Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2016

ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴՒՈՅՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԻՒՆԸ՝
ՃՇՄԱՐԻՏ ՕՐԻՆԱԿ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական մթնոլորտը դարձեալ կը պարուրէ մեր կեանքը, երբ մեր հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ կ’ապրինք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան խորհուրդին մեզի պարգեւած սիրոյ, հաճութեան եւ մանաւանդ երախտագիտութեամբ լի զգացումները: Արդարեւ, տարուան ամէնէն բացառիկ ժամանակն է, երբ կը վերապրինք Նորածին Արքային «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ»ը, որ դարեր առաջ մարդկութեան յայտնուեցաւ երկինքի զօրքերուն՝ հրեշտակներուն երգեցողութեամբ եւ աւետիսով.

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,
Եւ յերկիր խաղաղութիւն
Ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2:14)

Այդ խաղաղ ու աստուածային գիշերուան մէջ, Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ մանուկ մը ծնաւ, նոր եւ փառաւոր ժամանակաշրջանի մը աւետիսը իր հետ բերելով: «Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ … Անոր անունը պիտի կոչուի սքանչելի, խորհրդակից, հզօր Աստուած»: (Եսայի 9:6)

Այս ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտին մէջ, չմոռնանք երբեք Ս. Ծննդեան ճշմարիտ խորհուրդը. «Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» (Յովհ. 1:14): Որպէս Աստուծոյ գերագոյն սիրոյն արտայայտութիւնը, Յիսուս աշխարհ եկաւ խաւարին դիմաց լոյս ըլլալու, ճշմարտութեան վկան հանդիսանալու, «Աւետարանը» քարոզելու, կորսուածը փնտռելու եւ փրկելու, խաղաղութիւն բերելու եւ յաւիտենական կեանք պարգեւելու:

Արդարեւ, Արքայից Արքան, Տէրերուն Տէրը ո՛չ թէ գահի վրայ աշխարհ եկաւ, այլ համեստ մսուրի մը մէջ: Ո՛չ որպէս տանուտէր, այլ ծառայի կերպարանքով եւ մարդու նմանութեամբ եկաւ. «Բայց կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ» (Փիլիպ. 2:7): Բարի Հովիւը իր անձը զոհեց իր հօտին համար։ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան հիմնական պատգամներէն մին այն է, որ «Մարդու որդին ինքն ալ չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (Մարկ. 10:45): Յիսուս աշխարհ եկաւ, մեզի համար մարմնացաւ, խաչին վրայ իր անմեղ արիւնը թափելու, որպէսզի մենք յաւիտենական կեանք ժառանգենք. գին մը՝ զոր երբեք չենք կրնար հատուցել: Սակայն բոլորս, իբրեւ Աստուծոյ զաւակներու, կարող ենք եւ կոչուած ենք ջանալ իրեն նման եւ իրեն համար ապրելու, որովհետեւ «Ով որ կ’ըսէ թէ Քրիստոսի միացած կը մնայ, պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ» (Ա. Յովհ. 2:6):

Այո՛, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կամաւոր ծառայութեան մարմնացումն է: Ան ինքզինք մահուան գնով խոնարհեցուց եւ հնազանդեցաւ իր Հօր, որպէսզի Անոր կամքը կատարէ. «Որովհետեւ ես երկինքէն իջայ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց» (Յովհ. 6:38):

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան այս օրերուն մանաւանդ, երբ նուէրներ կը փոխանակենք, յիշենք, որ մեծագոյն նուէրը՝ մեր նմանին ծառայելու պարտականութիւնն է, հետեւելով մեր Փրկչին ծառայութեան օրինակին, որուն երկրաւոր կեանքը, ծնունդէն մինչեւ խաչելութիւն, յատկանշուեցաւ խոնարհութեամբ, հնազանդութեամբ եւ սիրոյ վրայ հիմնուած ծառայութեամբ:

Հետեւաբար, եղբայրական սիրով, խոնարհ հոգիով, անկեղծ ու գոհունակ սրտով առաջնորդուած, եկէ՛ք հետեւինք մեր Տիրոջ ծառայութեան օրինակին, այն հաւատքով եւ գիտակցութեամբ, որ մեր վարձատրութիւնը պիտի ստանանք Երկնաւոր Հօրմէն:

Սիրելի հաւատացեալներ,

Պահ մը դիտեցէք ձեր շուրջը եւ պիտի տեսնէք թէ ամէնուրեք եւ միշտ, անհրաժեշտութեան պահանջ եւ կարիքի ակնկալութիւն կայ: Մեր սեփական ընտանիքներուն մէջ, մեր եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն ներս, մեր ազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, միշտ պատճառ ու առիթ կայ ծառայութիւն ընձեռելու: Արդարեւ, ճշմարիտ մեծութիւնը ծառայութեան մէջ է, որովհետեւ, ինչպէս մեր Տէրը կ’ըսէ, «Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ» (Մարկ. 10:43):

Մեզմէ իւրաքանչիւրը աստուածատուր շնորհքներ ունի, հետեւաբար, պարտ է մեզ բարի տնտեսներ ըլլալ Տիրոջ մեզի պարգեւած շնորհներուն մէջ, եւ զանոնք ի գործ դնել սիրով, ջերմութեամբ եւ կամովին, մեր նմանին ծառայելով, եւ միաժամանակ պատիւ բերելով այն ամէն բանին, որ կը կատարենք:

Աստուած երկինքէն վար իջաւ եւ աշխարհ գալով՝ մեզի համար մարդացաւ, որպէսզի մենք առանձին չմնանք: Հետեւաբար, երբ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ծանր պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան բեռը յանձն կ’առնէ, երբեք պէտք չէ մտահոգուի, որովհետեւ Աստուծոյ պահապան աջը եւ ապաւէնը մեզի հետ է:

Մեր Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան ընթացքին, միասնական բացառիկ ճիգերով աշխարհին ներկայացանք մեր արդար դատին եւ նպատակներուն համար, առաւել եւս ապաւինելով մեր սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան:

Անկասկած, 100ամեակէն անդին, նոյն ոգիով պիտի շարունակենք մեր երթը, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումով 2016 տարին «Ծառայութեան Տարի» հռչակումէն ներշնչուած եւ առաջնորդուած: Մեր մաղթանքն ու աղօթքն է, որ Ս. Ծննդեան սիրոյ եւ հաճութեան ոգին ու մթնոլորտը, եւ յատկապէս անոր ծառայութեան պատգամը մեր հոգիներուն վրայ իշխէ, մեզ բոլորս ներշնչելով, որ ծառայութեան սրտով մղուինք եւ ամբողջ տարուան ընթացքին Տիրոջ ճանապարհէն քալենք ու առաջնորդուինք:

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ եւ ցնծալից տօներուն առիթով, փառք եւ գոհութիւն կու տանք Աստուծոյ, Իր Միածին Որդւոյն աննկարագրելի պարգեւին եւ նոր տարուան մը մեզի շնորհած նուէրին համար:

Թող 2016 տարին խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ բարութիւն բերէ աշխարհին, յատկապէս տագնապահար Միջին Արեւելքին, ու մեր Հայաստան ու Արցախ հայրենիքին:

Մեր լաւագոյն մաղթանքներն ու օրհնութիւնները կը յղենք Թեմիս հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, վարժարաններուն, կազմակերպութեանց, միութեանց բոլոր ղեկավարներուն, նուիրեալներուն եւ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, յուսալով, որ գալիք օրերը ըլլան պայծառ, առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ երջանկութեամբ լի:

Եկէ՛ք, նոր տարին սկսինք վերանորոգ հաւատքով, ծառայութեան ոգիով, յանձնառութեամբ, որպէսզի անանձնական սիրով, խոնարհութեամբ փառք ու պատիւ ընծայենք Աստուծոյ, եւ բարգաւաճ տարի մը ցանկանք մեր ազգին, եւ միասնաբար արժանանանք Տիրոջ խօսքին. «Ապրիս, բարի եւ հաւատարիմ ծառայ»:

Շնորհաւոր Նոր Տարի
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Օրհնեալ է Յայտնութիւնը Քրիստոսի

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2016

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022