Դեսպան Ճոն Հեֆըրն Այցելեց Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցին

Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն Երեքշաμթի, 8 Յունուար 2013ին այցելութիւն մը տուաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցի եւ ծանօթացաւ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումμի ատենապետ ՏիարԱտրուշան Արմէնեանի եւ շինարարական յանձնախումμի անդամներէն Լեւոն Կիւլպէնկեանի ու Գօգօ Տարագճեանի։ Դեսպանին կþընկերանար Անտրէ Աղասիի անուան նախապատրաստական ակադեմիայի տնօրէնը՝ Տիար Քրիս Սմիթ։

Դեսպանը ծանօթացաւ նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն։ Ծխական շրջանի պատասխանատուները μացատրեցին, որ 6 Յունուարին, եկեղեցւոյ յարկին տակ առաջին անգամ ըլլալով տօնական օրերու յատուկ Ս. Պատարագ մատուցուած էր, ներկայութեամμ աւելի քան 250 հաւատացեալներու։ Անոնք նաեւ յոյս յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները լրումին հասնին յառաջիկայ Մարտին։ Դեսպանը շնորհաւորեց հայ համայնքը՝ եկեղեցաշինական այս աշխատանքին յաջողութեան համար, եւ խոստացաւ յառաջիկային դարձեալ այցելել այս եկեղեցին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022