Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ – Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Համայնքիս Չորս Նուիրեալներ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016ը «Ծառայութեան Տարի» հռչակող իր պատգամին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին: Հոն, ուր եկեղեցին ծառայութիւնը դարձուցած է իր կեանքին առանցքն ու նպատակը, ան դարձած է հզօր ու կենսունակ: Հոն, ուր եկեղեցին իր հեղինակութիւնը տեսած է այլ տեղ եւ ոչ թէ ծառայութեան մէջ, ժողովուրդը հեռացած է եկեղեցիէն: Հոն, ուր եկեղեցին ինքզինք նոյնացուցած է ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին հետ՝ դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս, ժողովուրդը ամրօրէն կառչած է եկեղեցւոյ»: Ա՛յս սկզբունքով, Վեհափառ Հայրապետը գահակալութեան անցնող 20 տարիները նուիրագործեց մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան, եւ այս գիտակցութեամբ ալ, Հայոց Հայրապետին նուիրումի այս ոգիին ու անխոնջ ծառայութեան 20-ամեակը մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, 1 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-ին։

Տօնախմբութեան ներկայ էին Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Հայց. Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան, եւ Ղըպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ շրջանիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոս, հոգեւոր դասու անդամներ, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Թեմիս Ազգ. Վարչութեան անդամներ, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի անդամներ, հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու ժողովականութեան անդամներ եւ բազմաթիւ հայորդիներ:

Տօնախմբութիւնը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագիրով եւ բանախօսութիւններով, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց չորս ազգային եւ մշակութային նուիրեալներ՝ Սարգիս Մահսէրէճեան, Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, Վազգէն Մատէնլեան եւ Ժան Գոսաքեան:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով, կատարողութեամբ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի 160 աշակերտներէ կազմուած երգչախումբին, որուն յաջորդեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգները, կատարողութեամբ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան, Մեսրոպեան եւ Ֆերահեան վարժարաններու աշակերտներէն խումբի մը։ Բացման խօսքը կատարեց եւ հանդէսը վարեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեան. ան ողջունեց Ն. Սրբութեան այցն ու շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը՝ Օծման եւ Գահակալութեան 20-ամեակին առիթով։ Դոկտ. Դուրեան վեր առնելով «Ծառայութեան Տարի» հռչակագիրին խորհուրդը, ըսաւ. «20 տարիներ անխոնջ ծառայութեամբ առաջնորդեցիք մեր ազգը, լուսաւորեցիք մեր ճանապարհը, սորվեցնելով ծառայութեան իսկական արժէքն ու իմաստը.
buy singulair online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/singulair.html no prescription

Վեհափառ Տէր, մենք եւս նոյն տեսլականով, նոյն հաւատարմութեամբ պիտի շարունակենք Ձերդ Սրբութեան երթը՝ առաջնորդուելով Ձեր խօսքերով եւ մանաւանդ գործերով»։

Բացման խօսքէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան եւ ծառայութեան աւելի քան 20 տարիները պատկերող տեսաերիզը, պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լսատեսողական բաժանմունքին կողմէ։

Առաջին բանախօսն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, որ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին 20-ամեայ գործունէութիւնը։ «Ազգային թէ միջազգային գործադաշտերու մէջ այնքա՛ն ծաւալուն է ու բազմաճիւղ՝ ձեր ծառայութիւնը, այնքա՛ն տիրապետող է ձեր ներկայութիւնը, եւ այնքան ճառագայթող՝ համբաւը, որ իսկապէս այս պահուն կը դժուարանամ, այսպէս, յաւուր պատշաճի խօսքի մը մէջ խտացնելու եւ արժանաւորապէս ներկայացնելու Սուրբ Օծութեանդ յոգնութիւն չճանչցող գործունէութեան տարողութիւնն ու կշիռը», յայտնեց Եփրեմ Սրբազան եւ ամփոփեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծառայական գործունէութիւնը հետեւեալ կէտերուն մէջ. ա) Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծաղկում, բ) Շինարար Կաթողիկոս, գ) Միջազգային յարաբերութիւններ, դ) Հայ Դատ, ե) Հայաստան եւ զ) Հայ ժողովուրդ։ Սրբազան Հայրը իր վկայութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Ձեր ներկայութիւնը այս օրերուն Արեւմտեան Թեմէն ներս, անհուն ուրախութիւն կը պատճառէ բոլորիս։ Ձեր յաղթանակի ուրախութիւնն է այս, որ բոլորս ալ սա պահուն մերը կը նկատենք։ Ձեր 20 տարիներու լո՛յս վաստակը այսօր կը լուսաւորէ մեր կեանքը։ Ապահով կը զգանք ձեզմով ու նաեւ հպարտ։ Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջ եւ երկար կեանք, որպէսզի նոր ամեակներու հեռապատկերով շարունակէք ձեր ծառայութիւնը՝ Աստուծոյ եւ մեր պատուական ժողովուրդի փառքին ու յաւիտենականութեան համար»։

Վեհափառ Հայրապետի գործունէութիւնը անգլերէն լեզուով ներկայացուց Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վրայ կարճ պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք, շեշտեց.
buy viagra super force online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/viagra-super-force.html no prescription

«Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ղեկավարութեամբ, վերակազմակերպուած է դիմագրաւելու 21-րդ դարու մարտահրաւէրները, միաժամանակ կառչած մնալով մեր եկեղեցական դարաւոր աւանդութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը հաստատակամ է, որ եկեղեցին պէտք է քայլ պահէ ժամանակին հետ, դիմագրաւելու այժմու պահանջները եւ սպասարկելու իր հօտին։ Ան նախանձախնդիր է յարգելու եւ պահպանելու աւանդութիւնները, առանց արգելափակուելու անոնցմով. աւանդապահ եւ ո՛չ աւանդամոլ»։ Նորին Սրբութեան ապագայատեսիլ եւ իրապաշտ ըմբռնումներուն կողքին, դասախօսը անդրադարձաւ Հայ Դատին, միջ-եկեղեցական շարժումին, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին բերած անոր նպաստին։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան խօսք առնելով շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը եւ նշեց. «Ձերդ Ս. Օծութիւնը ճանչցած ենք իբրեւ տեսիլք ունեցող, ժրաջան, գործունեայ, նուիրումն ու նուիրաբերումը գնահատող, եւ աւելի պայծառ ապագայի մը կերտման ձգտող ղեկավար մը, որ իր գլխագիր գործովն իսկ կը յորդորէ բոլորս՝ հետեւելու Ձերդ Սրբութեան օրինակին ու քայլերուն, մանաւանդ հոգածու ըլլալու մեր ժողովուրդին ու անոր երիտասարդ սերունդներուն, որոնք այսօր ու վաղը յանձն պիտի առնեն մեր երթին դրօշները»: Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացոց թեմէն ներս ծառայած չորս մտաւորականները՝ Սարգիս Մահսէրէճեան, որ եղած է ուսուցիչ, «Ազդակ»ի խմբագիր, Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելէն ետք, միացած է Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին, կը վարէ դիւանապետի պաշտօնը, զուգահեռաբար ձեռնարկած է մանկապատանեկան մատենաշարի մը հրատարակութեան, կ’աշխատակցի մամուլին, ունի մշակութային ծառայութիւն: Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան բազմամեայ կրթական մշակ եղած է, վարած է Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Երկրդ. Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, ազգային-կուսակցական գործիչ է, մշակոյթի սպասարկու: Անդամ է Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյին ու Համազգայինի Կեդր. վարչութեան, նուիրեալ աշխատանք տարած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ: Վազգէն Մատէնլեան տասնամեակներ շարունակ անձնուիրաբար ծառայած է մեր ժողովուրդին ու Թեմին. եղած է Ազգ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան վարժարանի տնօրէն, ազգային-կուսակցական գործիչ, իսկ վերջին տարիներուն, կարեւոր ներդրում ունեցած է Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան մեր Թեմի միացեալ Մարմինի աշխատանքներուն մէջ: Ժան Գոսաքեան եղած է ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան գործավար, ապա «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան անդամ, մօտաւորապէս տասնամեակ մը վարած է թերթին խմբագիր-տնօրէնի պաշտօնը, զուգահեռաբար նաեւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնութիւնը: Այնուհետեւ վարած է Ազգ. Ֆերահեան Ազգ. Երկրդ. Վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը, ներկայիս տնօրէնն է նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժինին՝ Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարանին: Ան եւս եղած է կուսակցական-ազգային գործիչ:

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրէ զիրենք ու փոխանցէ Հայրապետական պատգամը։

Շքանշաններու տուչութենէն ետք, իր շնորհաւորական խօսքով Առաջնորդ Սրբազանը խորազգաց երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ արժանի գտաւ Թեմիս չորս նուիրեալները պարգեւատրել եւ ապա նշելով Ն. Ս. Օծութեան 20-ամեայ ծառայական վաստակն ու առաքելութիւնը ըսաւ. «Կաթողիկոսական գահ Ձերդ Սրբութեան բարձրանալէն առաջ, բայց մանաւանդ անցեալ աւելի քան 20 տարիներուն, մեր ժողովուրդը ականատես վկան եղած է այն վիթխարի ներդրումին ու վաստակին, որ կերտած էք մեր Ս. Աթոռի առաքելութեան իրականացման ու ընդարձակումին մէջ, հասնելու համար մեր Թեմերուն, Հայրենիքին, Արցախի ու հայկական օճախներու հոգեմտաւոր թէ այլ կարիքներուն: Ձերդ Սրբութիւնը վերակենսաւորած է Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան յարկին տակ գործող միաւորները, աշխատանքի նոր բաժանմունքներ ստեղծած է, զարկ տուած է շինարարութեան, հովանաւորած է եւ ուղեցոյց եղած՝ մեր Թեմերու ծաղկումին, գործակցութեան կամուրջները աւելի եւս ընդարձակած է մայր հայրենիքին ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հետ, ու այս բոլորին հետ, նոր տարածք տուած է մեր ազգային իրաւունքներուն հետապնդման գործին, իբրեւ նորագոյն դաշտ՝ բանալով Սիսի Կաթողիկոսութեան պատմական կալուածներուն վերատիրացման դատը, ընդդէմ Ցեղասպան ու իրաւազրկող Թուրքիոյ պետութեան: Այս բոլորը կը պարտինք Ձերդ Սրբութեան ազգընտիր առաջնորդի հանգամանքին ու արժանիքներուն, որովհետեւ Ձերդ Ս. Օծութիւնը ճանչցած ենք իբրեւ տեսիլք ունեցող, ժրաջան, գործունեայ, նուիրումն ու նուիրաբերումը գնահատող, եւ աւելի պայծառ ապագայի մը կերտման ձգտող ղեկավար մը, որ իր գլխագիր գործովն իսկ կը յորդորէ բոլորս՝ հետեւելու Ձերդ Սրբութեան օրինակին ու քայլերուն, մանաւանդ հոգածու ըլլալու մեր ժողովուրդին ու անոր երիտասարդ սերունդներուն, որոնք այսօր ու վաղը յանձն պիտի առնեն մեր երթին դրօշները»:

Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ արտասանուած խօսքերուն համար, յիշեցնելով, որ այս 20-ամեակը իր անձէն անդին կ’երթայ այն եկեղեցական ու ազգային վեհ արժէքներուն, որոնց ծառայութեան լծուած է ինք։ «Եկեղեցականը միջոց է եւ ո՛չ նպատակ։ Եկեղեցականը արժէք կը դառնայ իր անձնազոհողութեամբ, նուիրուածութեամբ եւ ծառայութեամբ։ Եկեղեցականի մը տարած գործունէութեամբ մեր ազգն ու եկեղեցին կը փառաւորուին եւ ո՛չ թէ անձը։ Մենք կը մերժե՛նք անձի պաշտամունքը. անձը չի՛ կրնար արժէքներէն վեր ըլլալ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ ա՛յս շունչով ու ոգիով կը կազմաւորուին մեր նոր սերունդի զաւակները՝ եկեղեցին ու ազգը դարձնելով մեր ծառայութեան առանցքը», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերակատարութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց. «Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Անթիլիասը կատարեց մեր ժողովուրդի պատմութեան հրաշքներէն մին։ Ջարդուած ու կոտորակուած մեր ժողովուրդի կեանքը վերակազմակերպեց ու անոր յարութեան եւ վերածաղկումի յոյսը ներշնչեց։ Մենք այսօր Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս կը շարունակենք մեր եկեղեցանուէր ու ազգանուէր գործունէութիւնը՝ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, հայրենիքի առաւել հզօրացման եւ մեր ժողովուրդի արդար դատի առաւել ամրապնդման»։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականաց դասը, Ազգային Վարչութիւնն ու բոլոր անոնք, որոնք զանազան միութիւններու միջոցաւ Թեմէն ներս իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցւոյ ու ազգին։ Խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ «ամեակները պէտք է առիթ ըլլան նայելու մեր անցեալին, դասեր քաղելու մեր անցեալի սխալներէն եւ կերտելու մեր պայծառ ապագան»։

Տօնախբութեան ընթացքի ելոյթ ունեցան Լարքի «Ծիածան» ձեռնազանգակներու խումբը՝ երգով եւ զանգակներու նուագակցութեամբ, Օրդ. Շուշիկ Պարսումեան՝ մեներգով եւ երեք աշակերտներ՝ Անի Թովմասեան, Արա Եագուպեան եւ Ալեքս Մանուկեան՝ ասմունքով։

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական օրհնութեամբ, «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ աշակետական երգչախումբին, որուն միացան նաեւ ներկայ հանդիսականները: Ներկաները ստացան Ն.Ս. Օծութեան գահակալութեան 20-ամեակին առթիւ պատրաստուած «Հաւատքի Առաքեալը» տեսաերիզէն եւ գրքոյկէն օրինակներ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022