Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի 70-ամեակին առիթով, ուսումնարանին Լոս Անճելըսի շրջանաւարտներու միութիւնը Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին կազմակերպած էր յոբելենական պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որ կը զուգադիպէր այս միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակին։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Իրանահայերու միութեան Կլենտէյլի սրահին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, հայկական միութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ճեմարանականներ ու բարեկամներ։
Միութեան անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Գէորգ Քորթոշեան։ Հանդիսավարը՝ Տիար Գէորգ Պետիկեան, հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք Ճեմարանի դերին, կտրած փայլուն ճանապարհին եւ վերջին տարիներու ոդիսականին, առաջին հերթին հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը։
Առաջնորդ Սրբազանը, ողջունելով ներկաները, նշեց, որ այս հանդիսութիւնը գոհունակութեան ու հոգեկան ցնծութեան մէկէ աւելի առիթներ կը ստեղծէ։ «Դուք հոս էք՝ տօնելու Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Թէեւ անցեալ տարիներուն ալ նման հանդիսութիւններ կազմակերպած էք, սակայն այս տարի, տարեդարձի այս տօնակատարութիւնը պատմական իւրայատուկ իմաստ կը ստանայ մէկէ աւելի պատճառներով», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ շարունակեց. «Բնական է որ առաջին հերթին յարգանքով խոնարհինք յիշատակին առջեւ այն սերունդին, որ հիմը դրաւ պատմական ու պատմակերտ այս ուսումնարանին։ Պէտք չունինք երկար խօսելու այն առանցքային դերին մասին, որ վերապահուած է Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր գաղութին, ո՛չ միայն Ցեղասպանութենէն ետք, այլ նաեւ ողջ հայութիւնը տաժանքի ու սուգի մատնած այդ հանգրուանէն առաջ ալ։ Քարէն Եփփէ Ճեմարանին հիմնադրութիւնը խորքին մէջ գործնական վկայութիւն մըն էր մեր եկեղեցական ու ազգային հարստութեանց ու աւանդներուն մեր ժողովուրդի ու մտաւորականներու հաւատարմութեան։ Հիմնադիրները, Բերիոյ Թեմի օրուան Առաջնորդ երանաշնորհ Զարեհ Սրբազանը, որ աւելի ուշ իբրեւ Զարեհ սքանչելի կաթողիկոս պիտի բարձրանար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահը, մեծ երախտաւորի մը՝ Հրաչ Փափազեանի եւ խումբ մը գաղափարական գործակիցներու հետ ազնիւ գաղափարը ունեցաւ այս ուսումնարանը կոչելու բարեսէր միսիոնարուհիի մը՝ Քարէն Եփփէի անունով, իբրեւ հայութեան կողմէ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր փրկարար ու հայանուէր ծառայութիւններուն։ Ու եթէ Զարեհ Վեհափառն ու անոր գործակիցները, նոյնինքն Օր. Քարէն Եփփէն այսօր պահ մը մեզի հետ ըլլային, անկասկած, որ հպարտութեամբ պիտի դիտէին իրենց ցանած սերմերուն ծաղկումը։ Ու մենք կը հաւատանք, որ անոնց հոգիները մեզի հետ են այս պահուն, մեզի հետ են միշտ»։
Իբրեւ ուրախութեան երկրորդ պատճառ, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Հալէպէն հասնող այն լուրերուն, ըստ որոնց, աւելի քան հինգ տարիներու ահաւոր տագնապը վերջ գտած է եւ շրջանի հայութիւնը դանդաղ բայց հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի վէրքերու ամոքում ու վերականգնում։ «Պատահական չէ, որ Ճեմարանը այս բոլորին մէջ կը գրաւէ կորիզային տեղ, իբրեւ մեր ուսումնարաններուն մէկ առաջատարը։ Խորքին մէջ, ազգային բազմաթիւ հաստատութիւններու նման, Քարէն Եփփէ Ճեմարանն ալ անցեալ տարիներուն ակամայ դարձաւ Հալէպի հայութեան կեանքին մէկ խորհրդանիշը։ Ինչպէս Ազգային Առաջնորդարանը, եկեղեցիներ ու հայկական տուներ՝ Ճեմարանն ալ ստացաւ ահաւոր հարուածներ, կրեց քանդում ու աւերում, եւ սակայն, խաղաղութեան առաջին քայլերուն հետ, վեր կանգնեցաւ փլատակներէն եւ այսօր արդէն նոր հուն կը բանայ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան, հայրենասէր քաղաքացի մարդ կերտելու իր առաքելութեան մէջ։ Բոլորիս համար երջանիկ յուզումի պահեր էին այն օրերը, երբ իմացանք, որ ճեմարանականներ անձամբ մասնակից եղած են փլատակներու մաքրութեան աշխատանքին, եւ ուսումնական այս տարեմուտը պայծառութիւն բերած է այս փարոսին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ գնահատանքով խօսեցաւ Լոս Անճելըսի ճեմարանականներուն ու անոնց 40-ամեայ միութեան մասին, յիշելով, որ խաղաղութեան թէ տագնապի տարիներուն, նախկին սաները միշտ կանգնեցան իրենց հոգեմտաւոր սնունդ ներկարկած Ճեմարանին կողքին, ու վստահաբար պիտի շարունակեն նոյն յանձնառութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ գնահատանք արձանագրեց իրենց ուսումնարանին գործնապէս երախտապարտ եղող բազմաթիւ ճեմարանականներուն, նշելով ,որ բազմաթիւ վկայութիւններ կը հաստատեն, որ շրջանաւարտներ տարբեր ճիւղերու եւ մեր ազգային կեանքին մէջ համագաղութային տարողութեամբ նուաճումներ արձանագրած են ու ներդրում ունեցած՝ հայութեան ու մարդկային կեանքի ծաղկումին մէջ։
«Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ՝ ՏԻԱՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ
Իր խօսքի վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս հանդիսութիւնը ուրախութեան առիթ է նաեւ անոր համար, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընդառաջելով իր ու Ազգ. Վարչութեան խնդրանքին, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը կը շնորհէ Ճեմարանի անդաստանէն անցած, անոր ծառայած ու իր դաստիարակչական առաքելութիւնը մեր Թեմին մէջ շարունակող՝ Ազգ. Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի փոխ տնօրէն Տիար Վարդգէն Նալպանտեանի։ Ան բեմ հրաւիրեց մեծարեալը. Հայր Թորգոմ ընթերցեց հայրապետական կոնդակը, ապա, Առաջնորդ Սրբազանը Տիար Նալպանտեանի կուրծքը զարդարեց շքանշանով։ Մեծարեալը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազանին, ապա նաեւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ Ճեմարանի դերակատարութեան մասին։
Իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ Ֆրանսայէն հրաւիրուած էր ծանօթ մտաւորական, վաստակաւոր դաստիարակ եւ Ճեմարանի առաջին տարիներու սաներէն Տիար Յակոբ Պալեան, որ խօսելով Ճեմարանի հայակերտ ու հայրենասէր սերունդներ պատրաստող դերակատարութեան մասին, ընդգծեց, որ նման հանդիսութիւններ պէտք է ծառայեն այսօրուան տուեալներուն հիմամբ ապագան նախատեսելու եւ հունաւորելու մօտեցումի ձեւաւորման։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ հայրենադարձութեան կարեւորութիւնը՝ մեր հայրենիքին ու ազգին լինելութիւնն ու ապագան երաշխաւորելու առաքելութեան մէջ։
Յայտագիրը ունէր գեղարուեստական բաժին, որ կազմուած էր երաժշտական մատուցումով, երգով ու ասմունքով։ Ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը՝ Ճեմարանի անցեալէն, պատերազմի տարիներու քանդումի պատկերներէն ու վերականգնումի նորագոյն էջերէն։ 40-ամեայ միութեան անունով սրտի խօսք արտասանեց Տիկին Ծովինար Մելքոնեան։
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, կազմակերպիչ միութիւնն ու յատուկ յանձնախումբը ազնիւ գաղափարը ունեցած էին յոշանուէրներով պատուելու Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն երկու ներկաներ՝ Տիկին Երանուհի Ջաղացպանեան-Կարապետեանն ու Տիար Հրայր Աւետեանը։
Փակման խօսքը եւ աղօթքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քահանայ։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ վեր առաւ այն՝ որ այս հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ Հայ Մշակոյթի ամսուան աւարտէն առաջ, կանգ առաւ նոր սերունդներուն մէջ հայ մշակոյթի աւանդները ծլարձակելու Ճեմարանի դերին առջեւ եւ «Պահպանիչ»ով օրհնեց ներկաները։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ, որմէ ետք, միութիւնը պատշաճ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր մասնակիցներուն համար։