Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց անդրանիկ այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, որուն կ’ընկերանային Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Տիար Վարազդատ Պահլաւունի։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։
Առաջնորդ Սրբազանը յանուն Թեմիս հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգային Իշխանութեան բարի գալուստ մաղթեց մեծարգոյ դեսպանին եւ անոր ընկերակցող հիւրերուն։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունելէ ետք հիւրերը, բարձրօրէն գնահատեց դեսպանին տարած ազգօգուտ առաքելութիւնը եւ անոր բեղուն գործունէութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց։ Իսկ Ազգային Վարչութեան Ատենապետը իր սրտի խօսքին մէջ դրուատեց դեսպանը ու Ազգային Վարչութեան անունով պատրատակամութիւն յայտնեց աւելի եւս խորացնելու Առաջնորդարան եւ դեսպանատուն գործակցութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Այցելութեան աւարտին, ներկաները ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր աղօթքի պահ մը ունեցան։