Երեքշաբթի, 10 Մայիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի մէջ գործող Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աւարտական՝ 5-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ նախակրթարանի տնօրէնուհի դոկտ· Սիւզի Օհանեանի եւ դաստիարակ ուսուցիչներու:
Կրտսեր եւ պատանի աշակերտները խմբական դրութեամբ աղօթեցին, արտասանեցին ու երգեցին, այլեւ վերի կարգէն չորս պարմանուհիներ հայկական պար ներկայացուցին, աղօթական-քրիստոնէական ու ազգային-հայրենասիրական հանդէսի խանդավառ մթնոլորտ ստեղծելով Ազգ. Առաջնորդարանի եւ բոլոր ներկաներուն սրտին մէջ: Աշակերտական հանդէսին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատանքի իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով կանգ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի գրչին պատկանող եւ Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած աղօթքի աշակերտական արտասանութեան երեւոյթին վրայ, բարձր գնահատելով աշակերտներուն ցուցաբերած հաւատքն ու երկիւղածութիւնը՝ իրենց հայ-քրիստոնեայի մանուկ էութեան մէջ. «Սիրելի աշակերտներ, դուք շատ գեղեցիկ արտասանութիւն, երգ ու պար ներկայացուցիք: Բայց ես ամէնէն շատ սիրեցի այն պահը, երբ դուք այնքան գեղեցիկ, այնքան հայկական ու քրիստոնէական աղօթեցիք: Ձեր աղօթքը այնքան կատարեալ ու անթերի հնչեց, որ դպրոցի մը աշակերտներէն սպասուածը այսքա՛ն կրնայ ըլլալ: Իրօք, այսօր Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանը մեզի ներկայացուց լաւագոյնը՝ աղօթքի, արտասանութեան, երգի ու պարի առումով»:
Աւարտին, այցելու աշակերտները անակնկալ նուէր մը մատուցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ, իր կարգին, վիզի փայտեայ խաչեր նուիրեց անոնց, միաժամանակ գնահատանքի ջերմ խօսքեր ուղղելով վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն՝ հայ-քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս ի գործ դրած անոնց յոյժ ողջունելի եւ անխոնջ ջանքերուն համար: