Արեւմտեան Մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 40րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց աւանդական համագումարը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։ Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց Առաջնորդ Սրբազանը. իբրեւ առաջնորդող մտածում՝ վեր առնելով Պետոս Առաքեալի Ա. Թուղթի Գ. գլուխի 8էն 12րդ համարները, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ ներողամիտ հոգի, խոնարհ սիրտ ունենալու եւ նուիրումով ծառայական կեանքի լծուելու անհրաժեշտութեան, ընդգծելով, որ պէտք է հասարակաց եզրեր գտնել եկեղեցւոյ յարկին ու հովանիին տակ գործող տարբեր միաւորներու աշխատանքներուն միջեւ, պատրաստակամ ըլլալ ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու։
Արարողութենէն ետք, համագումարին բացման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկայ հոգեւորականները ու անգամ մը եւս կանգ առաւ ժողովուրդի կարիքները միասնական ճիգերով հոգալու անհրաժեշտութեան առջեւ, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլանք դիմագրաւելու որեւէ դժուարութիւն կամ ժողովուրդի կարիք։
Տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւնը։ Ատենապետ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ. երէցեան։
Օրակարգի հաստատումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ժողովականներուն ներկայացուց ժողովին մասնակցող նախկին հոգեւոր հովիւներ՝ Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շիրիգեանն ու Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Թաշճեանը, ինչպէս նաեւ քահանայութեան թեկնածու բարեշնորհ Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանը, որ մօտերս քահանայ պիտի ձեռնադրուի։ Վերջինը հրաւիրուած էր դասախօսելու »Արուեստական բեղմնաւորում« նիւթին մասին. ան ներկայացուց գիտական ու բժշկագիտական կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ այլ կրօններու կեցուածքները՝ այս հարցին նկատմամբ։ Դասախօսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում ու հարց-պատասխան։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց երիտասարդ Սարկաւագին կատարած ներկայացումին, ապա նաեւ որոշ մտածումներ արտայայտեց մեր եկեղեցւոյ մօտեցումներուն մասին։
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները։ Ժողովը ծանօթացաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին ներկայացուելիք՝ Առաջնորդ Սրբազանին ու Կրօնական Ժողովի տեղեկագիրին, արձանագրուեցան կարգ մը յաւելումներ ու թելադրանքներ։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նախորդ համագումարներէն բխած այն առաջարկներն ու ծրագիրները, որոնք առնչութիւն ունին մեր Թեմի հոգեւոր կեանքի աշխուժացման ու զարգացման։ Բանաձեւուեցան Ազգ. երեսփոխանական Ժողովին տարուելիք առաջարկներն ու ծրագիրները, ապա նաեւ դասաւորումներ կատարուեցան Համբարձման, Հոգեգալստեան եւ Մայիս 28 տօներու առիթով արարողութիւններն ու Հանրապետական Մաղթանքին գծով։
Համագումարը արձանագրեց նաեւ Ապրիլ 24ի առիթով նախատեսուած արարողութիւններն ու յուշահանդէսները։ Անոնց կարգին էին Լոս Անճելըսի Board of Supervisorsի նիստը, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած նիստը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան ժողովն ու մեր համայնքներուն մէջ նախատեսուած յուշահանդէսներն ու ձեռնարկները։
Համագումարը ընտրեց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի հոգեւորական անդամները։
Համագումարը վերջ գտաւ ժամը 4։30ին, Առաջնորդ Սրբազանին եզրափակիչ խօսքով ու »Պահպանիչ«ով, »Աշակերտք Քրիստոսի« շարականով եւ »Կիլիկիա«ով։