Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Տիկին Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան իշխանական նուիրատուութեամբ մը յանձն առած է հովանաւորել Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոն, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է, Առաջնորդ Սրբազանի Ս. Ծննդեան Ընթրիքի երեկոն աւելի քան երկու տասնեակ տարիներէ ի վեր բարի աւանդութիւն դարձած է մեր Թեմին մէջ եւ ի մի կը խմբէ Ազգային Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքն ու մեր գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հայրենի պետութեան ներկայացուցիչները, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, բազմահարիւր ազգայիններ, առիթ ընծայելով զիրար շնորհաւորելու եւ բարի մաղթանքներ փոխանակելու մտերմիկ ու տոհմիկ մթնոլորտի մը մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Տիկին Անահիտ Օհաննէսեանի այս սրտաբուխ նուիրաբերումին համար, նշելով, որ ազնիւ հայուհին այսպէսով նորագոյն քայլ մը կ’իրագործէ իր ընտանիքին հաստատած բարի աւանդութեան ճամբուն մէջ։ Արդարեւ, Տիկին Անահիտ եւ իր հանգուցեալ ամուսինը անցեալ տարիներուն եւս հովանաւորած են Առաջնորդ Սրբազանի Ս. Ծննդեան Ընթիքի երեկոն, այլ առատաձեռն նուիրատուութիւններով գործնական զօրակցութիւն ցուցաբերած են Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ եղած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սիսի պատմական նստավայրին վերատիրացման նպատակով Թուրքիոյ դէմ բացուած դատին մեր Թեմի առաջին զօրակիցներէն։ Յիշեցնենք, որ առ ի գնահատանք բարերար ընտանիքի առատաձեռն նուիրաբերումներուն ու զօրակցական կեցուածքներուն, Առաջնորդ Սրբազանը երկու տարի առաջ հանգուցեալ Կայծակ Օհաննէսեանը պատուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի «Ս.
buy ventolin generic https://rxbuywithoutprescriptionrxonline.com/ventolin.html over the counter
Տրդատ Թագաւոր» շքանշանով, իսկ Տիկին Անահիտը՝ «Ս. Աշխէն Թագուհի» շքանշանով։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Տիկին Անահիտ, իր այս բարի արարքով, վառ կը պահէ իր ազնուասիրտ ամուսնոյն յիշատակը։