Գովելի սովորութիւն է տարեդարձները տօնախմբել հրապարակաւ եւ միասնական ճիգերով, նախ փառք տալու համար Աստուծոյ եւ ապա՝ յիշելու մեր ազգային աւանդներուն հաւատարիմ անձերու ճիգով իրագործուած նուաճումները:
Տարեդարձները, անցեալին վրայ նետուած ակնարկներ ըլլալէ անդին, առիթ են ներկա՛ն կազմակերպելու եւ ապագա՛ն ծրագրելու՝ նոյն հաւատքով, նոյն տեսլականով եւ նոյն նուիրումով:
Այս մտահոգութեամբ եւ գիտակցութեամբ ալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը որոշեցին տօնակատարել եկեղեցւոյ օծման 46-րդ տարեդարձը, ամրապնդելու համար մեր ներկան եւ հիմնաւորելու համայնքիս ապագան:
Այս առիթով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան մեր ճիգին զօրավիգ կանգնելու հայրական հոգածութեամբ, փութաց Սան Ֆրանսիսքօ, առաւել հաւատք ու խանդ բերելու՝ անձնապէս իւրաքանչիւր ծխականի ու ծառայողի, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքին:
Առաջնորդ Սրբազանը Սան Ֆրանսիսքօ ժամանեց Շաբաթ, 10 Նոյեմբեր 2012ի երեկոյեան, եւ եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն եւ յարակից միութեանց վարչութեանց անդամներուն հետ, սիրոյ սեղանի մը շուրջ հանդիպում մը ունեցաւ, շատ շինիչ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտ ժամը 10ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ դպիրներու եւ սարկաւագներու, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանի:
Ժամերգութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, զգեստաւորուելով, »Հրաշափառ«ի երգեցողութեամբ՝ թափօրով Ս. Խորան առաջնորդուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցելու: Սրբազան Հայրը աւուր պատշաճի իր պատգամին մէջ Աստուծոյ գոհութիւն եւ փառք տալով ըսաւ.- »Քրիստոնէական ու հոգեւոր սիրով կþողջունեմ բոլորդ այս փառաւոր ու գեղեցիկ օրով, յատկապէս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ այս Եկեղեցւոյ 46-րդ տարեդարձի հաւաքական տօնախմբութեան առթիւ: Անցնող տասնամեակներուն, խումբ մը հաւատաւոր հայորդիներ ձեռնարկեցին այս գաղութի գոհարը հանդիսացող եւ ծովածոցի փարոս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան: Փառք եւ պատիւ հիմնադիր սերունդին՝ հոգաբարձութեան եւ կամաւորներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հիմնադիրներուն հետքերով ընթացան եւ տակաւին կþընթանան նոյն տեսլականով ու առաքելութեամբ։ Այսօր նաեւ առիթ է որպէս ժառանգորդները այդ աւանդին՝ վերանորոգելու մեր ուխտը, նոյն յանձնառութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ շարունակելու այն՝ ինչ որ իրենցմէ մեզի հասած է։
»Այսօր, ինծի համար մեծ ուրախութիւն է այստեղ տեսնել եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի եւ Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի աշակերտները։ Սիրելի աշակերտներ, դուք եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքի ապագան էք։ Մեր հայրերէն ձեզի աւանդ հասած հաւատքն ու արժէքները բարձր պահեցէք, որովհետեւ անոնց արժանաւոր ժառանգորդները դուք պիտի ըլլաք։ Թող Աստուած օրհնէ ձեզ եւ գալիք բոլոր սերունդները, առաջնորդէ արդարութեան ճանապարհէն, ի փառս եւ ի պայծառութիւն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ազգին։
»Այս օրհնալից օրուան առթիւ, նաեւ կը շնորհաւորեմ եւ կը գնահատեմ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, երեսփոխաները, տիկնանց միութիւնը եւ յարակից մարմիններն ու կամաւորները, նաեւ ձեզ բոլորդ ձեր նուիրեալ ծառայութեան համար։
»Այսօրուան Աւետարանական հատուածը քաղուած է Ղուկասու Աւետարանի 8:49-56էն, որ կը պատմէ Յայրոսի աղջկան բժշկութեան հրաշքին մասին։ Յիսուս դիտմամբ ուշացաւ Յայրոսի տունը հասնելու, սակայն աստուածային փառքը յայտնուեցաւ, երբ հասաւ այնտեղ։ Նաեւ ճամբուն ընթացին ուրիշ բժշկութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ, կþըսէ Աւետարանիչը. տարիներէ ի վեր արիւնահոսութենէ տառապող կին մը բազմութեան մէջէն հասնելով Յիսուսի հագուստին քղանցքին հաւատքով դպաւ ու առողջացաւ։
»Այսօրուան այս հատուածը, սիրելի հաւատացեալներ, ուժեղ պատգամ մը ունի փոխանցելիք մեզի, յիշեցնելով որ Տէր Յիսուս Քրիստոս իշխանութիւն ունի նա՛եւ մահուան վրայ։ Նոյնիսկ մահը կը խափանուի անոր ներկայութեան։ Ան եկաւ եւ հասաւ Յայրոսի տունը՝ իր Աստուածային Փառքով ու զօրութեամբ, եւ անշնչացած ու անկենդան փոքրիկ աղջկան ձեռքէն բռնելով՝ զայն կեանքի կոչեց վերստին։ Ուստի, սիրելի հաւատացեալներ, Առաքեալին բառերով՝ »Վերջին թշնամին՝ մահը, խորտակուեցաւ« (Ա. Կորն. 15:26) Քրիստոսի փրկարար գալուստով։ Նոյնպէս, գալիքին, Քրիստոս պիտի ժողվէ իր զաւակները միատեղ, անբաժանելի միութեամբ մը, իր երկրորդ գալուստի օրերուն, որպէսզի անոնք երկնքի Արքայութիւնը ժառանգեն։
»Այսօրուան Աւետարանի երկրորդ պատգամը՝ Քրիստոսի հանդէպ հաւատք եւ Քրիստոսի ճառագայթող սէրն է, որ կը փոխանցէ մեզի, հաւատացեալներուս, եւ կը սորվեցնէ թէ Քրիստոս ինք մեզի պիտի հասնի մեր տագնապի եւ դժուարութեան պահուն, այնպէս՝ ինչպէս հասաւ Հայրոսին, որ հաւատաց Իր զօրութեան։
»Ուստի, սիրելիներ, մեր հաւատքը ըլլայ սրտի խորքէն եկող եւ ամուր՝ հանդէպ մեր բարեգութ Երկնաւոր Հօր. ըլլանք իր կամքը կատարողները, ու միշտ յիշենք այսօրուան Աւետարանի դասէն մեզի հասնող պատգամը, թէ Տիրոջ ապաւինողը երբեք ամօթով չի մնար։ Ես այս մտածումներով ձեզի կոչ կþուղղեմ ամրապնդուելու աղօթական կեանքով եւ հասնելու տագնապի մէջ եղող մեր նմաններուն, մանաւանդ՝ սուրիահայութեան, որ վերջերս կը դիմագրաւէ տագնապալից օրեր։ Ուստի, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի հայրական կոչին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի թեմերէն ներս տեղի կþունենան դրամահաւաքի տարբեր ձեռնարկներ։ Այս գաղութէն ներս եւս տեղի պիտի ունենայ նմանօրինակ ձեռնարկ մը, գալ Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2012-ի յետմիջօրէին«։ Պատարագիչ Սրբազանը եզրակացուց. »Իմ մաղթանքս է, որ դուք ալ, որպէս եկեղեցւոյ մարմինին մէկ անդամը, ձեր մասնակցութիւնը բերէք այդ հաւաքին, ի նպաստ Սուրիոյ մեր եղբայներուն եւ քոյրերուն, որովհետեւ, ինչպէս Առաքեալը կþըսէ՝ բոլորս ալ Քրիստոսի Մարմնին անդամներն ենք։ Եթէ Մարմինի մը մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի։ Ուստի, Աստուծոյ կամքը կատարելու ձեր բոլոր ազնիւ ճիգերուն մէջ օրհնեալ ըլլաք«։
»Տէր Ողորմեա«ի պահուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բոլոր ապրող բարերարներուն արեւշատութեան եւ առողջութեան համար յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ առ բարձրեալն Աստուած, որպէսզի ընդ երկար շարունակեն իրենց ազնիւ ու ազնուական գործը՝ եկեղեցւոյս պայծառացման եւ համայնքիս բարգաւաճման համար։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ համայնքի սիւները հանդիսացող եւ եկեղեցւոյս հիմնադիր հանգուցեալ բոլոր բարերարներուն հոգիներուն ի հանգիստ, որոնք տարիներ շարունակ գործեցին հաւատքով ու նուիրումով եւ անցան։ Ամենաբարին Աստուած թող անոնց յիշատակը անթառամ պահէ եւ կեանքի օրինակելի ընթացքն ալ վարակիչ դարձնէ այլոց։
Յաւարտ արարողութեան, Սրբազան Հայրը թափօրով եւ »Ուրախ լեր«ի երգեցողութեամբ յառաջացաւ եկեղեցոյս շրջափակը, ուր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ երգուեցան »Կիլիկիա«ն եւ »Մեր Հայրենիք«ը։
Սրբազան Հայրը, ապա, եկեղեցւոյ կողքի »Վասպուրական« սրահի մէջ ի պատիւ իրեն տրուած հիւրասիրութեան նախագահեց, որուն ընթացքին շրջանիս նորակազմ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը ներկաներուն հրամցուց հոգեւոր երգերու եւ աղօթքներու փունջ մը, մեծապէս խանդավառելով ներկաները։
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտներուն Ս. Գրային յատուկ պատգամով սրբանկարներ ցրուեց, որմէ ետք, մեծապէս գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի պատասխանատու՝ Տիկին Քարոլին Արիստակէսեանն ու իր օգնականները, ապա ուղղեց իր հայրական խօսքը ծնողներուն, որ իրենց զաւակներու հոգեւոր դաստիարակութեան յատուկ ուշադրութիւն ընծայեն՝ զանոնք ամէն Կիրակի Կիրակնօրեայ դպրոց բերելով, իսկ անոնց բարի օրինակ հանդիսանալու համար, իրենք ալ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակից դառնան։
Այսպիսով, եկեղեցւոյ 46-րդ տարեդարձը ըստ արժանւոյն տօնախմբուելով, անմոռանալի օր մը դարձաւ համայնքի հաւատաւոր հայորդիներուն համար, նպաստելով անոնց հոգեմտաւոր աճման ու զօրացման։