Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, «Արարատ» Տան «Էսկիճեան» թանգարանի տնօրէնութիւնը Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, հաստատութեան մատրան մէջ կազմակերպած էր այժմ Քանատա հաստատուած ծանօթ բժիշկ եւ ազգային գործիչ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն գիրքին՝ «Հայ Բժիշկներու, Ատամնաբուժներու եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորին ողջունահանդէսը։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ եզրափակիչ խօսքով, վեր առաւ հեղինակին բազմերես արժանիքները։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին հեղինակը, հիւրընկալ հաստատութեան ներկայացուցիչները եւ խումբ մը գրասէրներ։
Ողջունահանդէսը սկսաւ ժամը 7։30-ին. թանգարանի տնօրէնուհին՝ Տիկին Մակի Մանկասարեան-Կոշին յանուն հաստատութեան տնօրէնին, ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ հանդիպումին շարժառիթին ու յայտագիրին մասին։ «Անի» քառեակը ներկայացուց հայկական դասական երաժշտութենէն քանի մը գոհար։ Խօսք առաւ Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան, որ խօսեցաւ հատորին պատրաստութեան ընթացքին հեղինակին ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումին ու իր կարգին ապրած կրկնակի ոդիսականին մասին, առաջինը՝ երկարաշունչ պրպտումներու եւ առաւելագոյն թիւով նահատակներ ընդգրկելու ճիգին ճամբով, իսկ երկրորդը՝ հետեւանք այն ցաւին, որ ան զգացած է մեր ժողովուրդի մէկ ընտրանիին, մեծ մասամբ երիտասարդներու բնաջնջման, մասնակցութեամբ թուրք բժիշկներու։ Ան անդրադարձաւ նաեւ գիտական ու մշակոյթի աշխարհները մէկտեղելու հեղինակին արժանիքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշխատանքով Ցեղասպանութեան մէկ երեսին վրայ լոյս սփռելու անոր ճիգին համար։
Ամերիկահայ Բժիշկներու ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ Տոքթ. Վարդան Թաշճեան, որ հեղինակին հետ իր շուրջ կէս դարու ծանօթութեան վրայ հիմնուելով, ողջունեց անոր բժշկագիտական ու մտաւորական վաստակը, մաղթելով յարատեւութիւն։
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի »Շոահ« հիմնարկէն՝ Սեդա Անթեքէլեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրականը։ Այնուհետեւ, բժիշկ Կ. Հարպոյեան անձամբ ներկայացուց հատորը, որ ունի ներքին բաժիններ, յատկացուած՝ նահատակուած բժիշկներու, ատամնաբուժներու, դեղագործներու, նաեւ իւրաքանչիւր ասպարէզին մէջ վերապրողներու. հատորին մէջ տեղ ունին նաեւ Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ առաջ, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ծառայած հայ բժիշկները, որոնք ունեցած են ռահվիրայի դերակատարութիւն, իսկ կիզակէտ մըն է այն բաժինը, ուր արձանագրուած են իրենց պաշտօնակիցները ջարդած թուրք բժիշկներու անունները։ Այս բոլորը ներկայացուեցաւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։ Յաջորդեց հարց-պատասխանի պահ մը. հարցումի մը, թէ արդեօք գիտական, հոգեբանական կամ ինչպիսի՞ այլ բացատրութիւն կարելի է գտնել թուրք բժիշկներու ուխտադրուժ ոճիրներուն՝ հեղինակը պատասխանեց մէկ բառով. «Թուրք են…»
Երեկոյթին փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հեղինակը՝ որ Քանատայէն Լոս Անճելըս եկած է այս ձեռնարկին համար, գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր մարդասիրական ու ազգային ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ թանգարանի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութեան մասին։ Ան նկատեց, որ այս հատորով, հեղինակը լուսարձակի տակ կ’առնէ մարդոց առողջութեան ու կեանքի պահպանումին լծուած հայ բժիշկներուն հանդէպ թուրքերու անմարդկային վերաբերմունքը, որ հետեւանք է նախանձի ու ատելութեան, նշեց, որ շուրջ 10 օրէն պիտի տօնենք 100-ամեակը Հայաստանի Հանրապետութեան, որ ծնունդ առաւ Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք, պատմական դէպքեր՝ որոնցմէ բխած անժամանցելի պատգամները կը միանան ու իբրեւ արդար հատուցման պահանջ՝ կը մարմնաւորուին այս հատորին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց բժիշկին վաստակն ու անոր ընտանիքը, մաղթելով ծառայական կեանքի ու վաստակի հարստացում։
Հանդիսութեան աւարտէն ետք, թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։