր նահատակներուն սրբադասումը:

զ- Վերանորոգ յանձնառութեամբ մեր ազգի հաւաքական յիշողութեան մնայուն առանցքը դարձնել մեր արդար իրաւունքներու հետապնդումը:

Ուստի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ իր ուխտը կը վերահաստատէ՝ շարունակելու իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը, ի փառս Աստուծոյ, ի սպասաւորութիւն մեր ժողովուրդին եւ ի պայծառութիւն մայրենի սուրբ եկեղեցիին:

                          ՄՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

***

ՈՒՂԵԳԻԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՄԱՆ՝
ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԵԼ

Ներկայ գրութիւնը հայրապետական պատգամն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ուղղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու Առաջնորդներուն եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարին, Չորեքշաբթի 9 Ապրիլ 2014ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Հայ Դատը իւրաքանչիւր հայուն եւ ամբո՛ղջ հայութեան դատն է։ Ա՛յս խոր գիտակցութեամբ ու ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած ենք մասնակից ու զօրակից դառնալու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանքներուն։

Կը գտնուինք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին։ Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համազգային ու համագաղութային նշման գծով աշխատանքներ կը կատարուին ու ծրագիրներ կը մշակուին։ Ցեղասպանը իր կարգին այս ուղղութեամբ իր հակազդեցուցիւնը ծրագրելու տենդագին աշխատանքին լծուած է։

2015 թուականը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը պէտք չէ դառնայ։ Ան պէտք է արժեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու իրագործումներով, որոնք ո՛չ միայն մնայուն հետք կը թողուն մեր հաւաքական կեանքէն ներս, այլ նաեւ նոր մղում կու տան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։

100-ամեակի ծրագրումները պէտք է որպէս մեկնակէտ ու նպատակակէտ ունենան հետեւեալ նշանաբանը՝ ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ ու ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Այս նշանաբանով արտայայտուող երեք նպատակները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են ու զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Այս հեռանկարով պէտք է պատրաստուին 100-ամեակի ծրագիրները։

Որպէս ուղեցոյց 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն, կ՚ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.-

1) Միասնականութիւնը պէտք է մղիչ ուժը դառնայ մեր մտածումներուն, նախաձեռնութիւններուն ու ծրագիրներուն՝ համազգային թէ գաղութային մակարդակներու վրայ։ Մեր կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող ամէն տեսակ տարբերութիւն, հակասութիւն կամ զգայնութիւն պէտք է անհետանան այս յոյժ կարեւոր դէպքին դիմաց։ Հայ ժողովուրդը աշխարհին պէտք է ներկայանայ մէ՛կ ձայնով, մէ՛կ կեցուածքով, մէ՛կ պահանջատիրութեամբ։ Հո՛ս է մեր հզօրութեան աղբիւրը:

2) Համահայկական մաշտապով հարկ է նշուի 100-ամեակը։ Ա՛յս տեսլականով ու յանձնառութեամբ անհրաժեշտ է մշակել բոլոր ծրագիրները։ Բնականաբար Հայաստանը եւ իւրաքանչիւր գաղութ ծրագիրներ պիտի մշակէ իր ներքին դրուածքին ու շրջապատի պայմաններուն համաձայն։ Սակայն, անհրաժեշտ է այնպիսի միջոցներու դիմել, որ կարելի ըլլայ այս կարեւոր դէպքին համահայկական նկարագիրն ու տարողութիւնը լուսարձակի տակ բերել՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ գաղութներուն միջեւ ընդհանրական երեւոյթները շեշտելով։

3) Միասնական ոգին ու համահայկական մօտեցումը 100-ամեակի ծրագիրներուն մեկնակէտը դարձնելով հանդերձ, հասկնալի պատճառներով շեշտաւորումի տարբերութիւններ անհրաժեշտ է որ ըլլան Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ։ Սակայն այս տարբերութիւնները պէտք է այնպիսի ձեւով ներդաշնակուին ու համադրուին, որ զիրար չհակասեն ու երկուութիւն չյառաջացնեն, այլ՝ զիրար լրացնեն ու հզօրացնեն մէկ ամբողջութեան ծիրէն ներս։

4) 100-ամեակը պէտք է նշուի մեր ժողովուրդի ամբողջական ու գործօն մասնակցութեամբ։ Անհրաժեշտ է դուրս գալ սրահներէ եւ առաւելագոյն չափով հեռու մնալ ժամանակավրէպ դարձած հանդիսութիւններէ, համագումարներէ, ցուցահանդէսներէ, դասախօսութիւններէ, եւլն.։ Մեր ժողովուրդը իր հաւաքական ընդվզումն ու կամքը պէտք է արտայայտէ այնպիսի ազդու եւ զուսպ միջոցներով, որոնք կրնան միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը գրաւել ու հայ ժողովուրդի դատին նկատմամբ համակրանք ստեղծել։ Ապրիլ 24-ի օրը իտէալ առիթը կրնայ ըլլալ նման համաժողովրդային արտայայտութեան։

5) 100-ամեակի կիզակէտը պէտք է դառնայ պահանջատիրութիւնը։ Բնականաբար ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է շարունակուի վերանորոգ վճռակամութեամբ։ Սակայն, ժամանակն է որ մեր դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ շեշտը դրուի հատուցման վրայ։ Երկու տարիներ առաջ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մեր կազմակերպած միջազգային համագումարը՝ “Ճանաչումէ՝ հատուցում” դարձակէտ մըն էր այս իմաստով։

6) Մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը այլեւս մասնակի աշխատանքներով, զգացական մօտեցումներով ու պարագայական պոռթկումներով պէտք չէ արտայայտուի. ան պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքի վրայ։ Եթէ կ՚ուզենք որ մեր պահանջատիրական պայքարին առջեւ նոր հորիզոններ բացուին, եթէ կ՚ուզենք տիրական կերպով մուտք գործել միջազգային ակադեմական, իրաւական, դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս, եթէ կ՚ուզենք որ միջազգային համայնքը լսէ մեր ձայնը, մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ համահունչ՝ թէ՛ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն ու տուեալներուն եւ թէ ներկայ աշխարհի աշխարհաքաղաքական պայմաններուն ու շահերուն։

7) 100-ամեակի հասցէն ու թիրախը պէտք է դառնայ ցեղասպանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը։ Այս շրջագծէն ներս հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետեւողական ու ծրագրուած կերպով արծարծումը, օտար եկեղեցիներուն ու կրօններուն մօտ՝ մեր եկեղեցիներուն կողմէ, պետական ու դիւանագիտական շրջանակներուն մօտ՝ Հայաստանի պետութեան կողմէ, եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն մօտ՝ կուսակցութիւներուն ու հայ դատի մարմիններուն կողմէ կը նկատենք խիստ հրամայական։

8) Մեր պահանջատիրական պայքարը հանգրուանային ու ուսումնասիրուած կերպով պէտք է փոխադրենք նաեւ Թուրքիա։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է քրտական շարժումներուն, թուրք մտաւորականներու որոշ շրջանակներուն ու իսլամացած հայերուն հետ բարեկամական կապեր հաստատել՝ վերջին տարիներուն այս ծիրէն ներս պատրաստուած ենթահողը աւելի ընդլայնելով ու ամրապնդելով։ Այս աշխատանքներու ընթացքին հարկ է ուշադիր ըլլալ որ Թուրքիոյ հայ համայնքին վնաս չպատճառեն թուրք ծայրայեղականները։

9) Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ժողովուրդի կորսնցուցած եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու,ինչպէս նաեւ անհատական կալուածներու ցանկագրման անհրաժեշտ է շուտով սկսիլ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը արդէն իսկ լայն չափով կատարած է իր եկեղեցապատկան կալուածներու ցանկագրումը։ Այս աշխատանքը պէտք է կատարուի համահայկական մաշտապով եւ մասնագիտական մօտեցումով։

10) 100-ամեակին ծրագիրները պէտք չէ պատրաստուին միայն հայութեան համար եւ իրագործուին սոսկ հայկական նեղ շրջագծէն ներս։ Պէտք է բացուինք աշխարհին. մեր բողոքն ու պահանջքը պէտք է զօրեղ կերպով լսելի դարձնենք մեր շրջապատին ու միջազգային համայնքին։ Այս ընելու համար անհրաժեշտ է լայնօրէն ու ճիշդ կերպով օգտագործել ներկայ աշխարհի տեղեկատուական ու հաղորդակցական ամենէն ազդու միջոցները։

11) Հեռու պէտք է մնալ 100-ամեակը Հայ Դատի աշխատանքներուն գագաթնակէտը նկատելու մօտեցումներէ։ 100-ամեակը վճռական հանգրուան մըն է միայն՝ իր արդար իրաւունքներու վերատիրացման հայ ժողովուրդի աննահանջ պայքարին մէջ։ Ան միաժամանակ սկիզբը պէտք է դառնայ հայ դատի հետապնդման մարտավարական ու ռազմավարական նոր մտածելակերպերու ու գործելակերպերու, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր մը՝ նայելու 2015-էն անդին…։ Այս հեռանկարով անհրաժեշտ է պատրաստուիլ 100-ամեակին։

12) Վերոնշեալ հսկայ ու բազմերես աշխատանքները կ՚ենթադրեն նիւթական լայն կարելիութիւններ։ Հայաստանի պետութիւնը, որ միշտ կը մնայ իրաւատէրը հայ դատին, մեր կառոյցները ու ունեւոր ազգայինները կոչուած են նիւթական անհրաժեշտ միջոցները հայթայթել յիշեալ հսկայածաւալ ծրագիրներու իրագործման։

                                                            ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս
9 Ապրիլ 2014

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022