Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2015


ԳՈՂԳՈԹԱՅԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ՓԱՌՔԻ

Քրիստոնէական հաւատքի հիմքը հանդիսացող մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Յարութիւնը, իր ներշնչող եւ սրտապնդող յոյսի խոստումով, դարձեալ մեր սրտերն ու հոգիները կը ջերմացնէ. յոյս մը՝ որ մեզի կը խոստանայ թէ տառապանքը տեղի պիտի տայ յաղթանակին եւ փառքին առջեւ։

Արդարեւ, Ս. Զատկուան պատգամը յաղթանակի եւ ազատագրութեան պատգամ է։ Յաղթանակ կեանքի՝ մեղքի կապանքներուն ու մահուան վրայ. յաղթանակ բարիի՝ չարին ուժերուն դէմ. յաղթանակ սիրոյ՝ ատելութեան քանդիչ զգացումներուն դէմ, եւ ի վերջոյ յաղթանակ ճշմարտութեան եւ արդարութեան՝ սուտի եւ կեղծիքին դէմ։ Ս. Յարութեան պատգամն ու խոստումը այս տարի առաւել եւս կը շեշտուի, երբ ազգովին կ’ոգեկոչենք մեր ցեղասպանութեան 100ամեակը։

Խաչի ճանապարհէն մինչեւ փառաց պսակը, Գողգոթայէն՝ Աստուծոյ գահին աջ կողմը նստիլը, ահաւոր տառապանք էր։ Աստուծոյ Որդին՝ մեր Փրկիչը մերժուեցաւ, հալածուեցաւ, ծաղրուեցաւ, թուքի եւ հարուածներու ենթարկուեցաւ, եւ փշէ պսակը գլխուն, քալեց իր խաչի ճանապարհը՝ Գողգոթայի վրայ իր թեւերը խաչափայտին վրայ տարածելու։ Ան քարայրի մը մէջ, ուրիշ անձի մը գերեզմանը թաղուեցաւ, իսկ անոնք, որոնք ուզեցին վերջ դնել իր առաքելութեան, խորհեցան որ յաղթական դուրս եկան։ Աշակերտները շփոթահար եւ յուսալքուած էին՝ ի տես իրենց վարդապետին կրած տառապանքներուն, ամբաստանութեան, զրպարտութեան, ձերբակալութեան, դատապարտութեան, չարչարանքներուն եւ ի վերջոյ, խաչի վրայ մահուան։

Եւ ահա երրորդ օրը, կասկածի քօղը պատռեցաւ եւ յաղթանակի փողը հնչեց, երբ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ մահով մահը ոտնակոխ ըրաւ եւ զգետնեց, յաւիտենական կեանքի խոստումը տալով մեզի։ Իր հակառակորդները ի զուր փորձեցին զինք լռութեան մատնել եւ վերջ տալ իր առաքելութեան, որովհետեւ այն հակառակութիւնն ու տառապանքը, որ իրեն պատճառեցին, այդ իսկ արդէն մարգարէութեան իրականացումն էր. “Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի եւ մերժուի երէցներէն, աւագ քահանաներէն եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն, պիտի սպաննուի, եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ”։ (Մարկոս 8։31)

Մեր Փրկչին Յարութեան վկաները հանդիսանալով՝ աշակերտները նոր կեանք ունեցան, հաւատքով եւ յոյսով վերակենդանացան։ Իրենց վարդապետին գօտեպնդող խօսքերով զինուելով, թէ՝ “քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին” (Յովհ. 16։33), անոնք իրենց կեանքի գնով անվախօրէն քալեցին յառաջ, որպէսզի յարութեան կենարար եւ կենսատու պատգամով աշխարհը լուսաւորեն։

Անոնց ուղին եւ առաքելութիւնը հեշտ չեղան։ Տոկացին հալածանքի, չարչարանքի եւ մահուան, սակայն երբեք չտատանեցան։ Տիրոջ խոստումով զօրացած եւ մխիթարուած, թէ՝ “Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի” (Յովհ. 11։25), նոր հաւատքի նահատակներ հանդիսացան եւ վարձատրուեցան յաւիտենական երանութեան պսակով։

Այն օրէն, որ լուսաւորիչ առաքեալները Քրիստոսի լոյսը հայ ժողովուրդին բերին, մեր ազգը դարեր շարունակ քալեց Քրիստոսի ճանապարհէն։ Անհամար տիրապետութեանց արհաւիրքներէն անցանք, մեր հողերէն աքսորուեցանք եւ տարագիր դարձանք, երբ մեր ինքնութիւնն ու գոյութիւնը վտանգուեցան։ Մեր անկախութիւնն ու Քրիստոնեայ Հայաստան ունենալու ուղին հեշտ չեղաւ։ Մեր քրտինքն ու արցունքը, մեր նախահայրերուն տառապանքն ու արիւնը անհրաժե՛շտ եղան, Աւարայրէն մինչեւ համիտեան ջարդերը, Ատանայի կոտորածը, Իզմիրի աղէտը, Սումկայիթի եւ Պաքուի սպանդները, մինչեւ մերօրեայ Արցախի սահմաններուն զոհերը, եւ յատկապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Տէր Զօրի կոշտացած անապատը դարձաւ հայկական Գողգոթան եւ Եփրատ գետը՝ գերեզմանը մեր ազգին։

Սակայն, ինչպէս Քրիստոսի թշնամիները ի զուր փորձեցին վերջ դնել կեանքին եւ առաքելութեան, նոյնպէս հայ ժողովուրդի թշնամիներն ալ ի զուր փորձեցին բնաջնջել մեր Ազգը։ Յարութեան հաւատքով եւ յոյսով զինուած՝ մեր ժողովուրդն ալ ցեղասպանութեան մոխիրներէն յարութիւն առաւ։ “Արդ, գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ”։ (Բ. Կորնթ. 2։14)

Սիրելի հայորդիներ,

Ս. Յարութիւնը մեր կեանքի իրականութիւնն է, մեր յոյսն ու յաղթանակը, տառապանքէն դէպի փառք տանող ճանապարհը։ Մեր պատմութիւնը ապացուցած է թէ “Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ”։ (Հռոմայեցիս 8։31): Մեր Նահատակները, Աստուծմով զինուած, Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրելով՝ մեր հաւատքի եւ ժառանգութեան մէջ տոկուն եւ հաստատ մնացին։ Անոնք իրենց կեանքը զոհեցին ու արիւնը թափեցին մեր հաւատքի պաշտպանութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար։ Եւ ահա իրենց գերագոյն զոհողութենէն դար մը ետք, անոնք հաւաքաբար պիտի սրբադասուին իրենց նահատակութեան եւ հաւատքի վկայութեան համար։ Անպատմելի տառապանքներէ յետոյ ահա պիտի հասնին “այն խոստումին՝ որ Աստուծոյ ընտրեալները պիտի ժառանգեն” (Հմմտ. Եփես. 1։18): “Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը” (Մատթ. 5։10): Երանի մեր Նահատակներուն, որոնք ի մօտոյ Աստուծոյ ներկայութեան, մեր բարեխօսները պիտի հանդիսանան։

100 երկար տարիներ անցած են։ Մեր լաւագոյններն ու ընտրեալ ամէնէն փայլուն մտքերը կորսնցուցինք. մեր մտաւորականները, եկեղեցականութիւնը, գրողները, ուսուցիչները, բոլոր բնագաւառներու արհեստավարժները։ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք՝ միլիոնաւոր հայեր ծնունդ չառին։ Բայց “նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս”։ (Հռոմայեցիս 5։3-4)

Ինչպէս որ առաքեալը կը պատգամէ՝ մենք բացառիկ համբերութեան եւ յոյսի ժողովուրդ ենք։ Մեր պատմութեան սկիզբէն մինչեւ Տէր Զօր եւ անդին տառապած ենք, բայց երբեք չենք ինկած։ Ազգովին քանիցս վերականգնած ենք, եւ այսօր, փառք Աստուծոյ, ունինք անկախ հայրենիք եւ շուրջ 10 միլիոն հայեր աշխարհի տարածքին, իբրեւ վկայութիւն մեր յաղթանակին եւ յարութեան։ Աւելին, աշխարհին մեծ նպաստներ ենք բերած կարեւոր նորարարութիւններով ու գիւտերով, ներառեալ բժշկութեան, գիտութեան, ճարտարարուեստի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ։ Մեր նախնիներուն աւանդով ներշնչուած, ազգովին պիտի տոկանք ու հասնինք յաղթանակին։ Իբրեւ յարուցեալ ազգի ժառանգորդներ՝ պիտի յարատեւենք մեր երթին մէջ, պիտի յիշենք եւ արդարութիւն պիտի պահանջենք, մեր նահատակներուն արեան կտակը իրագործելու համար։

Այս ամէնէն սուրբ եւ նուիրական օրերուն, մեր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը կը յղենք մեր հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, վարժարաններուն, մարմիններուն եւ կազմակերպութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, աղօթելով որ Յարուցեալ Փրկչին փառքը մեզ լեցնէ յոյսով, խնդութեամբ եւ խաղաղութեամբ։ Թող Ս. Յարութեան կենսալից պատգամը շարունակէ թափանցել իւրաքանչիւր հայու սրտէն եւ հոգիէն ներս, որպէսզի ազգովին մեզ խթանէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան հետապնդման մեր երթին մէջ։

ԶԱստուած եւ ճշմարտութիւնը մեզի հետ ունենալով, հաւատքով, յոյսով, համբերութեամբ պիտի հասնինք արդարութեան եւ մեր թշնամիներուն դէմ կանգնելով բարձրաղաղակ պիտի գոչենք. “Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ” (Ա. Կորնթ. 15։55), որովհետեւ՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Աղօթարար՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ս. Զատիկ, 2015

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022