Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտուն ընդունեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Տոքթ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանի եւ համալսարանի զարգացման բաժանմունքի փոխ նախագահ Փօլ Եղիայեանի այցելութիւնը։
Տոքթ. Տէր Կիւրեղեան ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ համալսարանի դասընթացքներուն եւ Հայաստանէն թէ արտասահմանէն եկող ուսանողներու տրամադրած ծառայութիւններուն մասին, նշելով, որ համալսարանը ունի մասնագիտական բազմաթիւ ճիւղեր, Պսակաւորի ու Մագիստրոսի տիտղոսներու կ’արժանացնէ շրջանաւարտները, որոնք կրնան դիւրութեամբ բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու ճանչցուած համալսարաններու մէջ, որոնց հետ որոշ գործակցութիւն մշակած է Երեւանի համալսարանը։ Ան նաեւ լուսաբանութիւններ տուաւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին, որոնք կրնան հետաքրքրել նա՛եւ Հայաստանի մէջ ուսանիլ փափաքող արտասահմանցի երիտասարդներ։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով խօսեցաւ Տոքթ. Տէր Կիւրեղեանի ներդրումի ու տարած աշխատանքին մասին, վեր առնելով արդի աշխարհին մէջ մասնագիտական ուսման կարեւորութիւնն ու այս համալսարանին մատուցած ծառայութիւնները՝ Հայաստանին ու այլ երկիրներէ անոր դիմող ուսանողներուն։ Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յարգելի հիւրին իբրեւ յուշանուէր յանձնեց Ազգ. Առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութիւններէն օրինակներ։