Սրտի խոր բերկրանք, հոգիի անհուն խնդութիւն եւ մեծ պատիւ է 2016 թուականի Սեպտեմբեր 29-էն Հոկտեմբեր 4, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան մեր Թեմին մէջ ընդունիլ հայրապետական այցելութիւնը Հաւատքի Առաքեալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մանաւանդ որ այս նոյն տարին Հայրապետական Ս.
buy prednisone online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/prednisone.html no prescription
Կոնդակով, հաւատարիմ առաքելութեան սկզբունքներուն՝ արդարօրէն հռչակուած է «Ծառայութեան Տարի»: Այս անուանումը սոսկ պատահականութիւն մը չէ եւ չէր կրնար ըլլալ, մանաւանդ այնպիսի Մարդու մը համար, որ համակ կեանք մը ընծայաբերած է ժողովուրդին ծառայութեան անմահական ատրուշանի լուսապսակ պատուանդանին, դառնալով անխոնջ աշխատող, ներշնչումի անսպառ աղբիւր, որ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին 48-ամեայ իր ծառայութեան հոլովոյթով, կը մնայ կենարար աղբիւր եւ կենսատու ջուր Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան:
Հայոց պատմութեան կամ առ հասարակ համաշխարհային պատմութեան եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք, այնտեղ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր մեծութիւն, ղեկավար կամ առաջնորդ՝ արժանապէս իր ձեռքբերումները բացայայտող մակդիրով մը կոչուած է. այդ որակումը չէ պայմանաւորուած պատմաբանի կամ բանասէրի շահախնդիր քմահաճոյքով, այլ ժողովուրդն է որ իրաւամբ այդ որակումը շնորհած է ըստ արժանւոյն: Նոյն տրամաբանութեամբ, եթէ պահ մը խորհինք Կիլիկիոյ Աթոռին արժանընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհապետին մասին եւ զինք բնորոշող որակում մը փորձենք տալ, իսկոյն կ’անդրադառնանք որ մակդիր մը բաւարար պիտի չըլլայ իր գործունէութիւնը պարփակող:
Այս իմաստով, մեր յօդուածաշարքը կը սկսինք ներկայացնելով Նորին Սրբութեան կենսագրութիւնն ու ծովածաւալ գործունէութիւնը: Առաջին մասով կը ներկայացնենք անոր կեանքի վաղ շրջանն ու ուսանողական տարիները:
Ծնած է Պէյրութ, 8 Մարտ 1947ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Լիբանանի Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: 1961ին ընդունուած է Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, որուն դասընթացքը աւարտած է 1965ին, իսկ 1968ին՝ Ընծայարանի բաժինը: 1968 Մայիս 28-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ։ 1968-1978 թուականներուն կ’ուսանի յաջորդաբար Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Near East School of Theology), Ամերիկեան Համալսարանի (American University of Beirut), Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին (Ecumenical Institute at Bossey), Օքսֆորտի համալսարանի (Oxford University) արեւելագիտութեան բաժնին եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարանին (Fordham University) մէջ, կը ստանայ հետեւեալ վկայականները.- Պսակաւոր Արուեստից (B.A.), Մագիստրոս Աստուածաբանութեան (M.Div), Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան (S.T.M.) եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան (Ph.D.)։ Նոյն տարիներուն, դասախօսած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին, Պէյրութի Համալսարանին (BUC) եւ Ամերիկեան համալսարանին (AUB) մէջ:
1978ին, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ, իսկ 1980-ին Եպիսկոպոսական օծում կը ստանայ։ 28 Յունիս 1995-ին կ’ընտրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս եւ կ’օծուի Յուլիսին:
Մինչեւ օրս, իբրեւ ուսուցչապետ, մօտէն կը հսկէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի կրթական կեանքը, ուսուցանելով աստուածաբանութիւն, հովուական աստուածաբանութիւն եւ հայրաբանական գրականութիւն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ընդ միշտ եղած է մեր հայրապետներուն յատուկ ուշադրութեան կիզակէտը, նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ աւիւնով կը մնայ գիտութեան, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն՝ շնորհիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրական հովանիին եւ ցուցմունքներուն:
Նորին Սրբութիւնը ցայժմ քաջալեր կը հանդիսանայ եւ կրթական լաւագոյն կաճառներ կ’ուղարկէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը, որպէսզի դառնան ուսեալ եւ ժամանակին հետ քայլ պահող եկեղեցականներ, լաւագոյնս ծառայելու համար ազգին եւ եկեղեցիին:
Յաւերժ ուսանող է Վեհափառ Հայրապետը, ուսուցիչ-վարդապետի կոչումը ընդելուզուած է, ագուցուելով իր կեանքին եւ էութեան հետ: Կարելի է զինք կոչել մեր ժամանակներու մարդակերտման եւ հայակերտման ռահվիրաներէն մէկը, եւ այդ մէկը չի կայանար սոսկ մնալով խօսքի սահմաններուն մէջ, այլ կ’անդրանցնի՝ դառնալով վարք ու բարք, այլ բանիւ բնոյթ՝ նկարագիր:
Քրիստափոր Միքայէլեան