Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ հայ եկեղեցիներու տիկնանց միութեանց, Ուրբաթ, 6 Մարտ 2015ին, United Armenian Congregational Եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի օրը։ Այս տարի, ձեռնարկը կը նշէ իր 45րդ տարեդարձը:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Արժ. Տ. Արտակ Տէմիրճեանի, ներկայ եղաւ արարողութեան: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան:
Այս տարուան բնաբանը՝ «Գիտէ՞ք թէ ինչ ըրի», քաղուած է Յովհաննու Աւետարանի 13-րդ գլուխի 12-րդ համարէն. հարցումը մեր Տիրոջ կողմէ աշակերտներուն ուղղուած է ոտնլուայէն ետք:
Յայտագիրը կ’ընդգրկէր աղօթքներ, Սուրբ Գրային ընթերցումներ, սաղմոսներ, շարականներ, խորհրդածութիւններ եւ պատգամներ: Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ կատարեց փակման աղօթքը:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Աւազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ի յիշատակ ձեռնարկի հիմնադիր անդամ Տիկ. Ազնիւ Աբգարեանի։