Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին եւ տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ազգ. Առաջնորդարանը անգամ մը եւս ողողուեցաւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ՝ ի տես Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաջին կարգի աշակերտներու այցելութեան։
Երկու խումբի բաժնուած 110 աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, Հայերէնի դասաւանդ ուսուցչուհիներուն, խումբ մը ծնողներու եւ մեծ ծնողներու, հիւրընկալուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին ներկայ էին Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։
Մանուկները նախ առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր հայրերուն հետ աղօթքի պահ մը ունեցան՝ միասնաբար արտասանելով Տէրունական աղօթքը։ Ապա, անոնք առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր ներկայացուցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ իրենց պատրաստած մանկաշունչ եւ տպաւորիչ յայտագիրը։
Աշակերտները յայտագիրը սկսան սրտաթռիչ խոստումով մը, որուն ընդմէջէն կ’արտայայտէին իրենց սէրը մայրենի լեզուին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ եւ կրօնքի նկատամամբ։ Անոնք յայտնեցին, որ արժանի զաւակներն են Մեսրոպ Մաշտոցին եւ արժանաւոր յաջորդները մեր հերոսներուն։ Իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները ներկայացնելով, անոնք մէջ ընդ մէջ դիպուկ մէջբերումներ կատարեցին Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան թեմաներու առնչուուղ մանրապատումներէն, յատկապէս շեշտելով, որ անոնք եկած էին շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը ուղղեց եւ առանձնաբար գնահատեց աշակերտներուն մատուցումն ու ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն աշխատանքը, նշելով, որ այս յայտագիրը իր Նոր Տարուան առաջին եւ ամէնէն թանկագին նուէրն է, իսկ իրենց ներկայութիւնը իր սիրտն ու հոգին նոր կեանքով եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Ան զանոնք նմանցուց հրեշտակներու, որոնք բոլորն ալ կը վայելեն Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պահպանութիւնը։ Այնուհետեւ, մաղթեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, երկինքի աստղերը լուսաւորեն յառաջիկայ տարուան իւրաքանչիւր օրը եւ հաւատք, յոյս ու սէր տարածեն բոլորի հոգիներէն եւ յարկերէն ներս՝ հեռու ամէն տեսակի վտանգներէ ու տագնապներէ։
Այս առիթով, աշակերտները յուշանուէրներ յանձնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին, մանուկներուն նուիրեց Յիսուսի Ս. Ծննդեան դրուագը ներկայացնող պատկերներ։