Հայ Մշակութային Հաստատութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ

Կիրակի, 1 Մարտ 2020-ին, Հայ Մշակութային Հաստատութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Պէվըրլի Հիլզի «Մոնթաժ» պանդոկին մէջ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ եւ կատարեց բացման աղօթքը։ Պաշտօնական հիւրերու կողքին, ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ։

Ճաշկերոյթի ընթացքին, մեծարանքի արժանացան Առաջնորդ Սրբազանը, գաղութիս գործօն անդամներ եւ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան եւ ազգային բարերարներ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան։

Բացման խօսք արտասանեցին Օր. Միռնա Գասամանեան եւ Տիար Արամ Մանուկեան, որուն յաջորդեց քայլերգներու երգեցողութիւնը, կատարողութեամբ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի աշակերտներուն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հայ Մշակութային Հաստատութեան անխոնջ ճիգերը ի նպաստ հայ դատին եւ մեր ազգային իտէալներու հետապնդման ու ճանաչման գծով։ Ան օրհնեց ու գնահատեց Հաստատութեան նուիրեալ անդամները իրենց հետեւողական ծառայութեան, ինչպէս նաեւ օրուան մեծարեալները իրենց բազմավաստակ ներդրումներուն՝ ի նպաստ մեր Թեմի եկեղեցիներուն, վարժարաններուն եւ համայնքի կազմակերպութիւններուն։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Իրաւաբան Արմէն Յովհաննիսեան։ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատգամը փոխանցեց ներկայացուցիչ Դոկտ. Գարմէն Օհանեան, իսկ Հայ Մշակութային Հաստատութեան պատգամը՝ ատենապետ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան։

Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանցումը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022