Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը Բարձր Գնահատեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ժողովականութեան Միամեայ Գործունէութիւնը


– ԺՈՂՈՎԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

– ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՅԾԱԿ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ «Ս. ՏՐԴԱՏ» ԵՒ «Ս. ԱՇԽԷՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՎ

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 եւ Շաբաթ, 2 Մայիսին, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ: Ժողովը ընկալեալ թուականէն կանուխ տեղի ունեցաւ, նկատի ունենալով, որ Առաջնորդ Սրբազանն ու ժողովականութեան անդամներ շուտով Ուաշինկթըն պիտի մեկնէին, մասնակից ըլլալու համար մեր եկեղեցւոյ երկու վեհափառ Հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու ու Հայաստանի պետական աւագանիին Ուաշինկթըն այցելութեան առիթով, Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական հանդիսութեանց։

Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներուն կողքին, մասնակից էին հոգեւոր հովիւներ, Ազգային Կեդր. Վարչութեան անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ, հոգաբարձութեանց ատենապետներ կամ ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. Վարժարաններու տնօրէններ ու վարիչներ։

Նիստին բացումը տեղի ունեցաւ աղօթքով։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ժողովականները եւ հրաւիրեց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանը ընթերցելու Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքն ու պատգամը, ուղղուած՝ ժողովին։ Վեհափառ Հայրապետը կ’ողջունէր ժողովականները՝ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի 43րդ նստաշրջանին առիթով, ապա, կեդրոնացած էր երկու հիմնական հարցերու վրայ. ան յիշեցուցած էր, որ կ’ապրինք Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան մթնոլորտին մէջ, սակայն պէտք է անդրադառնանք, որ պահանջատիրութիւնը որոշ տարուան կապուած երեւոյթ չէ, այլ շարունակական գործընթաց է, որ պիտի շնչաւորէ մեր հաւաքական կեանքն ու աշխատանքները, համաձայն նահատակներու կտակին: Նորին Սրբութիւնը, հայութեան պահանջատիրութեան երթին մէջ, մասնաւորաբար կանգ առած էր Սիսի Կաթողիկոսութեան վերատիրացման համար Թուրքիոյ դէմ դատին վրայ, վստահութիւն յայտնելով, որ մեր Թեմը եւս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս աշխատանքին: Երկրորդ կէտով, Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութիւն կը յայտնէր մեր Թեմի կազմակերպական վերանորոգման ընթացքին համար, կը շեշտէր կարեւորութիւնը թեմական կեանքի աւելի եւս կենսաւորման, եւ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար նոր սերունդի զաւակներուն ներգրաւման, վեր առնելով երիտասարդութեան դերին կարեւորութիւնը: Այս մտածումներով, Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն կը մաղթէր ժողովի աշխատանքներուն, գնահատանք արձանագրելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ ժողովականութեան, եկեղեցւոյ առաքելութեան բոլորին մասնակցութեան համար:

Դիւանի անդամ ընտրուեցան Տեարք Կարօ Յակոբեան ու Վարուժան Տէր Սիմոնեան՝ իբրեւ ատենապետներ. Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Տիար Համօ Գասպարեան ընտրուեցան ատենադպիրներ։

Սրտի խօսք արտասանեց Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան։ Ան ողջունեց ժողովականները, շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Տիար Վահէ Եագուպեանին, որ վերջերս հիւրընկալած էր Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածներուն վերատիրացման դատին ի նպաստ ընդունելութիւն մը։ Ան անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազանին ժրաջան աշխատանքներուն, որոնք ի գործ կը դրուին ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար 100ամեակի տարուան առիթով։ Տիար Խ. Տիքիճեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցեալի ու այժմու դերին, որ մարմնաւորուած է Ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականներու հոգածութեամբ, մեր ժողովուրդին հոգեւոր, մշակութային վերականգնումին նեցուկ կանգնելով, իսկ ներկայիս, մեր ազգային կալուածներու եւ դատին հետապնդման մէջ ռահվիրայի քայլերով։ Ան շեշտեց հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու միջեւ սերտ գործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, որ համոզում յայտնեց, թէ ժողովը շինիչ քննարկումներ ու ծրագրում պիտի կատարէ, մանաւանդ որ Ազգ. Վարչութիւնը այս տարի, ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, ազնիւ պարտականութիւնը ունի 100ամեակի ծրագիրներուն իրագործման գծով։ Ան նկատեց, որ մեր ժողովուրդը այս պատմական օրերուն, աննահանջ հաւատարմութեամբ եւ միասնական ճիգերով պիտի շարունակէ նահատակներու կտակին եւ ազգային պահանջատիրութեան երթը։ Հիւրընկալ եկեղեցւոյ՝ Քրեսենթա Հովիտի հոգաբարձութեան անունով, ողջոյնի խօսք արտասանեց երեսփոխան Հրայր Կարապետեան։

Ժողովին պաշտօնական բացման իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, աշխատանքի տարին բոլորելուն համար, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, ապա անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան անկիւնադարձային կարեւորութեան եւ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն, որոնց շարքին էին նահատակներուն սրբադասումն ու ոգեկոչական բազմաթիւ ձեռնարկներ։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտը դրաւ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ եւ ընդգծեց, որ ձեռքերու միացումը գրաւական է յաջողութեան, ինչպէս ցոյց տուին 100ամեակին առիթով միասնական ճիգերն ու գործակցութիւնը:

“Ցեղասպանութեան 100ամեակը, սիրելիներ, աննախընթաց իրագործումներ արձանագրեց հայութեան հաւաքական կեանքին մէջ, մանաւանդ Ապրիլ 24ը կանխող քանի մը շաբաթներուն: Մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումի յայտարարութիւնները՝ Վատիկանէն ու եւրոպական մայրաքաղաքներէ, ապա նաեւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ նահատակներուն հաւաքական սրբադասումն ու Էջմիածինէն ու Ծիծեռնակաբերդէն արձակուած զանգերուն արձագանգումները հայութեան ու մարդկութեան մէջ վերականգնեցին այն յոյսը, թէ արդար դատերը ընդմիշտ չեն մնար անլսելի, այլ արդարութեան ձայնը ի վերջոյ կը հնչէ ուժգին, իրաւատէրը կը դնէ իր իրաւունքներուն տիրացման աւելի լայն ճամբու մէջ: Յառաջիկայ շաբաթ, 7էն 10 Մայիսին, մեր երկու Վեհափառ հայրապետներուն Ուաշինկթըն այցելութիւնը, ընկերակցութեամբ Հայաստանի նախագահին, պետական ու քաղաքական դէմքերուն, յաւելեալ ուժ պիտի ներարկէ այս ընթացքին”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ 100ամեակին առիթով հայութեան արձանագրած իրագործումները հայութեան միասնութեան եւ միասնականութեան արդիւնքն էին, պատմական հանգրուանը իրականացաւ հաւաքական աշխատանքով:

“Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, հայկական ու միջազգային բեմերուն վրայ մեր ձեռք բերած հպարտառիթ արդիւնքները պերճախօս ուղեցոյց են, որ մեր Թեմական աշխատանքներն ալ կ’արդիւնաւորուին ու պիտի՛ արդիւնաւորուին հաւաքկան ճիգերով, ձեռքերու եւ կամքերու միացումով: Ցեղասպանութեան 100ամեակի պատգամներով նոր մղում ստանալով, մեր յոյսն ու ակնկալութիւնն է որ այսուհետեւ մեր Ս. Նահատակներուն երկնային ներկայութիւնը պարուրէ իւրաքանչուրիս էութիւնն ու ծառայական կեանքը: Եւ այնպէս՝ ինչպէս անոնք հաւաքաբար մարտիրոսացան, մենք ալ, հաւաքական հաւատքով, յոյսով եւ սիրով, իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդները իրենց հաւատքին եւ զոհողութեան, հաւաքական կամքով նոր էջ բանանք մեր կեանքին մէջ: Հաւաքական նուիրումով պիտի ծառայենք մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, նորահաս սերունդին: Հաւաքական գործակցութեամբ յառաջ պիտի տանինք մեր աշխատանքները, պիտի մշակենք մեր անդաստանները, եւ այս բոլորէն պիտի բխի հաւաքական յոյսը”, շեշտեց ան, մաղթելով, որ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի այս նստաշրջանը, որ կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100ամեակին, դարձակէտ արձանագրէ մեր Թեմի երթին մէջ, ինչպէս որ այս տարուան Ապրիլը հանգրուանային եղաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ:

Ժողովական յանձնախումբերուն ընտրութենէն ետք, հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները զեկուցումներ տուին իրենց աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին. այս զեկոյցները կ’արձանագրուին փորձառութեանց փոխանակումի նպատակով։ Առաջնորդ Սրբազանը, զեկոյցներուն ընթացքին, ողջոյնի խօսք ուղղեց ժողովի անդամներէն Տեարք Ճէք Հաճինեանի, Ատրուաշան Արմէնեանի եւ Պերճ Աբգարեանի, որոնք այս տարի ստանձնած են յաջորդաբար՝ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի, Լաս Վեկասի ու Ֆրեզնոյի Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսի պաշտօնները։

Բ. նիստին, ժողովը կեդրոնացաւ Ազգ. Վարչութեան նիւթաբարոյական գործունէութեան քննարկման վրայ։ Ժողովականներուն նախօրօք տրամադրուած տեղեկագիրներուն իբրեւ ամբողջացում, Կրօնական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչները տուին լրացուցիչ զեկոյցները։ Աչքի առջեւ ունենալով միամեայ գործունէութեան ընդհանուր եւ խրախուսիչ պատկերը, ժողովը “յոյժ գնահատելի” նկատեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ժողովականութեան տարած աշխատանքը։

ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ Նիստի աւարտին, տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերար ընտանիքներէն՝ Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհաննէսեանի պարգեւատրումի արարողութիւնը, ձեռամբ՝ Առաջնորդ Սրբազանին: Ծանօթ է, որ Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին առիթով, աւանդութիւն դարձած է պատուել մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին նութական ու բարոյական ծառայութիւն մատուցող ազգայիններ: Հետեւելով այդ աւանդութեան, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ այս ժողովին առիթով, եւ ի ներկայութեան Ազգային Առաջնորդարանի յարկինու հովանիին տակ գործող բոլոր մարմիններուն ու միաւորներուն ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, յարմար նկատուած է պատուելը Տէր եւ Տիկին Կայծակ եւ Անահին Օհաննէսեան ամոլը:

Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Օհաննէսեան ամոլին զօրակցութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանին, յիշեցնելով, որ տարեսկիզբին, այս ընտանիքը սիրայօժար կերպով ընդառաջեց իր փափաքին եւ կատարեց 150,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը, հանդիսանալով Սիսի կաթողիկոսական կալուածներու դատին ի նպաստ մեր Թեմի առաջին նուիրաբերողը: Այնուհետեւ, այս ընտանիքը նուիրատուութիւններ կատարեց նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի պայծառացման համար. այդ, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին եւ Ազգ. Առաջնորդարանիս ի նպաստ մատուցուած իշխանավայել օժանդակութիւնը հասած է 235,000 տոլարի, որուն մաս կը կազմէ Տիկին Անահիտին կողմէ Ազգ. Առաջնորդարանիս կատարուած նուէրը, ի յիշատակ իր եղբօր՝ սիրուած երգիչ Փօլ Պաղտատլեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ յայտարարեց, որ բարերար ամոլը պատրաստակամ կը մնայ շարունակելու իր զօրակցութիւնը։

Գերշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատնքի գիրը, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը Ազգային Առաջնորդարանի բարձրագոյն շքանշանով՝ “Ս. Տրդատ” եւ “Ս. Աշխէն” շքանշաններով զարդարեց մեծարեալներուն կուրծքերը:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՏԱՊ ՀԱՐՑԵՐԸ Շաբաթ առաւօտուն շարունակուած նստաշրջանը, յառաջիկայ տարուան աշխատանքներուն ուղեգիծը պատրաստելու առընթեր, կարեւորութեամբ կանգ առաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումի անմիջական եւ հեռահաս աշխատանքներուն, ու մեր Թեմին անոնց մասնակցութեան վրայ։ Ժողովը գործնական քայլերով իր նիւթական եւ բարոյական զօրակցութիւնը արտայայտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերատիրացման առաջադրանքին, նկատի ունենալով նոյն օրերուն Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը։

Ժողովը նաեւ խոր մտահոգութիւն արձանագրեց Սուրիոյ տագնապին ծանրացման, յատկապէս Հալէպի հայութեան եւ ընդհանրապէս շրջանի քրիստոնեաներուն դէմ ճնշումներուն ու հալածանքներուն, նկատեց, որ այս բոլորը պատահականութիւն չեն, այլ ոճրային արարքներուն ետին յայտնապէս կը կանգնի Թուրքիոյ պետութիւնը, իբրեւ իրողական աջակից՝ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ կը քաջալերէ անոնց արարքները։ Ժողովը խնդրամատոյց եղաւ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Ուաշինկթըն իր այցելութեան առիթով, լոյս սփռուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն այս ժխտական դերակատարութեան վրայ:

Ժողովը իր աւարտին հասաւ կանուխ յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանին փակման խօսքով։ Ան յիշեցուց, որ փորձառութեանց բաժնեկցութիւնն ու համերաշխ գործակցութիւնը, ձեռքերու միացումը՝ երաշխիք են յաջողութեան, ինչպէս տեսանք 100ամեակի օրերուն՝ արձանագրուած յառաջխաղացքներու ընդմէջէն։ Ան կոչ ուղղեց այս ոգիով շարունակելու յառաջիկայ աշխատանքները, նայիլ 100ամեակի հանգրուանէն անդին, եւ իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով, ուղղուած՝ ժողովին եւ Ազգ. Առաջնորդարանի գործին բոլոր մասնակիցներուն։

Ժողովը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազանին Պահպանիչով ու “Կիլիկիա”ի եւ Հայաստանի Քայլերգին երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022