Հայ Կանանց Աղօթքի Օրուան 48-րդ Տարեկան Հաւաքը

Ուրբաթ, 2 Մարտ 2018-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կանանց Աղօթքի Օրուան 48-րդ տարեկան հաւաքը, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական յարանուանութիւններէն աւելի քան 500 տիկիններու։ Աղօթքի այս օրը կը զուգադիպի Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի օրուան, որ կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ։ Այս տարուան խորհրդածութեան թեման էր «Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութիւնը բարի է»։

Յայտագիրը կազմուած էր աղօթքներով, սաղմոսներու եւ Աւետարանէն հատուածներու ընթերցումներով, հոգեւոր երգերով ու շարականներով, հոգեւոր խորհրդածութիւններով եւ պատգամներով։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, աղօթքի այս հանդիպումին մասնակից եղան Արժ.
buy lipitor online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/lipitor.html no prescription
Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։ Տ. Ղեւոնդ Քահանայ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը, նաեւ կատարեց փակման աղօթքը։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտը կը դնէր աղօթքի անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ աղօթքը մարդս աւելի՛ կը մօտեցնէ Աստուծոյ ու զայն կը պահէ Արարիչին հետ հաղորդակցութեան մէջ։ Տակաւին, աղօթքը զօրութեան, խաղաղութեան, յոյսի եւ հոգեկան ուրախութեան աղբիւր է։ Այս մօտեցումով, ան կ’ողջունէր տիկիններուն մէջ արմատաւորուած հաւատքը, որ արտայայտութիւն կը գտնէ տարուէ տարի կանոնաւոր կերպով աղօթքի այս օրը կազմակերպելու մէջ։ Ակնարկելով օրուան թեմային՝ ան ներկաները յորդորեց արդար տնտեսներ ըլլալ Աստուծոյ բոլոր ստեղծագործութիւններուն ու մանաւանդ առաւելագոյն սիրով, յարգանքով ու բարիքներով վերաբերիլ մեծագոյն ստեղծագործութեան՝ մարդ արարածին նկատմամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022