ԲԱՐՁՐ. Տ. ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ

Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, որ իր 40րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ, 20 եւ Շաբաթ, 21 Ապրիլին, իր առաջին օրուան նիստերու աւարտին, հինգերորդ քառամեակի մը համար Առաջնորդ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը։

Ընտրութիւնը կատարուեցաւ միաձայնութեամբ։

Ժողովը քննարկելէ ետք Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովին ու Ազգ. Վարչութեան միամայ գործունէութիւնը, եւ այդ մասին »Յոյժ գնահատելի« բանաձեւ որդեգրեց։

Ընտրութեան նիստի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականաց դասուն ու ժողովականներու թափօրով ուղղուեցաւ »Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն« մատուռը, ուր աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու երեսփոխանական Ժողովին, վերընտրութեամբ արտայայտուած վստահութեան համար, եւ բոլորը հրաւիրեց գործակցական աշխատանքը համերաշխօրէն շարունակելու ուխտի վերանորոգման։

Իսկ Շաբաթ, 21 Ապրիլի նիստի աւարտին, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը նմանապէս միաձայնութեամբ ընտրեց Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերը։

 

Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները.-

Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան

Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան

Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան

Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան

Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան

Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան

Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան

 

Ազգային Վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները.-

Տիկին Ռիմա Պօղոսեան (վերընտրուած)

Տիար Ճորճ Չօրպաճեան (վերընտրուած)

Տիար Թորոս Քէչէճեան (վերընտրուած)

Տիար Վահան Պզտիկեան (վերընտրուած)

Տիար Սագօ Շիրիքեան (վերընտրուած)

Տիար Պիլ Սաաթճեան (վերընտրուած)

Տիկին Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան

Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան

Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան

Տոքթ. Միսաք Պարսամեան

Տոքթ. Տիգրան Պապիկեան

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022