Հաղորդագրութիւն – «Յարութ Պարսամեան Կրթանպաստ» Հիմնադրամը Դիմումնագրեր Կ՛ընդունի 2022-2023 Տարեշրջանի Համար

Հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, նախաձեռնութեամբ Ազգային վարչութեան, «Յարութիւն Պարսամեան Կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը այսու բացուած կը յայտարարէ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանի համար դիմումնագրեր ընդունելու ժամանակաշրջանը:

Հանգուցեալ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ հաստատուած այս հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ այն հայ ուսանողներուն, որոնք իրենց բարձրագոյն ուսումը կը շարունակեն գիտական մասնագիտութեանց կալուածէ ներս, Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող վարկաւորում ստացած որեւէ համալսարանի կամ գոլէճի մէջ:

Դիմումնագրի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.-

Ա. Նամակ մը, ուր նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքէն ներս վարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան ու ել-նամակի հասցէները եւ հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը:

Բ. Անջատ թուղթի վրայ, դիմողը պէտք է նշէ սփիւռքահայութեան առնչուող եւ զինք մտահոգող պարագայ մը կամ երեւոյթ մը, ապա արձանագրէ իր անհատական առաջարկ-լուծումները՝ կապուած նշեալ հարցին:

Գ. Ուսանողական վկայագիր, ամերիկեան օրինական համալսարան մը կամ գոլէճ մը ընդունուած ըլլալուն մասին, ուսումնական տուեալ հաստատութեան յստակ հասցէով:

Դ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցուցակը:

Ե. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):

Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2022, յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ել-նամակի դրութեամբ,
առ ի փոխանցում Հիմնադրամի յանձնախումբին:

HARUT BARSAMIAN ARMENIAN STUDENTS SCHOLARSHIP FUND
C/O WESTERN PRELACY
6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214
info@westernprelacy.org

Ծանօթ .– Յանձնախումբը նկատի պիտի չունենայ ոչ ամբողջական կամ ժամկէտէն ուշ հասնող թղթածրարները:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022