Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2006

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՏՕՆԻՆ՝ ԵԿԷ՛Ք, ԵՐԹԱՆՔ ԵՄՄԱՈՒՍ ԵՒ ԱՆԴԻՆ

Զատիկ է դարձեալ։

Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսը անգամ մը եւս յաղթական շունչով ու պատգամով կը յուսադրէ մեզ բոլորս։  Չարի ու մահուան պարտութեամբ, բարին եւ կեանքը նոր յոյսով կը ներշնչեն համայն աշխարհը։

Արդարեւ, մեր Տէրը երեք օրեր գերեզմանի մէջ մնալէ ետք, յարութիւն առաւ եւ իր բազմաթիւ երեւումներուն կողքին, մօտեցաւ երկու մարդոց, որոնք Երուսաղէմէն Եմմաուս անունով գիւղ մը կ՚երթային։  Անոնք չճանչցան յարուցեալ Տէրը եւ շարունակեցին իրարու հետ խօսիլ նախորդող օրերուն պատահած բոլոր անցուդարձերուն մասին։  Յիսուս անձամբ մօտեցաւ անոնց ու հարցուց թէ ի՞նչի մասին կը խօսին եւ ի՞նչու տրտմած են։

«Անոնցմէ մին, որ Կղէոպաս կը կոչուէր, քիչ մը զարմացած ըսաւ.- Երուսաղէմի մէջ միայն դո՞ւն կաս, որ չես գիտեր թէ այս օրերուն ինչ պատահեցաւ։

-Ի՞նչ բան։  Հարցուց Յիսուս։

Անոնք ըսին.

-Այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուս Նազովրեցիին։  Անիկա իր խօսքերով ու գործերով զօրաւոր մարգարէ մըն էր՝ Աստուծոյ եւ ամբողջ ժողովուրդին համար։  Մեր աւագ քահանաներն ու իշխանները զայն իշխանութեան յանձնեցին, որպէսզի մահուան դատապարտուի՝ եւ զայն խաչեցին։  Մենք կը յուսայինք որ Իսրայէլը ազատողը ինք պիտի ըլլար։  Այսուհանդերձ, ահա այսօր երրորդ օրն է որ այդ բաները պատահեցան։  Սակայն մեր մէջէն կարգ մը կիներ, որոնք այս առաւօտ կանուխ գերեզման գացած էին, զարմացուցին մեզ, ըսելով՝ թէ անոր մարմինը չէին գտած եւ թէ հրեշտակներ տեսած էին, որոնք իրենց յայտնած էին թէ անիկա ողջ է։  Մեզմէ ոմանք գերեզման գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս կիները ըսած էին։  Սակայն զայն չտեսան։

Յիսուս ըսաւ անոնց.

-Ո՛վ անմիտներ, որ կը դժուարանաք մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն հաւատալու։  Պէտք չէ՞ր որ Քրիստոսը չարչարուէր՝ փառաւորուելու համար։

Ապա սկսաւ բացատրել Սուրբ գիրքերուն մէջ իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները, սկսեալ Մովսէսի գիրքերէն մինչեւ բոլոր մարգարէութիւնները։

Մօտեցած էին իրենց երթալիք գիւղին. սակայն Յիսուս այնպէս ձեւացուց թէ ինք աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։  Անոնք ստիպեցին զայն, ըսելով.

-Մեր քով գիշերէ, որովհետեւ արդէն իսկ երեկոյ է եւ ահա կը մթննայ։

Յիսուս անոնց հետ տուն մտաւ գիշերելու համար։  Երբ անոնց հետ սեղան բազմեցաւ, առաւ հացը, օրհնեց, կտրեց եւ անոնց տուաւ։  Անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք, բայց ինք անոնց աչքերէն անյայտացաւ։  Անոնք իրարու ըսին.

-Մեր սիրտերը չէի՞ն ճմլուեր, երբ անիկա ճամբու ընթացքին մեզի հետ կը խօսէր եւ Սուրբ գիրքերը կը բացատրէր։

Անոնք անմիջապէս ելան եւ վերադարձան Երուսաղէմ, ուր հաւաքուած գտան տասնըմէկ աշակերտները եւ ուրիշ հետեւորդներ, որոնք ըսին.

-Իրապէս որ Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնի։

Իսկ անոնք պատմեցին՝ ինչ որ իրենց պատահած էր ճամբու ընթացքին, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս ինքզինք իրենց ճանչցուց՝ հացը կտրած ատեն։» (Ղուկ. 24։18-35)

Սիրելիներ,

Յարուցեալ Փրկչին այս երեւումը մեծագոյն պատգամն է եղբայրութեան եւ Աստուածային ուշադրութեան ուղղուած համայն մարդկութեան։ Ան երեւցաւ շատ պարզ եւ համեստ մարդոց։  Ոչ ոք բան գիտէ անոնց մասին։  Մէկ բան յստակ է սակայն, թէ անոնք Քրիստոսի հետեւորդներ էին եւ զինք կը սիրէին։  Այդ իսկ պատճառաւ արժանի եղան իր տեսութեան, որովհետեւ հոգեւորապէս նորոգուեցան Աստուծոյ խօսքին մտերմութեամբ եւ հացի բեկումի հաղորդութեամբ։

Արդարեւ, Ս. Գրոց բացատրութիւնն ու մտերմութիւնը եւ հացի բեկանումը կը կազմեն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հիմքը, որոնք մեր հաւատացեալներուն կեանքին Քրիստոնէական վերանորոգման աղբիւրն են։

Մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Յարութիւնը թէ՛ պատմական իրողութիւն է եւ թէ մերօրեայ կեանքին իրականութիւնը։  Ս. գրոց բացատրութեամբ եւ հացի հաղորդութեամբ մեր Տէրը յաւիտենապէս մեր մէջ կը բնակի, մեզի հետ կ՚ապրի եւ մեր մէջէն կը գործէ։

Հրաշափառ Ս. Յարութեան այս տօնին եւ ամբողջ տարուան ընթացքին, եկէք միասնաբար քալենք դէպի Եմմաուս, իբրեւ եղբայրներուն եւ Աստուածային ուշադրութեան առարկաներուն, որպէսզի արժանի ըլլանք իր տեսութեան։

Թող Ս. Յարութեան ցնծութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքի ամենօրեայ հրաշքը ըլլայ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի։

Ս. Յարութեան խորհուրդով լեցուած, երբ հաւաքաբար Աստուծոյ խօսքերը կը սերտենք եւ միասնաբար կը հաղորդուինք հացի բեկանումով, հրաւիրենք Տէրը որ բնակի մեր մէջ եւ ապրի մեզի հետ։

Իբրեւ Եմմաուսի ճամբորդներ, ելլենք անկէ եւ երթանք Երուսաղէմ ու աշխարհի չորս կողմերը մեր Տիրոջ Յարութեան յոյսն ու ցնծութիւնը տանելու ամէն մարդու ամէնօրեայ կեանքին մէջ։

Ս. Յարութեան յաղթական պատգամը հրաւէր մըն է բոլորիս մեր Ս. եկեղեցւոյ ամենօրեայ ճանապարհորդութեան հետեւելու մեր հայրերուն հաւատքին համաձայն։  Ամէն առաւօտ եւ երեկոյ սաղմոսերգութեամբ եւ իրարու համար աղօթելով, Աստուծոյ խօսքը սերտելով, փառք ու գոհութիւն մատուցենք իրեն։

Միասնաբար վեանորոգենք Ս. Յարութեան յոյսը մեր կեանքին մէջ, որպէսզի ան մեր միջոցաւ վերանորոգէ շատերուն կեանքը։

Ս. Յարութեան պարգեւած այս պատգամներով կը հրաւիրեմ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները ու յատկապէս մեր Թեմի հոգեւոր դասն ու ժողովականութիւնը մեր ծխական շրջաններուն ու կրթական համակարգի բոլոր նուիրեալները, մեր կազմակերպութեանց ու միութեանց սպասարկուները ճանապարհորդակից ըլլալու դէպի Եմմաուս եւ անկէ անդին, որպէսզի ոչ միայն Ս. Յարութեան այս տօնը այլ ամէն օր առիթ մը ըլլայ աղօթելու մեր Տիրոջ ըսելով, «Մեզի հետ եղիր Տէր Յիսուս Քրիստոս»։

Եկէք այս աղօթքներով ու այս բաղձանքներով գոչենք ըսելով.-

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ
է Յարութիւն Քրիստոսի։

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ 2006

 

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022