Ֆերահեան, Գապայեան եւ Փիլաւճեան Վարժարաններու Տարեկան Ձեռնարկ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Սան Ֆերնանտօ Հովիտին մէջ գործող Ազգային վարժարաններու երրեակին՝ Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Փետրուարի երեկոյեան, Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ կից գտնուող «Աւետիսեան» սրահին մէջ. ձեռնարկը որդեգրած էր «մեր սիրտերը միասին կը բաբախեն» նշանաբանը:

Երեկոն սկսաւ քայլերգներով, զորս կատարեց փոքրիկն Նորա Գիթապճեան: Հանդիսավարը՝ Տոքթ. Փօլ Նարկիզեան արտասանեց ողջոյնի խօսքը: Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, ապա, յաջորդաբար ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին վարժարաններու Ուսումնական Մարմինի ատենապետ Տիար Սերոբ Պէյլէրեան, Ֆերահեան Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեան, Մ. Գապայեան նախակրթարանի տնօրէն Տիար Ժան Գոսաքեան եւ Ա. Փիլաւճեան մանկամսուրի վարիչուհի Տիկին Վեհիկ Գաբրիէլեան: Ցուցադրուեցաւ վարժարանին մասին ժապաւէն մը:

Պաշտօնական յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ գնահատեց հանդիսավարը, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ հաւաքաբար խմբուած ենք այս սրահին մէջ, մասնակից ըլլալու վարժարանին ձեռնարկին, վերահաստատելու մեր անվերապահ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը՝ հայակերտումի այս օճախին, որուն ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրը այս տարի կը տօնէ իր 25րդ տարեդարձը: Ան ընդգծեց, որ այս կրթարանին երեք բաժիններուն սիրտերը կը բաբախեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, իբրեւ մէկ սիրտ: Ան նշեց, որ երբ մտած է վարժարանին շրջափակէն ներս, գոհունակութեամբ նկատած է, որ պատերուն վրայ արձանագրուած են գթասրտութեան, աշխատասիրութեան, նախանձախնդիր մօտեցումի, ազգասիրութեան, լաւագոյնին ձգտելու եւ նմանօրինակ պատգամներ, ու շեշտեց, որ եթէ կը հաւատանք, թէ մեր աշակերտները պէտք է անսան այդ պատգամներուն ու մարմնաւորեն զանոնք՝ պէտք է զանոնք դաստիարակենք իբրեւ քրիստոնեաներ եւ մաքուր նկարագիրի տէր անհատներ:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ այս վարժարանի հիմնադրութեան նպատակներուն, նշելով, որ աւելի քան 50 տարի առաջ երկրորդականէն սկսելով՝ ունեցանք նախակրթարանի եւ մանկամսուրի բաժինները, որոնք կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն եւ ունին նոյն նպատակը՝ հայ աշակերտին դաստիարակութիւնը: Ան օրհնեց վարժարանը մարմնաւորող ու անոր ծառայող բոլոր նուիրեալները, սկսելով հիմնադիր տնօրէն Տիար Գաբրիէլ Ինճէճիկեանէն, գնահատեց այժմու տնօրէններն ու վարիչուհին, որոնք լաւագոյն ձեւով արտայայտուած էին այս հանդիսութեան պահուն, ու իր խօսքը եզրափակեց այն մտածումով, որ պէտք է մանուկը դաստիարակել իր ճամբան սկսելու պահուն, որպէսզի երբ մեծնայ՝ չխոտորի ու վտանգներու չմատնուի: Ան հրաւիրեց բոլորը, որ լաւագոյնը տան մեր զաւակներուն, որոնք մեր աչքին լոյսն են ու արժանի գուրգուրանքի, նաեւ բաւարար չափով զօրակից ըլլալու այս ու մեր բոլոր վարժարաններուն: Վերջապէս, ան յանուն Ազգային Վարչութեան ու Խմնամակալ Մարմինին շնորհաւորեց վարժարանը եւ մաղթեց աշխոյժ երթ:

Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022