Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2009
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՇՈՂՆ Է ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ
2009ի տարեմուտին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը ահաւասիկ դարձեալ ցնծութեամբ ու հաճութեան զգացումներով կը համակէ մեր հոգիները։ Իբրեւ հաւատացեալ զաւակները Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, մանկացեալ Փրկչին «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ»ին կենսատու պատգամով զիրար կը շնորհաւորենք ու բարեմաղթութիւններ կը փոխանակենք, որպէսզի աւելի քան երկու հազար տարի առաջ, հրեշտակներուն «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» քաղցրահունչ երգերով մարդկութեան տրուած աւետիսը ընդմիշտ լուսաւորէ մեր օրերը եւ մնայ մեր անձնական ու հաւաքական կեանքերուն լուսւոր շողն ու առաջնորդը, զայն լիցքաւորողը։
Աստուածորդւոյն մեր մէջ մարդեղացումն ու Հրաշալի Ս. Ծնունդը, Երկնաւոր Հօր կողմէ մարդկութեան տրուած մեծագոյն պարգեւն է. «Գոհութիւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար» (Բ.Կր 9.15)։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ մարդը, արարչագործութենէն սկսեալ ու յաջորդող դարերուն, ինչպիսի՜ երկնատուր բարիքներ վայելած է մարդախնամ Աստուծոյ անհուն սիրոյն որպէս արդիւնք։ Իսկ Քրիստոսի մարդեղութեամբ, Աստուած յայտնեց մարդոց նկատմամբ իր ունեցած անհուն սէրը. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16)։ Քրիստոսի ծնունդով մարդուն շնորհուեցաւ յաւիտենական կեանքի խոստումը՝ «Ես աշխարհ եկայ որ առաւել կեանք ունենաք» (Յհ 10.10)։
Բազում հրաշքներով յատկանշուած է Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը։ Նախ, հրեշտակը Աստուածամօր աւետեց անապական ծնունդի աւետիսը եւ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինը՝ հեզութեամբ ու խոնարհութեամբ ընդունեց աստուածային տնօրինումը, հրեշտակին ըսելով. «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38)։ Յիսուսի ծննդեան օրը, հրեշտակները հրաշալի ծնունդը առաջին հերթին աւետեցին բարի հովիւներուն, իսկ փայլուն աստղը եղաւ Արեւելքի իմաստուն մոգերուն առաջնորդը։ Բոլորն ալ ուղղուեցան այն համեստ յարկը՝ Բեթլեհէմի մսուրը, ուր իջեւանած էր Աստուածորդին՝ մանուկ Յիսուսը՝ ծննդեան առաջին օրէն իսկ խոնարհութեան ու համեստութեան պատգամը տալով հաւատացեալներուն։
Այնուհետեւ, Յիսուսի երկրաւոր կեանքը յատկանշուեցաւ բարութեամբ, խոնարհութեամբ եւ մինչեւ մահ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ։ Անոր բաշխած բարիքները անգնահատելի նուէր եղան մահկանացուներուս. Ինք որ հարուստն է, մեզի համար աղքատացաւ, որպէսզի Իր աղքատանալովը մենք հարստանանք (Հմմտ. Բ. Կր 8.9)։ Եւ մենք, ահաւասիկ դարերէ ի վեր, ամանորին յաջորդող Ս. Ծննդեան տօնը կը նշենք մեր հարազատներուն հետ նուէրներ փոխանակելով, մեր նուէրներէն բաժին կը հանենք նաեւ ազգին, եկեղեցիին, դպրոցներուն, հաստատութեանց ու մեր ազգային կեանքի թագադրումը հանդիսացող մայր հայրենիքին։ Պօղոս Առաքեալ հաւատացեալներուն կը թելադրէ, ըսելով. «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ.Կր 9.7)։
Նուիրաբերումը, սիրելիներ, ազնիւ գործ է, կ՚ազնուացնէ նուիրողը ու անոր հոգիին մէջ ցնծութիւն կը տարածէ, նման այն բաւարարութեան, զոր ապրեցան Մսուրին մէջ նորածին Յիսուսին ընծայաբերող հովիւներն ու մոգերը՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով։
Քրիստոսի Ս. Ծնունդը յուշող այս հրաշապատումներու թելադրանքով է որ այսօր աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած, փառք տալով, որ Ան մեզի պարգեւեց տարի մը եւս ծառայելու եւ իրարու օգնութեան ձեռք երկարելու առիթը։ Երախտագիտութիւն կը յայտնենք Իր բոլոր բարիքներուն ու շնորհներուն համար, վստահ ըլլալով որ Ան մեր՝ հաւատացեալներուս յոյսը պիտի արդարացնէ ու յառաջիկային եւս, մեր երկրաւոր կեանքի բոլոր օրերուն, Իր խնամատար Ս. Աջը հովանի պիտի պահէ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն վրայ։ Մեր սիրտերը միշտ պիտի լեցուին Յիսուսի կատարեալ ուրախութեամբ (Հմմտ. Յհ 17.13)։
Արդարեւ, ինչպէս նախընթաց տարիներուն, այս տարի եւս, մեր դիմաց կը բացուին նոր հորիզոններ։ Նորագոյն մեկնակէտը, անկասկած, եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ համակարգեց ու նախագծեց անմիջական ապագայի մեր եկեղեցական, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան ուղին։ Մեր եկեղեցւոյ ու անոր ճամբով՝ մեր երիտասարդներուն, նորահաս սերունդին հոգեկան ու ազգային դաստիարակութիւնը նոր մղում պիտի ստանայ, մեր կրթական կեանքը պիտի ապրի նոր վերակենսաւորում, իսկ մեր ազգային պահանջատիրութեան երթը պիտի առաջնորդուի դէպի նոր նուաճումներ՝ մինչեւ մեր հաւաքական տենչերուն իրականացման հանգրուանը։
Արդ, Ամանորի ու Ս. Ծննդեան հրաշափառ եւ բարեբաստիկ տօներուն առիթով, որդիական սիրով մեր շնորհաւորութիւնները կ՚ուղղենք Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի, մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բեղուն արդիւնաշատ տարիներ։ Մայր Հայրենիքի պետութեան ու քաղաքական ղեկավարներուն կը մաղթենք արեւշատութիւն, իմաստութիւն եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւն։ Ի սրտէ կը շնորհաւորենք նաեւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Իշխանութեան, Երեսփոխանական Ժողովին, մեր եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերուն ու անոնց կողքին գործող բոլոր միաւորներուն, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին ու վարժարաններու տնօրէններուն, անձնակազմերուն, սերունդ կերտող կրթական մշակներուն, ազգային կազմակերպութեանց, միութեանց, հաստատութեանց եւ մարմիններուն, բարերարներուն ու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ս. Ծնունդով աշխարհը նոր դարաշրջանի մը առաջնորդող Աստուածորդիէն կը խնդրենք, որ սիրոյ, խաղաղութեան ու հաճութեան հոգին ու զգացումները տարածէ ամբողջ աշխարհին ու բոլոր ժողովուրդներուն, դարմանելով մարդկութիւնը տանջող տագնապներուն հետեւանքները եւ բոլորս հեռու պահելով ֆիզիքական, բարոյական ու տնտեսական ամէն վտանգէ ու փորձութենէ։
Թող հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան ու հաճութեան ալիքները ողողեն Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքեան մեր օճախները, եւ թող մեր ժողովուրդին կեանքը պայծառանայ Ս. Ծննդեան բազմախորհուրդ բարիքներով։
Շնորհաւոր նոր տարի,
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի եւ մեզի մեծ աւետիս։
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2009