Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» Կոմիտէութեան 25-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան


Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2015ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէութեան (Պըրպէնք) հիմնադրութեան 25ամեակի յոբելենական հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ շրջանի De Luxe ճաշասրահին մէջ: Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան եւ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան:

Դրօշակի արարողութենէն եւ քայլերգներու ներկայացումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց բացման աղօթքն ու արտասանեց շնորհաւորանքի եւ բարեմաղթութեանց իր սրտի խօսքը: Ան գնահատանք արտայայտեց «Աղբալեան» կոմիտէութեան յանձնառու եւ օրինակելի գործունէութեան համար, որ յառաջ կը տարուի շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սիփան» մասնաճիւղին (որ կը նշէր իր 20ամեակը), ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղին հետ, միաժամանակ հովանաւորելով Հ.Ե.Դ.ի «Վարագ» ուխտն ու «Կայծակ» պատանեկան մասնաճիւղը: Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ յիշեց, որ երկու տարի առաջ, այս շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Պեշիր Մարտիրոսեան» կեդրոնին, իսկ Ապրիլին, «Մելքոնեան» մարզադաշտին, որոնք բարերար դերակատարութեան կոչուած են մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդի առողջ մթնոլորտի մէջ աճումին իմաստով: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Հ.Յ.Դ. 125ամեակին զուգադիպող այս յոբելեանը նոր մղում պիտի տայ ծառայական կեանքին եւ Դաշնակցութեան Քայլերգին բառերուն հետեւողութեամբ, «Դաշնակցութեան ճամբայ բացէք» բառերը իմաստ ու մարմնաւորում պիտի ստանան, երբ նորահաս սերունդները կը վերանորոգեն հիմնադիրներուն ուխտը, կը դաստիարակուին ազգային ոգիով ու հայրենասիրութեամբ, որոնք կը լուսաւորեն հայութեան եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան ուղին:

Գործադրուեցաւ պաշտօնական յայտագիր մը. արտասանուեցան խօսքեր, ցուցադրուեցաւ 25 տարիներու աշխատանքին մասին տեսաերիզ մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022