Երեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճելըսի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Our Lady of the Angels» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ 37-րդ տարեկան Ս. Պատարագը, որ նուիրուած էր դատաւորներու, իրաւաբաններու, օրէնսդիրներու եւ այլ իրաւաբանական փորձագէտներու։ Այս Ս.
buy aciphex online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/aciphex.html no prescription
Պատարագը Հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին կը մատուցուի դատական տարուան բացման եւ մասնաւորապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Դատարանի գործունէութեան վերսկսելուն առթիւ։
Ս. Պատարագը մատուցանեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հոզէ Արք. Կոմէզ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան։