Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կողմէ Պարգեւատրուեցաւ

Կիրակի, 25 Օգոստոս 2019-ին, «Ռենէսանս» ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան մրցանակաբաշխութեան եւ գնահատանքի ձեռնարկը, որուն ընթացքին մեծարանքի արժանացան անձնաւորութիւններ ու կազմակերպութիւններ որոնք ներդրում ու նպաստ ունեցած են Կլենտէյլի հայ համայնքին։

Այս տարուան յոբելեարներն էին Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակ, «Ասպարէզ» օրաթերթ՝ «Հայ Դատ» մրցանակ, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն՝ Վուտրօ Ուիլսընի անուան «Հանրային Սպասարկութեան» մրցանակ, Կլենտէյլի Երիտասարդ Քրիստոնեաներու Կանանց Միութիւն՝ Մարիա Ճէյքըպսընի անուան «Մարդասիրութեան» մրցանակ, Լենա Գորթոշեան՝ «Համայնքային Սպասարկութեան» մրցանակ եւ Նիքոլեթա Սարգիսեան՝ «Երիտասարդ Գործիչ» մրցանակ։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ Տէր Վազգէնին ուղղուած օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ վեր առած էր Տէր Հօր աւելի քան 25 տարիներու ծառայական կեանքը եւ դրուատած էր անոր անանձնական նուիրումը, անմնացորդ սէրը եւ գործօն մասնակցութիւնը թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մշակութային, թէ՛ բարեգործական եւ թէ՛ հայրենանուէր բնագաւառներէն ներս։ Ան նաեւ իր խօսքին մէջ գնահատեց Տէր Հօր կրօնական դաստիարակչական ծառայութիւնը, որպէս ուսուցիչ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022