Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016ի յետմիջօրէին, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան, Զարգացման եւ Արտաքին Յարաբերութեան բաժանմունքի փոխ նախագահ Տիկին Լորէյն Ալէքսանտր եւ Զարգացման փոխ-վարիչ Մաթօ Սէնէքէրիմեան այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ:
Հանդիպումը կեդրոնացաւ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր համալսարանին արձանագրած յառաջդիմութեան, ինչպէս նաեւ հիմնադրութեան 25ամեակի տօնակատարութեան ծրագիրներուն վրայ, որ Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի Նոյեմբերին: Դոկտ. Տէր Կիւրեղեան անդրադարձաւ Լիբանան իր վերջին այցելութեան մասին, ուր ան առիթ ունեցած է հանդիպում մը ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, համայնքի ղեկաւարներու եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն հետ: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան նաեւ միջոցառումներ նախաձեռնել՝ քաջալերելու համար սփիւռքէն այս համալսարանը յաճախող աշակերտներու մասնակցութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց հիւր ներկայացուցիչներուն ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց առաքելութեան: Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։