Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2015ին, Թեմիս Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ներկայացուցիչներու, Համալսարանի մուտքի ընդունման պատասխանատու Արինա Զոհրապեանի եւ Օգլընտի մէջ տեղակալ Մաթօ Սենեքերիմեանի, որոնք Առաջնորդարան եկած էին ներկայացնելու համալսարանին Սփիւռքի աշակերտներու տրամադրած ուսումնական զանազան կարելիութիւնները, որոնց շարքին է նաեւ ամառնային ծրագիրներ, հեռակայ ուսանելու կարելիութիւնները եւ այլ դիւրամատչելի ձեւեր։
Ներկայացուցիչները յայտնեցին, թէ անցնող շաբթուան ընթացքին անոնք այցելած են գաղութի Հայկական վարժարանները, տեղեկացնելու համար Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի տրամդրած ծրագիրներուն մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց այցելու ներկայացուցիչներուն ճիգերը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ բոլոր ծրագիրներուն համար։