Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Մարմինին, Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2015ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու 85-ամեակի տօնակատարութիւնը։ Ներկայ էին թեմիս հոգեւորականաց դասը, Ազգ. Վարչութեան անդամ Մհեր Տէր Օհաննէսեան, եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց անդամներ, բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչական կազմեր եւ ծնողներ։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի քայլերգի ու Կիրակնօրեայ Վարժարանի մաղթերգի երգեցողութեամբ, զոր միասնաբար կատարեցին բոլոր աշակերտները: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հանդիսավարը՝ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինի համա-ատենապետ Տիար Րաֆֆի Թորոսեան, որ ապա, հերթաբար հրաւիրեց իւրաքանչիւր Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները, որպէսզի ներկայացնեն իրենց պատրաստած շարականները, երգերն ու ասմունքները։ Յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց, Փասատինայի Ս. Սարգիս, Նորթ Հոլիվուտի եւ Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեաներուն աշակերտները:
Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինի համա-ատենապետ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան ներկայացուց համառօտ ակնարկ մը Կիրակնօրեայ Վարժարաններու գործունէութեան մասին:
Հանդիսավարը ապա բեմ հրաւիրեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որ գլխաւոր բանախօսն էր: Հայր Սուրբը ներկայացուց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու պատմականը, նաեւ որոշ մտածումներ ներկայացուց, թէ Կիրակնօրեայ դպրոցն ու ծնողներ ինչպէս կրնան գործակցիլ եւ հոգալ մեր մանուկներուն հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան աւելի լաւ դիմագրաւել կեանքի մարտահրաւէրները։
Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերաւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցչուհի՝ Էլենա Աւանէսեան, որ մեներգեց Կոմիտասի «Յորժամ» շարականը։
Տօնակատարութեան փակման ու օրհնութեան խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան նախ եւ առաջ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կազմակերպուած ձեռնարկին համար, գնահատեց դաստիարակներն ու աշակերտները, ներկայացուցած գեղեցիկ յայտագիրին համար: Ան ողջունեց ներկայութիւնը ալեհեր, ծերունազարդ, սակայն իր հոգւով միշտ կայտառ, բազմատաղանդ բանաստեղծ Տիար Ժագ Ս. Յակոբեանի, ապա իր խօսքը շարունակեց ըսելով.- «Մենք լսեցինք մեր աշակերտները, իրենց գեղեցիկ ներկայացումները, որոնք Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութիւն, Աստուծոյ էութեան, հոգիին, խօսքին առաջնորդութեան իրենց հաւատարմութեան ուխտը վերանորոգեցին։ Այս բոլորը մեր ժողովուրդի յաւերժութեան եւ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար են։ Մեր քաղցր հայ լեզուն հնչեց այսօր, կենդանի եւ վառ շունչով, որովհետեւ ինչպէս բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան ըսած է՝ մեր հաւատքի կանթեղը այսպէսով վառ է մնացած»։
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց Կիրակնօրեաներու 85ամեակին առիթով շնորհաւորելով Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինը, հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալները։
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» երգով։