Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Չորեքշաբթի, 20 Փետրուարի երեկոյեան, «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ մը՝ ի պատիւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան, հրշէջներու բաժանմունքի եւ շտապօգնութեան ծառայողներուն, անոնց մատուցած անսակարկ ծառայութիւններուն համար։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց Սրբազանին բարեմաղթութիւնները։
Խօսք առին մասնաճիւղի համա-ատենապետ Տիար Ռոնի Ղարիպեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Տիար Զարեհ Սինանեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռուբէն Գիւրջեան եւ Կլենտէյլ քաղաքի տնօրէն Տիկին Եասմին Պիրզ։