Ուրբաթ, 2 Մարտ 2018-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ (1500 E. Washington Blvd.), տեղի պիտի ունենայ Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 48րդ տարեկան հաւաքը։ Աղօթքի այս օրը կը նշուի աւելի քան 170 երկիրներու մէջ, ուր տարբեր յարանուանութեանց անդամներ միասնաբար կ’ունենան աղօթքի պահ մը։
Այս տարուան խորհրդածութեան թեման է «Աստուծոյ ամբողջ ստեղծագործութիւնը բարի է»։ Կը մասնակցին աւելի քան հինգ հարիւր հաւատացեալ տիկիններ, գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդներու եւ հոգեւոր հայրերու։ Աղօթքի պահը պիտի սկսի ժամը 11։00-ին, եկեղեցւոյ մէջ. անկէ առաջ, ժամը 9։30-ին, մասնակիցները պիտի հիւրընկալուին կազմակերպող եկեղեցւոյ կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու, մասնակից պիտի ըլլայ արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր օրհնութիւնը։