Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017ին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին հիւրընկալեց Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 47րդ տարեկան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Հայց. Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական, Նազովրեցի եւ Եղբայրակցութիւն եկեղեցիներէն Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւորականներու եւ տիկիններու: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան մասնակից եղաւ արարողութեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի, Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի:
Օրուան նիւթն էր Մատթէոսի Աւետարանի 20-րդ գլուխի 1էն 16-րդ համարներու մէջ արձանագրուած՝ «Այգիի մշակներուն վարձքը» առակը, իսկ բնաբանը՝ «Միթէ անարդա՞ր եմ քեզի»:
Յայտագիրը սկսաւ հոգեւորականներու թափօրով։ Հրամցուեցան աղօթքներ, հոգեշունչ երգեր, սուրբ գրային ընթերցումներ ու պատգամներ:
Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը եւ կատարեց փակման աղօթքը: Ան նախ փառք տուաւ Աստուծոյ այս օրհնալից ու բացառիկ օրուան առիթով, երբ աշխարհի բոլոր կողմերը համախմբուած կանանց կողքին մեր մայրերն ու քոյրերը եւս համախմբուած միասնաբար կ’աղօթեն։ Ապա, մէջբերեց Ս. Պատարագի արարողութենէն հետեւեալ խնդրանքը. «Դուն, որ օրէնքին եւ մարգարէութեանց լրումն ես, ո՜վ մեր Աստուածն ու փրկիչը՝ Քրիստոս, եւ Հօրը կամքով իրենց կատարումին հասցուցիր բոլոր տնօրինութիւնները, Սուրբ Հոգիովդ լեցուր մեզ»: Այնուհետեւ, խօսքը ուղղելով ներկաներուն, Առաջնորդ Սրբազանը հարց տուաւ. «Արդեօք բոլորս այս պահուն կրնա՞նք վկայել թէ լեցուած ենք Ս. Հոգիով։ Իբրեւ Տիրոջ այգիին ընտիր մշակներ՝ արդեօք հաւատարիմ ենք մեր ծառայական կեանքին մէջ։ Կը վկայե՞նք որ մեր Աստուածը արդար Աստուած մըն է, որ մեր վրայ կը տեղացնէ իր բարիքները. արդեօ՞ք հաւատարիմ ենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհքներուն»։ Ապա, հաստատեց, որ հակառակ անոր որ այս երկրաւոր աշխարհին վրայ կը վկայենք թէ անարդարութիւններ կը գործուին, խտրականութիւններ կան, սակայն վստահ ըլլանք որ Աստուած արդար է, Իր խոստումը կը պահէ եւ մեզի կը բաշխէ իր բարիքները եւ Իր արդար դատաստանին պիտի արժանացնէ բոլորս: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները, յայտագիրին մասնակցողներն ու ներկաները, մաղթելով, որ շարունակեն աստուածահաճոյ կեանքը, տոգորուած Ս. Հոգիին ներշնչումով եւ իր խօսքը եզրափակեց Ներսէս Շնորհալի հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքին հետեւեալ բառերով. «Արդար դատաւոր. երբ Հօրդ փառքով գաս ողջերն ու մեռելները դատելու, դատաստանի մի՛ մտներ Քու ծառայիդ հետ, այլ փրկէ՛ զիս յաւիտենական կրակէն, եւ երկինքի արքայութեանդ մէջ ինծի լսել տուր արդարներուն ուղղուած երանաւէտ կոչը. եւ ողորմէ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»:
Կանանց աղօթքի օրուան պահը աւարտեցաւ «Տէրունական Աղօթքի» հաւաքական երգեցողութեամբ։