ՀՕՄ-ի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» Մասնաճիւղը Տօնեց Հիմնադրութեան 50-րդ Տարեդարձը

ՀՕՄ-ի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» մասնաճիւղը Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, տօնեց իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձը, որ նաեւ 37-րդ տարեդարձն էր իր հաստատած շաբաթօրեայ դպրոցին, իսկ 20-րդ տարեդարձը՝ մանկամսուրին։

Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ փոխանցեց իր շնորհաւորանքի պատգամը։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Տիար Լեւոն Կիրակոսեան, Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, «Դրօ» Կոմիտէի եւ Ս. Խաչ Տաճարի հոգաբարձութեան անդամներ, բարերարներ ու բարեկամներ։

Ձեռնարկը սկսաւ ամերիկեան, հայկական ու ՀՕՄ-ի քայլերգներով։ Տիկնայք Ռիթա Թօփալեան եւ Խաթուն Բագրատունի յանձն առած էին հանդիսավարութիւնը։ Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Տիկին Սօնա Ֆընտըքեան։ Պետական ընտրեալ պաշտօնատարներ մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն յանձնեցին գնահատագիրներ։ Հայր Միւռոն կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։ Յանուն մասնաճիւղի վարչութեան՝ գնահատագիրներ տրուեցան շաբաթօրեայ վարժարանի վարիչ Լիլիթ Պաղտասարեանի ու մանկամսուրի վարիչ Նայիրա Ուզունեանի։ ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Տիկին Սիլվա Փօլատեան։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքն ու «Նայիրի» մասնաճիւղը, նշելով, որ այս տարին յոբելենական տարի է, Հոլիվուտի Մայր« մասնաճիւղը վերջերս տօնեց իր 100-ամեակը, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մանսաճիւղը պիտի նշէ իր 60-ամեակը, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն իր 35-ամեակը, իսկ այս մասնաճիւղը կը տօնէ իր կէս դարեան կեանքի վաստակը։ Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը մասնաճիւղին շնորհեց Օրհնութեան Գիր մը, որուն մէջ գնահատանք կ’արձանագրէ «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիրներուն ու անոնց սկսած երթը շարունակողներուն, որոնց գործունէութիւնը տարածուած է Մոնթեպելլոյէն մինչեւ միջին արեւելեան գաղութներ, ընդգրկելով շրջանի Ազգ. ՄԵսրոպեան վարժարանը ու իր հաստատած շաբաթօրեայ վարժարանը, հաւատարիմ մնալով ՀՕՄ-ի առաքելութեան։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «50-ամեակի այս ոսկեայ յոբելեանին առիթով, կ’աղօթեմ առ Աստուած, որ Իր Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի պահէ «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամներուն, անոր բոլոր գործակիցներուն ու հովանաւորներուն վրայ, օրհնէ յիշատակն ու վաստակը հիմնադիրներուն ու անձնդիր ծառայողներուն, ու այս մասնաճիւղը հասցնէ աւելի պայծառ յոբելեաններու։ Բարի տարեդարձ ու աննահանջ երթ «Նայիրի» մասնաճիւղին»։

Յայտագիրի յաջորդ բաժինով, ՀՕՄ-ի Կերդրոնական ու Շրջանային վարչութեանց անունով, Օր. Ռիթա Հինդլեան եւ Տիկ. Սիլվա Փօլատեան գնահատագիրներ յանձնեցին 50 տարիներու ծառայութիւն ունեցող անդամներու։ Տիկին Օլկա Կիրակոսեան յատուկ պատիւի արժանացաւ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ՝ իր կեանքի ծառայութեան համար։

Պաշտօնական յայտագիրը վերջ գտաւ մոմավառութեամբ։ Յաջորդեց երաժշտական յայտագիր մը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022