Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2008
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է ԲԱՐԻԻՆ
Եօթը շաբաթներ առաջ, թեւակոխեցինք Մեծ Պահոց հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը. անիկա պահեցողութեան ու ինքնամփոփման շրջան մըն էր, որ մեզ հոգեպէս պատրաստեց Քրիստոնեայ աշխարհի ամէնէն կարեւոր տօնին՝ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան, որ Չարին պարտութիւնն է եւ Բարիին յաղթանակը։
Մեծ Պահոց շաբաթները բոլորիս ընծայեցին խոկումի, ապաշխարութեան եւ հոգեւոր վերանորոգումի պահեր։ Ջերմեռանդ ոգիով հետեւեցանք պահեցողութեան եւ ահա, ցնծութեամբ կը տօնակատարենք յաւիտենական կեանքի խոստումը, որ մեզի շնորհուեցաւ մեր Փրկչին Ս. Յարութեամբ։ Արդարեւ, աւելի քան 2000 տարիներ առաջ հրեշտակը մարդկութեան աւետեց հրաշալի ճշմարտութիւնը, թէ՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Այդ աւետիսը այսօր ալ կը շարունակէ արձագանգել աշխարհի տարածքին, մեր սրտերը լեցնելով ցնծութեամբ եւ յոյսով։
Հրաշալի Յարութենէն 33 տարիներ առաջ, Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկած էր, որպէսզի կրէր մարդկութեան տառապանքը, մարդը թօթափէր իր մեղքերը եւ փրկուէր չարէն։ Ս. Յարութեան տօնը թագադրումն է Աստուածորդւոյն երկրաւոր առաքելութեան։ Հրաշափառ Ս. Յարութեան ճանապարհը կը սկսի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքով։ Աւագ շաբթուան ընթացքին հաղորդակից կ՚ըլլանք Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին շաբթուան իրադարձութեանց, խաչելութեան յիշատակման, որ փրկագործութեան խորհուրդին գագաթնակէտն է եւ մարդուն հանդէպ աստուածային սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնը։
Խաչելութենէն երեք օր ետք, Քրիստոսի հետեւորդները այցի գացին անոր գերեզմանին, որպէսզի զԱյն օծեն, սակայն մեծ եղաւ անոնց զարմանքը, երբ թաղեալը չգտան գերեզմանին մէջ։ Տիրոջ հրեշտակը զանոնք դիմաւորեց ըսելով. «Մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ» (Մարկ. 16։6)։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մահը վախճան մը չէր, այլ Քրիստոսի անցքը դէպի Փառք։ Աստուծոյ սէրը այնքան հզօր է, որ մինչեւ իսկ մահը անզօր է պարտութեան մատնելու զայն։ Ճշմարտութիւնը չի կրնար խափանուիլ։ Անիկա նաեւ հաւատքի ու Տիրոջ անսպառ ողորմութեան մեծագոյն արտայայտութիւնն է։
Յարութեամբ տրուած յաւիտենական կեանքի պարգեւին խոստումը գեղեցկօրէն արտայայտուած է Յովհաննէս աւետարանիչին կողմէ. «Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանքը ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է» (Յովհ. 5։24)։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս յաղթեց մահուան, յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզի տայ յոյսը, իսկ իր երկրորդ գալուստէն առաջ առյաւէտ ննջողներուն տայ մխիթարութիւն։ Այս յոյսը արտայայտութիւն գտած է Ս. Պօղոս առաքեալի կողմէ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ. առաքեալը սգաւորները կը մխիթարէ վստահեցնելով, որ անոնց սիրելիները մեռած չեն, այլ առժամեայ նինջի մէջ են, որովհետեւ իր երկրորդ գալստեան՝ Տէրը իրեն հաւատացողները իր հետ պիտի ունենայ։ «Եղբայրներ, կ՚ուզենք որ մեռածներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնաք, որպէսզի չտրտմիք ուրիշներուն պէս, որոնք որեւէ յոյս չունին։ Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք, թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ անոր հետ վերստին կեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ անոր հաւատացին եւ մեռան» (Ա. Թես. 4։13-14)։ Յիսուս կը բնակի իւրաքանչիւր հաւատացեալի սրտին մէջ. անոր հանդէպ ամբողջական հաւատք ունենալով, ու զայն ընդունելով իբրեւ մեր միակ Տէրն ու Փրկիչը՝ մենք եւս պիտի յաղթանակենք մահուան եւ բաժնեկից պիտի ըլլանք իր փառքին։
Մարդը մեղաւոր արարած է. ան յաճախ կ՚անցնի անյուսութեան ու յուսալքումի հանգրուաններէ։ Սակայն երբեք պէտք չէ մոռնանք, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, մեզի շնորհած է խաւարը զգետնելու կարողութիւնն ու յաւիտենական կեանք ժառանգելու խոստումը։ Ս. Յարութիւնը հաւատացեալները ազատագրեց մեղքի յաւիտենական կապանքներէն։ Մենք եւս, իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, միջոցը ունինք յաղթահարելու խաւարը եւ անկէ դուրս գալու դէպի լոյս, դէպի այն միակ Լոյսը, որ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք է։ Դէպի աստուածահաճոյ կեանք ընթացող մեր կեանքի ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը նա՛եւ մեր սեփական յարութեան հանգրուանն է, ուր դէմ յանդիման պիտի գտնուինք զանազան մարտահրաւէրներու, պիտի կրենք տառապանքներ, որոնցմէ անդին անցնելով՝ մենք եւս արժանի պիտի ըլլանք խոստացուած փառքին, այնքան ատեն որ կը հաւատանք։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Բարիին յաղթանակը իւրաքանչիւրիս համար կեանքի իրողութիւն է։ Մահը պարտութեան մատնելով՝ Քրիստոս յուսալքուածներուն տուաւ յոյսի պատգամը, տագնապահարին տուաւ խաղաղութեան շնորհքը, նաեւ՝ նոր կեանքի խոստումն ու իր ճամբով թողութեան արժանանալու բերկրանքը։
Ս. Զատկուան տօնական այս օրերուն, գոհութիւն եւ փառք՝ Աստուծոյ, որ մեզի ընծայած է մեղքին յաղթելու ու մեր հոգիներուն խաւարը զգետնելու պատեհութիւնը։
Եկէ՛ք, ցնծանք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ ու մեր կեանքը առաջնորդենք Իր մշտական ներկայութեամբ։
Եկէ՛ք, մի՛շտ յիշենք Իր փրկագործական սիրոյն տարողութիւնը եւ մեր փրկութեան ի խնդիր Իր յանձն առած տառապանքին ծանրութիւնը։
Կ՚աղօթեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը յարատեւօրէն վերարժեւորումի ենթարկէ ինքզինք, որպէսզի վերանորոգուինք մեր հաւատքին մէջ, եւ շարունակենք մեր աստուածահաճոյ կեանքը՝ վերանորոգ յանձնառութեամբ յառաջ տանելով մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն բարելաւման երթը։
Ս. Յարութեան բերկրալի ու յաղթական այս տօնին, որդիական սիրով կ՚ողջունենք Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, մաղթելով օրհնալից տարիներ, որպէսզի դէպի նոր բարձունքներ առաջնորդէ մեր եկեղեցին ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Մեր բարեմաղթութիւնները՝ հայրենի ղեկավարութեան, աղօթելով, որ Տէրը հովանի ըլլայ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդը առաջնորդելու առաքելութեան մէջ, որպէսզի անոնք իրենց սահմանադրական իշխանութիւնը կիրարկեն ճակատաբաց ու պատիւով։
Թող Տէրը օրհնէ մեր հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութիւնը, Ազգային Առաջնորդարանիս հովանիին տակ գործող մարմինները, ծխական շրջաններու նուիրեալները, մեր դաստիարակները, գործակից կազմակերպութիւնները, բարերարներն ու բարեկամները, անոնց շնորհելով քաջառողջութիւն, բարգաւաճում եւ ազնիւ ծառայութիւն՝ մեր կրօնական ու ազգային հարստութեանց ու ժառանգութեանց պահպանման, անոնց հարստացման գործի անդաստաններուն մէջ, միշտ առաջնորդուելով Բարիին յաղթանակող ոգիով։
Եկէք, այս ոգիով Ս. Յարութեան տօնին զիրար շնորհաւորենք եւ միասնաբար գոչենք.
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն քրիստոսի
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ս. Զատիկ 2008