Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2012
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ՝ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՍԿԻԶԲԸ
«Ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ վերանորոգուեցաւ»։ (Բ. Կորնթացիս, 5։17)
Դարձեալ կ՚ապրինք Նոր Գարնան մը սկիզբը, որ բոլորիս սրտերը կը համակէ Ս. Յարութեան Տօնի ցնծալից սպասումով, որ նոր սկիզբ մըն է՝ հինին մահուան եւ նորին ծննդեան իր պատգամով։
Ս. Զատկուան այս Տօնը՝ ցնծութեամբ լեցուն, յոյսի եւ ուրախութեան, հոգեւոր նոր ապրումներու եւ յաւիտենական կեանքի խոստումով լի շրջան մըն է։
Գարնան եղանակը մեզի կը յիշեցնէ որ նոր կեանքը դարձեալ պիտի գայ։ Ցուրտ ու մութ ձմեռը առիթ կուտայ արեւուն ջերմ ճառագայթներուն եւ բնութեան ծաղկումին։ Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Տօնը մեր հոգիներուն ծաղկումին նոր եղանակի մը ազդանշանն է, յիշեցում մը որ մենք եւս կրնանք նոր կեանք ունենալ։
Արդարեւ, Ս. Յարութեան Տօնը Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ բարձրակէտն է, ամէնէն ցնծալից եւ նուիրական օրը տարուան։ Ան Քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարն է եւ Աստուծոյ անսահման սիրոյն եւ յաւիտենական կեանքի խոստումին ապացոյցը։
Ս. Յարութիւնը Հին Կտակարանի Մարգարէութեանց լրումն է։ Մեր հաւատքի ու բոլոր հաւատալիքներու առանցքն է այս հրաշալի դէպքը եւ յաւիտենական կեանքի խոստումի գեղեցիկ հրաշքը։
Ս. Զատիկը միմիայն մէկ օրուան տօնախմբութիւն մը չէ. հոգեւոր ճանապարհորդութիւն մըն է, որ կը սկսի Մեծ Պահքով. զոհողութեան, կարգապահութեան, ներհայեցողութեան, ինքնաքննութեան եւ պատրաստութեան շրջան մը, եւ իր զօրեղ ու կենսատու պատգամը, ոգին կը տարածէ ամբողջ տարուան վրայ։ Այս հոգեւոր ճանապարհորդութեան իւրաքանչիւր օրը մեզ աւելի կը կենսաւորէ, կ՚աշխուժացնէ, հոգեպէս ու մտովին կը զօրացնէ ու մեզ աւելի լաւ ձեւով պատրաստ կը դարձնէ դիմաւորելու հոգեւոր սկիզբի մը արշալոյսը՝ Ս. Յարութեան Տօնը։
Ս. Զատկուան Տօնը Յարուցեալ Փրկչին ցնծալից շնորհները ընդունելու հրաւէրն է մեր կեանքին մէջ, նաեւ առիթը ձերբազատուելու բոլոր այն երեւոյթներէն եւ հանգամանքներէն, որոնք մեզ ետ կը պահեն այն իրավիճակէն որ Աստուած կը սպասէ մեզմէ։
Ս. Յարութեան Տօնը կեանքի մթութիւնն ու յուսահատութիւնը յաղթահարելու տօնն է։ Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը կերպարանափոխեց առաքեալներուն ու աշակերտներուն կեանքը, եւ նոյն ձեւով ալ կրնայ մեր կեանքը փոխել եւ մեզ առաջնորդել վեր բարձրանալու եւ հասնելու նոր օրուան ու կեանքին լոյսին։ Եւ բոլոր անոնք որոնք վայելեցին յարուցեալ Փրկչին այցելութիւնը, Ս. Յարութենէն յետոյ նոր մարդիկ, անխախտ հաւատքի քաջ վկաներ դարձան, որովհետեւ Յարուցեալ Տէրը նորոգեց իրենց կեանքը, եւ նոյն ձեւով մեր կեանքն ալ կը նորոգէ, երբ մեր սրտերը լայնօրէն բանանք իրեն։ «Թէեւ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք լոյս էք» (Եփեսացիս, 5։8)
Մեր կեանքերն ու շրջապատը երբեմն ամպամած կ՚ըլլան։ Աստուած երբեք մեզի չի խոստանար որ մեր կեանքին մէջ նեղութիւններ, տագնապներ ու պայքարներ պիտի չունենանք։ Ան մեզի կը խոստանայ շատ աւելի մեծ բան մը։ Այդ խոստումը մեզի կու տայ քաջութիւն, ոյժ եւ շնորհք՝ վեր ճախրելու կեանքի մարտահրաւէրներէն, եւ մղում՝ նորոգեալ ու աւելի լաւ կեանք մը ապրելու։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Իւրաքանչիւր տարուան սկիզբը, կը տօնենք օրացուցային տարեմուտը եւ մեր անձերուն խոստում կուտանք փոխել մեր կեանքը, բարելաւել մենք զմեզ։ Կարճ ատեն ետք, կը մոռնանք այդ յանձնառութիւնը եւ դանդաղօրէն կը վերադառնանք մեր յոռի բարքերուն։ Ս. Յարութեան տօնը հրաւէր է բոլորիս՝ աւելի՛ լաւ ու իմաստալից նոր կեանք մը սկսելու, հոգեւոր նոր շրջան մը, որ մեզի պատեհութիւնը կու տայ թօթափելու հին մարդը՝ իր արարքներով, ու առաքեալին բառերով կը պատգամէ. «Նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք Զինք ճանչնալ» (Կողոսացիս, 3։10)։
Ահա ժամանակը հիմա է մեր կեանքը բարեփոխելու եւ սկսելու նորը. հիմա է պահը մեր հին կեանքին մութ երեսները մեր ետին ձգելու եւ անցնելու յառաջ, բարձրանալու եւ դիմաւորելու նոր սկիզբ մը, կեանքի յաղթանակը մահուան վրայ։
Ինչ ալ ըլլան մեր կեանքի պայմանները, երբեք ուշ չէ դարձի գալու եւ փոխուելու. ուշ չէ մաքրելու մեր ներաշխարհը, բացասականը դուրս վանելու մեր կեանքէն, վերանորոգուելու ու նոր սկիզբ մը դիմաւորելու։ Այս ճշմարտութեան ամէնէն պերճախօս ապացոյցը կը տեսնենք Ղուկասու Աւետարանին մէջ, Քրիստոսի խաչելութեան պահուն, երբ Ան զրոյց կ՚ունենար իր կողքին խաչուած երկու աւազակներուն հետ։ Անոնցնէ մէկը, Խաչեալ Քրիստոսը հայհոյալից անարգեց, իսկ երկրորդը, դարձի գալով, ի վերջոյ տեսաւ Ճշմարտութիւնը, եւ Յիսուս Քրիստոսէն խնդրեց զինք յիշել Իր Արքայութեան մէջ։ Եւ Յիսուս անոր պատասխանեց եւ ըսաւ. «Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ»։ (Ղուկաս, 23։39-43)։
Ս. Յարութեան այս տօնին, մարմնով, մտքով ու հոգւով նորոգուած, եկէք հաւաքաբար ուխտենք, որ նոր կեանքի սկիզբ մը պիտի ապրինք, մեղքէ ու չար երեւոյթներէ հեռու պիտի մնանք ու յարութեան լոյսով պայծառացած՝ ցնծութեամբ ու սիրով Յարուցեալ Տիրոջ պիտի հանդիպինք։
Մեր Փրկչին Ս. Յարութեան յաղթական այս տօնին, զատկական մեր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները կը յղենք Թեմիս Հոգեւոր Դասուն, Ազգային Իշխանութեան, Երեսփոխաններուն, Հոգաբարձութեանց, Ծխական Մարմիններուն, մեր Կրթական Օճախներուն ու անոնց նուիրեալներուն, մեր Կազմակերպութեանց ու Միութեանց եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, աղօթելով որ Ս. Յարութեան հրաշքը հոգեւոր նոր կեանքի եւ աշխոյժ գործունէութեան նոր սկիզբ մը ըլլայ։
Ս. Յարութեան Տօնի կենսատու խոստումով զօրացած եւ մահուան ու չարին վրայ տարուած յաղթանակով սպառազինուած, եկէ՛ք, միասնաբար շարունակենք մեր նուիրեալ ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Ս. եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր պատուական ազգին։
ՇՆՈՐՀԱՒՐ Ս. ԶԱՏԻԿ ԲՈԼՈՐԻԴ
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի
Ս. Զատիկ 2012