Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, իր ծխական շրջաններով եւ պետական ու միութենական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներով, յարգելով տասնամեակներու բարի աւանդութիւնը, 6 Յունուարի երեկոյեան, ընդառաջելով Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրին, համախմբուեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, միասնաբար տօնելու հայկական Ս. Ծնունդը եւ լիցքաւորուելու Քրիստոսի ծննդեան պատգամներով ու խորհուրդով, վերանորոգ ուխտով շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը։
Աւելի քան 600 տօնակատարողներու շարքին էին Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Տիար Պերճ Աբգարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչն ու անդամներ, Թեմիս հոգեւոր դասու, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Տիար Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանի անդամ Տիար Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Տեարք Արա Նաճարեան, Զարեհ Սինանեան եւ Վարդան Կարապետեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Ճէք Հաճինեան եւ քաղաքի գանձապահ Աշոտ Մուրատեան, ծխական շրջաններու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու տնօրէններ, Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի, «Դրօ» Կոմիտէի, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի, CASPS-ի, մամուլի, Հայ-Ամերիկեան Բժշկական ընկերակցութեան, Հայ Ոսկերիչներու ընկերակցութեան, Կլենտէյլի Կրթական Համակարգի, Լոս Անճելըս Գաւառի Կնոջական Միութեան, «Ֆորէսթ Լոն» հաստատութեան, Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի, եւ Կլենտէյլի «Adventist» հիւանդանոցի ներկայացուցիչներ, բարերարներ ու բարեկամներ։
Ընթրիքի կազմակերպումը վստահուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։ Գլխաւոր հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլը։
Հանդիսավարներն էին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ու Օրդ. Զապէլ Կիրակոսեան: Յայտագիրը սկսաւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի ողջոյնի խօսքով. ան նշեց, որ ընթրիքի այս երեկոն տեղի կ’ունենայ ընտանեկան ու հայաբոյր մթնոլորտի մէջ, ու յանուն կազմակերպիչ մարմինին՝ բարի գալուստ ու բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:
Այնուհետեւ, սկիզբ առաւ խորհրդաւոր եւ տօնական պահը, երբ սրահին լոյսերը մեղմացած, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ, հոգեւոր հայրերը սրահ մտան մոմեր ի ձեռին, տօնին յատուկ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» եւ այլ շարականներով ներկաներուն հաղորդեցին Ս. Ծննդեան աւետիսը: Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան ընթերցեց Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը յայտնող աւետարանական հատուածը, որուն յաջորդեց Թաթախի աւանդական արարողութիւնը։ Իւրաքանչիւր սեղանի երէց անդամը նշխարը առնելով բաժնեց սեղանակիցներուն, որոնք գինիի բաժակներուն մէջ թաթխելով ճաշակեցին։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը:
Հանդիսավարները ողջունեցին ներկայացուցչական դէմքերն ու ներկայ հիւրերը, անդրադարձան տօնական օրուան խորհուրդին եւ բարի վայելում մաղթեցին ներկաներուն:
Օրդ. Զ. Կիրակոսեան բացման իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ցնծութեան այս օրերուն, իբրեւ հաւատարիմ ժառանգորդները մեր սրբազան պապերուն, չենք կրնար մոռնալ, որ Յիսուսի ծնունդը բոլորիս համար յուշարար ղօղանջ է, թէ ունինք նաեւ հոգեկան գոհունակութեան պատճառներ, որովհետեւ Աստուածորդին աշխարհ բերաւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ պատգամները։ «Յիսուսի ծնունդը սիրոյ եւ հաճութեան պատգամը տարածեց մարդկութեան մէջ, որովհետեւ Աստուածորդին նաեւ մարմնաւորումն էր մարդուն հանդէպ Աստուծոյ անսահման սիրոյն: Մեր Փրկիչը իր կեանքը մեղաւոր մարդուն համար զոհաբերեց խաչին վրայ, որպէսզի հաւատացեալին յոյսը չկորսուի», նշեց ան:
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, ուղղուած՝ երեկոյի մասնակիցներուն եւ մեր Թեմի զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ժողովականութեան անդամները, Թեմիս հայկական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ գնահատեց անոնց բազմավաստակ գործունէութիւնը, ապա վեր առաւ եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութեան կարեւորութիւնը։ Նորին Սուրբ Օծութեան պատգամը կեդրոնացած էր երեք հիմնական մտածումներու վրայ։ Ան յիշեցուց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդները ներգրաւելու կարեւորութիւնը, շեշտելով, որ Հոգեւորականաց դասու կողքին՝ երիտասարդութիւնը եւս բաժնեկից պէտք է դառնայ ծառայական կեանքին։ Երկրորդ՝ «ժողովուրդի կեանքէն ներս, հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդներու կենսագործումը մեր բոլորին պարտականութիւնն է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, շեշտելով քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։ Ի վերջոյ, խօսելով Ս. Գիրքի սերտողութեան մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ս. Գիրքը իր արժէքներով եւ Աստուածային ուսուցումներով պէտք է ապրինք մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ. հոգեւոր արժէքներու վերազարթնումն ու կենսագործումը պէտք է ըլլայ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը»։
Նորին Սուրբ Օծութիւնը եզրափակեց իր պատգամը հրաւիրելով ներկաները հետամուտ դառնալու մեր նախնեաց հաւատքին եւ նոյն հաւատարմութեամբ ապրելու մեր հաւատքի ու ծառայութեան կեանքը, հետեւելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին եւ Բեթղեհեմէն ճառագայթող արժէքներով ապրելու մեր կեանքը, մաղթելով երկնային օրհնութեամբ լեցուն, յաջող ու երջանիկ օրեր։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ Երեկոն յագեցած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով։ Ընթրիքի տեւողութեան, ելոյթ ունեցան Կրէկ Հօշարեան ու իր նուագախումբը (Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնակ, Սալբի Քէրքոնեան՝ սրինգ, Այլին Ամիրայեան՝ մեներգ, Ճորճ Պիլէզիկճեան՝ տհոլ եւ Նորմըն Լուտվին՝ Թաւ ջութակ), որոնք դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեցին մթնոլորտը: Երկրորդ բաժինով, Ծննդեան երգերու գեղեցիկ փունջով մը եւ դասական երգով առինքնող ոճով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Պերճ Քիրազեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սոֆի Սարգիսեանի։
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, պաշտօնական բաժինը շարունակուեցաւ. Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քահանայ յիշեցուց, որ 2016ը Առաջնորդ Սրբազանին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 40րդ տարեդարձն էր, նաեւ իբրեւ առաջնորդ՝ մեր Թեմին մէջ ծառայութեան 20րդ տարեդարձը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազանի ծառայական կեանքին, շնորհաւորեց զինք եւ մաղթեց, որ մեր ժողովուրդը բազմաթիւ տարիներ վայելէ անոր ծառայական առաքելութիւնը:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը բեմ հրաւիրուեցաւ արտասանելու իր պատգամը: Ան առաջին հերթին գնահատանքով արտայայտուեցաւ երկու հանդիսավարներուն, երեկոյի կազմակերպիչ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին ու յայտագիրին մասնակիցներուն ներդրումին մասին: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ պայծառ եւ ուրախ տարուան մը համար բարի մաղթանքներ փոխանցեց: Առաջնորդ Սրբազանը երախտագիտութիւն արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր հայրապետական մաղթանքով ու թեմական աշխատանքներուն նկատմամբ հոգածու վերաբերմունքով կը կանգնի մեր կողքին, նաեւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Տաճատ Աշըգեանն ու Տ. Պարոյր Շէրնէզեանը տրամադրած է մեր թեմի ծառայութեան, իսկ մօտ ատենէն մեր Թեմը պիտի առաքէ երկու միաբաններ եւս:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երեկոյի հովանաւորներուն եւ զօրակցողներուն, մասնաւորաբար շնորհակալոււթիւն յայտնեց Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան ամոլին՝ 100,000 տոլարի նուիրատուութեամբ ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորը ըլլալուն համար, Տոքթ. եւ Տիկին Սքաթ եւ Ճէյն Ասմարի, Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, երիտասարդական աշխատանքներու եւ կարիքաւոր աշակերտներու աջակցութեան նպատակով 100,000 տոլարի խոստումին համար, նաեւ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեանի, որոնք Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով, 100,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեցին Կաթողիկոսարանին, Ազգ. Առաջնորդարանին եւ իրենց անունը կրող ազգային վարժարանին: Ան բեմ հրաւիրեց երեք բարերար ընտանիքները եւ յանուն մեր Թեմի ժողովականութեան, գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց անոնց: Առաջնորդ Սրբազանի կողքին էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տեարք Աւօ Քէշիշեան, Անդրանիկ Գասպարեան, եւ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան:
Գնահատանքի այս արտայայտութիւններէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց իր պատգամը: Ան փառք տուաւ Բարձրեալին, որ նոր տարուան սեմին, բոլորիս առիթը ընծայեց ի մի խմբուելու եւ զիրար շնորհաւորելու Ս. Ծննդեան աւետիսով, նաեւ անոր համար, որ այս տարի, Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօնը ազգովին կը դիմաւորենք աւելի գոհունակ պայմաններու մէջ, ականջալուր ըլլալով Հալէպի ու Արցախի համեմատաբար աւելի բարւօք պայմաններուն։ Ան անդրադարձաւ աւարտող տարուան ընթացքին ազգ. Առաջնորդարանի իրագործումներուն ու կտրած հանգրուաններուն, յիշեցնելով, որ 2016 տարուան բարձրակէտը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը, որուն ընթացքին նշեցինք Նորին Ս. Օծութեան գահակալութեան 20րդ տարեդարձը. այդ այցելութիւնը մեր աշխատանքներուն նոր մղում տուաւ եւ հանդիսացաւ ուխտի վերանորոգման առիթ. նշելով, որ Վեհափառ Հայրապետը 2017ը հռչակած է «Վերանորոգման Տարի», Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Սա բաց հրաւէր մըն է բոլորիս, անհատապէս թէ հաւաքաբար, որպէսզի արդար մօտեցումով գնահատենք մեր իրագործումները, հպարտանանք նուաճումներով, սակայն անդրադառնանք նաեւ մարդկային թերութիւններու, աշխատինք նոր եռանդ ու աւիշ ներարկել մեր աշխատանքի դաշտերուն, ճիգ ընենք աւելի՛ եւս բարելաւելու մեր գործը: Վերանորոգութեան եւ աշխատանքի բարելաւման համար, արդեօք կարելի՞ է գտնել աւելի լուսատու ուղեցոյց, քան նոյնինքն Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխած պատգամները։ 2017 տարիներ առաջ, լուռ, ցուրտ, մութ բայց սուրբ գիշեր մը, Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով նոր կեանք պարգեւեց մարդկութեան եւ ցոյց տուաւ սիրոյ, հաճութեան, խաղաղութեան եւ հաւատքի ճամբաները, եւ մենք, այս հաւատքով ու ուխտի վերանորոգութեան կամքով է որ տօնեցինք Ս. Ծնունդը եւ կը պատրաստուինք վերանորոգ հոգիով շարունակելու նոր տարուան մնացեալ օրերը»:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յիշեց, որ անցեալ տարի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը զինք 6րդ քառամեակի մը համար ընտրեց թեմակալ Առաջնորդ, նաեւ ընտրուեցան Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան նոր կազմեր: Այս բոլորը նոր սկիզբ մը կը հանդիսանան Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքները վերանորոգ կենսունակութեամբ յառաջ տանելու եւ նոր ծրագիրներ իրականութիւն դարձնելու: Ան այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մեր Թեմի կազմակերպութեանց ու միաւորներուն, որոնք սերտօրէն կը գործակցին Առաջնորդարանին հետ ու զօրավիգ են անոր ծրագիրներուն կենսագործման: «Շատ աւելին կրնանք իրականացնել, եթէ միացնենք մեր ճիգերն ու ձեռքերը, եւ այս բոլորէն անդին՝ հետեւինք Կորնթացիներուն ուղղուած Պօղոս Առաքեալի այն խօսքին, թէ լաւագոյն արդիւնքի կը հասնինք, եթէ գործենք սիրով» ( Ա. Կորնթ. 16:14):
Առաջնորդ Սրբազանը շարունակեց. «Ազգային Առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերը ընդարձակ են ու կ’ընդարձակուին տարուէ տարի, որովհետեւ շատ աւելի մեծ են մեր ժողովուրդին, հաւաքական կեանքի կարիքները: Եւ ես ուրախ եմ, որ այս ընդարձակ դաշտերուն մէջ առանձին չենք, այլ մեր կողքին ունինք հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները»:
«Մեր ձեռքերը իրարու կը միանան, պէ՛տք է միանան ոչ միայն մեր Թեմին կարիքներուն համար, այլ նաեւ ընդառաջելու համահայկական մարտահրաւէրներուն։ Մենք մասնակից ենք ու պիտի շարունակենք մասնակից ըլլալ Արցախի աւերուած գիւղերուն վերականգնումին: Մասնակից ենք ու մասնակից պիտի մնանք մեր Դատի կենսագործման նորագոյն եւ գործնական մէկ երեսին՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի կալուածներուն վերատիրացման դատին հետապնդման: Այս բոլորը կը գումարուին մեր գաղութին մէջ մշակուած այլ ծրագիրներու վրայ, որոնց կարգին է Կլենտէյլի մէջ Հայ Ամերիկեան թանգարանի կառուցումը, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Նորթ Հիլզի հալալիրին՝ »Մարի Գապայեան« նախակրթարանի շրջափակին մէջ շինարարական ծրագիրը, եւ Նորթ Հոլիվուտի եւ Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքները սեփական եկեղեցիով օժտելու ծրագիրները: Եւ ես կասկած չունիմ, որ այդ բոլորին պիտի հասնինք միացեալ ճիգերով, որովհետեւ մեր մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալին մէջ ունինք բազմաթիւ փաստացի վկայութիւններ«, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ բոլորը հրաւիրեց հաւաքական աւելի սերտ գործակցութեան, յիշեցնելով Տիտոսի ուղղուած Պօղոս Առաքեալի խօսքը, որ կը յորդորէ պատրաստ ըլլալ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու, ոեւէ մէկը չանարգելու, մարդու հետ չկռուելու, այլ փափկանկատ ըլլալ եւ կատարեալ ազնուութիւն ցուցաբերել բոլոր մարդոց հանդէպ։ (Տիտ. 3։2)
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակելով, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Ս. Ծննդեան տօնին խորհուրդները մշտապէս ջերմացնեն բոլորին սիրտերն ու կեանքերը, ողջ հայութեան ու մայր հայրենիքին բերէ անխառն բարիք, խաղաղութեան, սիրոյ եւ հաճութեան զգացումները տարածուին համայն մարդկութեան հոգիներուն ու սիրտերուն մէջ, որպէսզի երկրագունդը դառնայ այն միջավայրը, ուր մարդիկ ապրին աստուածահաճոյ կենցաղով, փոխադարձ սիրով, յարգանքով ու գործակցութեան տրամադրութեամբ, եւ ոչ թէ արիւնալի ճակատումներով:
Յայտնենք, որ բոլոր ներկաները իբրեւ նուէր ստացան Հաւատք, Յոյս եւ Սէր արձանագրութիւնը պատկերող յուշանուէրներ։
Երեկոն վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով, «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական Մաղթանքի խմբերգումով: Ներկաները զիրար շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան ու ամանորի առիթով ու մեկնեցան յիշատակելի երեկոյ մը բոլորած ըլլալու բերկրանքով: