Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2013

Ս. ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՏԻՊԱՐ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

Տարի մը եւս պիտի թողունք մեր ետին, ողջունելու Նոր Տարուան մը արշալոյսը եւ ապրելու Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան ցնծութիւնը։ Ս. Ծննդեան հրաշալի եւ ներշնչող պատգամները դարձեալ մեզի կը բերեն սիրոյ, յոյսի, հաւատարմութեան եւ ընտանիքի պարգեւները։

Դարեր առաջ, լուռ ու սուրբ գիշերուան մը մէջ, Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ հովիւներուն ու տուաւ «ամբողջ ժողովուրդին ուրախութիւն պարգեւող մեծ եւ սքանչելի աւետիս մը»  (Հմմտ. Ղուկ. 2։10), թէ Փրկիչը՝ Օծեալ Տէրը ծնած է։ Երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը միացաւ աւետաբեր հրեշտակին, օրհնաբանելով զԱստուած, ըսելով. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. 2։14)։

Աստուածորդին, թագաւորներու թագաւորը ծնունդ առաւ համեստ մսուրի մը մէջ, աղքատիկ պայմաններու տակ, սակայն մարդկութեան բերաւ հզօր եւ յաւիտենական պատգամ մը՝ սիրոյ, յոյսի ու խաղաղութեան, եւ փրկութեան խոստում մը, որոնք մարդոց սիրտերն ու հոգիները հարստացուցին եւ մարդկութիւնը խաւարէ դէպի լոյս առաջնորդեցին։

Այս նուիրական օրերուն, մեր մտածումները կը կեդրոնանան մանկացեալ Աստուածորդւոյն երկրաւոր ընտանիքին՝ Մանուկ Յիսուսի, Մարիամ Աստուածածինի եւ Հայր Յովսէփի վրայ։ Աստուած ինքզինք մարդուն յայտնեց, ծնունդ առնելով մարդկային ընտանիքի մը մէջ, ընտանիք մը՝ որ բոլորիս ընտանիքներուն համար կատարեալ եւ տիպար օրինակ մը պէտք է ըլլայ։ «Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով ու ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհ. 1։14)։

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան առնչուած եղելութիւնները մեզ դէմ յանդիման կը դնեն այն պարագաներուն, զորս Ս. Ընտանիքը դիմագրաւեց Աստուածորդւոյն ծնունդէն առաջ, ծննդեան պահուն ու անկէ ետք, սկսելով աներեւակայելի փորձառութենէն, երբ Աստուածամայրը հրեշտակէն իմացաւ թէ Տիրոջ ընտրեալն էր ու Ս. Հոգիին միջոցով պիտի յղանար՝ ծնունդ տալու Փրկչին, մինչեւ Հայր Յովսէփի հասկնալի յուզումները՝ այդ լուրին առթած անակնկալին ցնցումէն, ապա Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդը համեստ մսուրին մէջ, որմէ ետք, Սուրբ Ընտանիքը հարկադրուեցաւ փախուստ տալ Եգիպտոս, խուսափելու համար Հերովդէս արքայի զայրոյթէն։ Աւելի ուշ, ընտանիքը երեք օր կորսնցուց Յիսուսը, երբ Ան 12 տարեկանին մնացած էր Տաճարին մէջ։ Ս. Ընտանիքը եղաւ առաջին ականատեսներէն, երբ Յիսուս թշնամանք դիմագրաւեց իր առաքելութեան սկզբնական օրերէն սկսեալ, բայց ամէնէն ցաւալին՝ Մարիամ Աստուածածին ապրեցաւ խաչին վրայ իր Որդւոյն տառապալից մահուան խոր վիշտը։ Կեանքի այս փոթորկալի եղելութեանց դիմաց, Ս. Ընտանիքը միասին պահողը՝ Աստուծոյ հանդէպ եւ իրարու միջեւ սէրն ու հաւատարմութիւնն էին։

Տակաւին, Ս. Գիրքին մէջ կը կարդանք բազմաթիւ դրուագներ, թէ ինչպէս մեր նախահայրերը հաւատարիմ մնացած են Տիրոջ պատուիրաններուն եւ կերտած այն ճամբան, որ իր կատարելութեան հասաւ Քրիստոսի ծնունդով։ Աբրահամէն ու Սառայէն մինչեւ Սիմէոն ու Աննա, մինչեւ Մարիամ ու Յովսէփ։ Անոնց կեանքի չարչարալից ճանապարհը կրնար վհատութեան տանիլ զիրենք, սակայն բոլորն ալ մնացին հաւատքով լեցուն, հաւատարիմ ծառաները Երկնաւոր Հօր։ Արդարեւ, առաջին քրիստոնեաներուն, հաւատքի առաջին ախոյեաններուն  սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերու ներշնչման ուղղութիւն տան եւ տիպար օրինակ ըլլան մեզի։ Աբրահամի ժամանակներու ընտանիքներէն սկսեալ, մեզի հրաւէր ուղղուած է հետեւելու Աստուծոյ պատուիրաններուն, մեր իսկ ընտանեկան կեանքին համար, ընդունելու Իր կամքն ու վստահելու Իրեն, մի՛շտ պատրաստ ըլլալու իրագործելու այն՝ ինչ որ Աստուած կը սպասէ մեզմէ։ «Միայն թէ Տիրոջմէն վախցէք, եւ ճշմարտութեամբ ու ձեր ամբողջ սիրտով զինք պաշտեցէք, որովհետեւ տեսաք թէ ան ձեզի համար ինչ մեծագործութիւններ կատարեց» (Ա. Թագ. 12։24)։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Աստուածայայտնութիւնը սիրոյ եւ յոյսի տօնախմբութիւնն է, որ մարդկութեան խոստացուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան շնորհիւ. անիկա միաժամանակ հրաւէր է խորհրդածելու Ընտանիքի սրբութեան մասին։

Երբ ընտանիքի մասին կը խօսինք, անպայման ի մտի չենք ունենար արենակցական կապերը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ընտանիքը ունի, սակայն իբրեւ Աստուծոյ, Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ Արեւմտեան Թեմի զաւակներ ու հաւատարիմ հաւատացեալներ, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը պատկանի նաեւ աւելի մեծ ընտանիքի մը։ Հետեւաբար, պէտք է ձգտինք Ս. Ընտանիքի օրինակին ու առաքինութիւններուն, եւ այդ՝ ոչ միայն մեր սեփական ընտանիքներուն մէջ, այլ նաեւ մեր հաւաքական ընտանիքին՝ Եկեղեցւոյ յարկին տակ, որուն զաւակներն ենք։Տակաւին, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, կը պատկանինք աւելի մեծ ընտանիքի մը։ Հայ ժողովուրդի զաւակները կը գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն։ Անկախ մեզ բաժնող տարածութիւններէն, մենք նոյն ընտանիքին զաւակներն ենք, այդպէս ալ պիտի մնանք խաղաղութեան թէ տագնապներու ատեն։ Մանաւանդ դժուարին պահերուն է որ պիտի ըլլանք միասնական եւ համերաշխ, յաղթահարելու համար վիշտն ու դժուարութիւնները։ Հայ Ազգը իր պատմութեան մէջ յաճախ դիմագրաւած է ողբերգական ու ցաւալի պահեր, որոնք դժբախտաբար կը կրկնուին այս օրերուն։ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօ՛ր ալ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մակարդակներու վրայ։ Ամէնէն ցաւալին, սակայն, Սուրիոյ տագնապն է, որուն մատնուած են մեր քոյրերն ու եղբայրները. ահաւասիկ 21 ամիսներէ ի վեր, իբրեւ անմեղ զոհեր՝ անոնք ներգրաւուած են ճգնաժամային կացութեան մը մէջ։ Անոնք այսօ՛ր ալ կը շարունակեն կրել ծանր ու անասելի տառապանքներ։ Եւ ինչպէս որ ատենին օգնութեան ձեռք երկարեցինք Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ Իրաքի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, այսօր ալ օգնութեան ձեռք կ՚երկարենք Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն եւ պիտի շարունակենք զօրակցիլ անոնց։ Որքան գօտեպնդող ու քաջալերական է, երբ մեզմէ մէկուն յաջողութիւնը կը նկատենք բոլորիս յաջողութիւնը, սակայն չմոռնանք նաեւ, որ մէկուն հասնող տառապանքը բոլորիս տառապանքն է։ Հետեւաբար, իբրեւ անդամները միեւնոյն մեծ ընտանիքին, իւրաքանչիւրիս ուսերուն կ՚իյնայ ընել մեր բաժինը մեր մեծ ընտանիքին համար, այս պարագային՝ Սուրիոյ մեր ազգակիցներուն։

Եկէ՛ք, ուրեմն, Ս. Ընտանիքին օրինակով շարունակենք գործել սիրով, խաղաղութեամբ, համերաշխութեամբ, իրերօգնութեամբ, իրարու եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութեամբ ու սիրով։ «Կարեկցութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզ թող չլքեն։ Կապէ զանոնք քու վիզիդ, գրէ զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ» (Առակ. 3։3)

Սիրելիներ,

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2013 տարին հռչակած է «Հայ Մօր Տարի»։ Ինչպէս որ Ս. Ընտանիքը տիպար օրինակն է մեր ընտանիքներուն, նոյնպէս ալ Աստուածամայրը մնայուն եւ կատարեալ տիպարն է կիներուն, մանաւանդ մայրերուն։ Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեան մէջ ապրելու Ս. Կոյս Մարիամի առաքինութիւնները բոլոր ժամանակներն ու մշակոյթները կը գերազանցեն։ Նոյն առաքինութիւնները եղած են ու կը մնան բոլոր դարերու կիներուն ներշնչման աղբիւր։

Իբրեւ կիներու ու մայրերու տիպար օրինակ՝ Աստուածամայրը հաւատքի, կատարեալ վստահութեան, մաքրութեան եւ համեստութեան մարմնացումն է։ Թէպէտ ան վիշտի ու տրտմութեան բաժակը ցմրուր ըմպեց, սակայն միշտ վստահեցաւ Տիրոջ, ու շարունակեց իրեն վիճակուած կեանքի ուղին, որովհետեւ վստահ էր որ այդ բոլորը մաս կը կազմէին Աստուծոյ նախախնամութեան։ Ան կատարելապէս վստահեցաւ Աստուծոյ, երբեք հարցականի տակ չդրաւ Անոր կամքն ու հեղինակութիւնը։ Աւետարանին մէջ, Ս. Կոյսը կը բնորոշուի իբրեւ ամէնէն անարատ, ամէնէն խոհեմ, համեստ, հաւատարիմ, երկիւղած, հնազանդ, համբերատար, գթառատ եւ վշտահար կինը։

Ժամանակակից կինը, Ս. Կոյս Մարիամի յատկանիշները իւրացնելով, պէտք է ջանայ իր կեանքը առաջնորդել։ Իբրեւ ընտանիքին սիրտը, այսօրուան մայրերը հրաւիրուած են հետեւելու Աստուածամօր օրինակին ու իրենց Ս. Ընտանիքը կազմելու Ծնեալ Փրկչին սէրն ու զոհողութիւնը որդեգրելով իբրեւ առանցք ու հիմնաքար։

Թէեւ տարբեր ու նոր ժամանակներու մէջ կ՚ապրինք, սակայն Աստուծոյ ակնկալութիւնները մեզմէ՝ Իր զաւակներէն, երբեք չեն փոխուած։

Նոր Տարուան ղօղանջներուն հետ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան հանդիսաւոր տօնախմբութեան մթնոլորտին մէջ, մեր աղօթքները կը բարձրացնենք Ամենակալ Աստուծոյ, որպէսզի օրհնէ մեր ընտանիքները, եւ օգնէ մեզի ապրելու Ս. Ընտանիքին նման, միացած, սիրով, հաւատարմութեամբ եւ խաղաղութեամբ։

Թող Ս. Ընտանիքին սիրտը հանդիսացող սէրը, հաւատքը, համերաշխութիւնն ու հաճութիւնը ճառագայթեն եւ տարածուին մեր Թեմի մեծ ընտանիքի անդամներուն կեանքին մէջ, հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու նուիրեալ սպասարկուներուն, դաստիարակներուն, քոյր կազմակերպութեանց, բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի կեանքի բոլոր օրերուն։ Առաջնորդուինք այս արժէքներով ու զգացումներով, ի խնդիր մեր անհատական ու հաւաքական առաքելութեանց կատարման, ի փառս Երկնաւոր Հօր ու ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ։

Շնորհաւոր Նոր Տարի
Քրիստոս
Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Օրհնեալ
է յայտնութիւնն Քրիստոսի։

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,                                                                          

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ 2013

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022