«Հաւատքի Առաքեալ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Այցելութեան Ընդառաջ – 2 – Մտաւորականն ու Հայ Դատի Ջահակիրը


Առաջին հայեացքէն, հաւանաբար ընթերցողին խոտոր թուի մտաւորական եւ հայ դատի ջահակիր հասկացութիւններուն մէջ զուգահեռներ գտնելը, սակայն այդպէս չէ: Մտաւորական եզրը, խորքային նշանակութեամբ, երկու իմաստ ունի, առաջին՝ քննական մտածելակերպի տէր եւ ստեղծագործ այն ակադեմականը, որ ժրաջան աշխատանքով նորարարութիւններ կը կատարէ իր մասնագիտութեան մէջ եւ ի յայտ կը բերէ գրական երկեր: Երկրորդ՝ ժողովուրդի կամ ազգի մը գաղափարական ազնուագոյն անձը, որ իր կեանքը ի սպաս կը դնէ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական կայացման եւ գոյատեւման ի խնդիր, դառնալով անոր իտէալն ու ղեկավարը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մտաւորականի հանգամանքի գագաթնակէտին հասած է այն ծառայութեան համար, որ մատուցած է հայ դպրութեան բագինին եւ հայ ազգին, եւ այդ նոյն առաքելութեան տեսլականով աճեցուցած եւ սնուցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան խաչակիր գունդը:

Կ’արժէ արագ ակնարկ մը նետել Նորին Սրբութեան բազմաբեղուն գրական-ուսումնասիրական վաստակին վրայ: Ուսանողական տարիներէն իսկ, Վեհափառ Հայրապետը աչքի ինկած է մտաւորականի իւրայատուկ խառնուածքով: Անդուլ ընթերցող, քննական մտածողութեան տէր եւ պրպտող ուսանողը իր գրական-ուսումնասիրական առաջին փորձերը կատարած է Դպրեվանքի »Գլաձոր« տարեգիրքին մէջ, հետագային հեղինակ դառնալով երեք տասնեակէ աւելի հատորներու եւ բազմահարիւր յօդուածներու: Ստորեւ կը ներկայացնենք առ այժմ լոյս տեսած հայերէն եւ օտարալեզու իր գիրքերուն ցանկը.

– Հայերէն.

1. Ս. Ներսէս Շնորհալի Աստուածաբան ու Էքիւմէնիստ, Պէյրութ, 1974.
2. Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ճշմարիտ Դիմագիծը, Անթիլիաս, 1979.
3. Վերականգնումի Կամքով, Պէյրութ, 1983.
4. Ժողովուրդին հետ, Պէյրութ, 1989.
5. Դէպի 1700-ամեակ Սուրբ Թադէի Ճամբով, Անթիլիաս, 1996.
6. Որդի Աստուծոյ, Որդի Մարդոյ, Անթիլիաս, 1999.
7. Ազգ, Եկեղեցի, Հայրենիք, Անթիլիաս, 1999.
8. Հաւատքի Առաքելութիւն, Անթիլիաս, 2003.
9. Տէր Զօր։ Համազգային Ուխտատեղի, Անթիլիաս, 2005.
10. Ծառայութեան Մեծութիւնը, Անթիլիաս, 2005.
11. Կեանքը Արժէքներով Իմաստաւորել, Անթիլիաս, 2009.
buy renova online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/renova.html no prescription

12. Նոր Հորիզոններու Դիմաց, Անթիլիաս, 2016 (մամուլի տակ)

– Անգլերէն.
1. The Witness of the Armenian Church in a Diaspora Situation, New York, 1978.
2. The Christian Witness at the Crossroads in the Middle East, Beirut, 1981.
3. Conciliar Fellowship: A Common Goal, Geneva, 1991.
4. Orthodox Perspectives on Mission, Oxford, 1992.
5. Towards an Ecumenical Ethic for a Sustainable Society in a Sustainable Creation, Geneva, 1994.
6. The Incarnation of the Gospel in Cultures: A Missionary Event, Beirut, 1995.
7. The Church and Ethnicity, Antelias, 1996.
8. The Challenge to be a Church in a Changing World, New York, 1997.
9. In search of Ecumenical Vision, Antelias, 2000.
10. The Armenian Church Beyond the 1700th Anniversary, Antelias, 2002.
11. For a Church Beyond its Walls, Antelias, 2006.
12. St. Nerses the Gracious and Church Unity, Antelias, 2009.
13. Dialogue with Youth, Montreal, 2009.
14. A Journey of Faith, Hope and Vision, Antelias, 2011.
15. Taking the Church to the People, Antelias, 2011.
16. Issues and Perspectives, Antelias, 2013.
17. The Armenian Church, Antelias, 2016 (մամուլի տակ).

– Ֆրանսերէն.

1. L՚eglise Face aux Grands Défis, Antelias, 2000.
2. Justice, Paix, Réconciliation, Antelias, 2003.
3. Pour un Monde Transformè, Antelias, 2006.

Պատմաբանասիրական, կրօնական, եկեղեցագիտական, միջ-եկեղեցական, խոհափիլիսոփայական եւ ազգային բովանդակութեամբ հատորներ՝ որոնք կը միտին նախ եւ առաջ մատղաշ հոգիներուն մէջ սերմանել ազգային ինքնաճանաչութիւն եւ ապա հայ եկեղեցին իր ամբողջական աւանդով ճանաչելի դարձնել այլոց: Ահաւասիկ այս է իսկական մտաւորականի ճարտար միտքի յղացքներուն դրսեւորումը:

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան անդուլ պահապանն է Վեհափառ Հայրապետը. մայրենիի ծով հարստութեան մէջ խորասուզուած՝ բծախնդրութեամբ կը վերաբերի անոր ճիշդ ու պատշաճ գործածութեան:

Հայ դատի ջահակիր որպէս՝ թէ՛ եկեղեցական եւ թէ՛ միջազգային հարթակներու վրայ եղած է փարոսն ու ռահվիրան ազգային պահանջատիրութեան եւ հայկական հարցի արդար լուծման եւ փոխհատուցման, պայքարած է յանդուգն կերպով, որպէս Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռին արժանի ժառանգորդ, մականը ձեռքին առաջնորդելով իր հօտը դէպի արդար պահանջատիրութեան ճանապարհ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման միջ-եկեղեցական արարողութիւններուն, գիտաժողովներուն, համագումարներուն եւ պետական մակարդակի հանդիպումներուն, եղած է ձայնը մեր ազգին, եւ արեան կանչը մեր Ս. Նահատակներուն, իսկ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածները Թուրքիայէն պահանջող դատի նախաձեռնութիւնը արդար հատուցում հետապնդող բազուկը մեր հաւաքական կամքին:

Արդարեւ, մտաւորականի եւ ազգային պահանջատիրութեան մարմնաւորումն է Վեհափառ Հայրապետը:

Քրիստափոր Միքայէլեան

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022