Չորեքշաբթի, 7 Նոյեմբերի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, որ հիւրաբար մեր Թեմը կը գտնուի այս օրերուն։
Հիւր Սրբազան հայրը վերջերս, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ առժամաբար նշանակուած է Վենեզուելլայի հայոց Հոգեւոր Տեսուչ։ Ան անցեալին եւս, տարիներ շարունակ եղած է նոյն շրջանի հոգեւոր տեսուչը։
Հանդիպումին ներկայ եղաւ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերապատիւ Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։ Այցելութիւնը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ փոխանակելու երկու թեմական շրջաններու ազգային ու եկեղեցական կեանքերուն մասին, նաեւ խորհրդակցելու հայութիւնը յուզող անմիջական հարցերու մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց հիւր Սրբազանին, իր յառաջիկայ առաքելութեան մէջ։
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան շուրջ 50 տարիներու վաստակ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի կեանքին մէջ։ Ան շարականագէտ է, այս նիւթը տասնամեակներ շարունակ դասաւանդած է Դպրեվանքին մէջ։ Ծառայած է նաեւ Յունաստանի, Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանի եւ Վենեզուելլայի թեմական շրջաններուն մէջ։